ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկուշաբթի օր ներկայ գտնուած է ոստիկանութեան ղեկավար կազմի ընդլայնուած նիստին, որու ընթացքին քննարկուած են ոստիկանութեան ծառայութիւններուն եւ տարածքային մարմիններուն 2017ի ինը ամիսներու ծառայողական գործունէութեան արդիւնքները:
Այս առթիւ նախագահը հանդէս եկած է ելոյթով մը, որուն մէջ անդրադառնալով Ճանապարհային ոստիկանութեան աշխատանքին՝ նշած է, թէ «վարորդների համար ակնյայտ է, որ վերջին տարիներին բարելաւուել են քաղաքացիների հետ ճանապարհային ոստիկանների շփումները: Նաեւ՝ պէտք է ճանաչենք, որ նուազագոյնի են հասել չարաշահման դրսեւորումները»:
Բայց եւ այնպէս, նախագահը հաստատած է, որ տակաւին կա՛ն «օրինազանց եւ կոռումպացուած ոստիկաններ, որոնք չարիք են ամբողջ ոստիկանական համակարգին համար»:
Ձերբազատուելու համար այս յամեցող չարիքէն, նախագահը կը յանձնարարէ՝ «գտնել համակարգային այնպիսի լուծումներ, որոնց շնորհիւ իրապէ՛ս կը փոխուի ոստիկանութեան ողջ համակարգը…
Կարեւոր է, որպէսզի միջին օղակի սպաները, շարքային ոստիկանները տեսնեն ոստիկանութեան ղեկավար կազմի անզիջում պայքարը՝ տարբեր երեւոյթների դէմ: Համոզուած եղէք, եթէ նրանք տեսնեն, ապա տասն անգամ կը մտածեն, նոր՝ ինչ-որ բան կ՛անեն: Եւ ընդհանրապէս, միայն այդ ձեւով կարելի է հասնել համակարգում լուրջ խնդիրների լուծմանը: Այլ ճանապարհ չկա՛յ…»։
Փտածութիւնը ընդհանրապէս եւ կաշառակերութիւնը՝ մասնաւորապէս, ոստիկանութեան համակարգով չէ՛ սահմանափակուած անշուշտ, եւ կարելի չէ պետական համակարգէն անջատ՝ ոստիկանութեան գործունէութենէն դուրս մղել այդ յոռի երեւոյթը:
Լուծումը՝ ամբողջ պետական համակարգը կարգաւորելու եւ փտածութիւնն ու կաշառակերութիւնը վերացնելու ճամբան՝ նախագահի՛ն իսկ ուղենշած բանաձեւն է. ղեկավարութիւնը պէտք է ի՛ր իսկ օրինակով ցոյց տայ, որ կաշառակեր չէ՛, եւ աւելին՝ որ վճռականօրէ՛ն տրամադրուած է անհանդուրժողութիւն ցոյց տալու իր ենթականերուն կողմէ կատարուած յանցաւոր գործարքներուն հանդէպ:
Ղեկավարութիւնը մեր իշխանական համակարգին մէջ խորհրդանշուած է նախագահի անձով, հետեւաբար՝ հասարակութիւնը պիտի ակնկալէ այդ վճռականութիւնը տեսնել նախագահի անձին մէջ, որ օրինակ ծառայէ բոլոր մակարդակներու պաշտօնեաներուն: