ՍԻԼՎԱ ՉՈՊԱՆԵԱՆ
Բոլորս լաւ գիտենք, թէ արիւնը մարմինը կենդանի պահելու կարեւոր միջոցներէն մէկն է: Մեր կեանքի առաջին իսկ վայրկեանէն անհրաժեշտ է: Անձ մը քննութիւններու կ’ենթարկուի հաստատելու համար, թէ ո՞ր խումբին կը պատկանի անոր արեան տեսակը:
Պէտք է արեան ճնշումը եւ սրտի զարկերը իրարու հետ համապատասխան ըլլան: Ինչպէս նաեւ՝ կարմիր եւ ճերմակ գնդիկները, որոնցմէ կը կազմուի արիւնը, բաւարար ըլլան առողջ օրկանիզմի մը համար:
Իսկ երբ առողջապահական հարցեր կան եւ մեր մարմնային մեքենան ճիշդ չ՚աշխատիր, բժիշկներու, դեղերու եւ կենսանիւթերու (vitamin) օգնութեամբ՝ կարելի կ’ըլլայ մեր առողջական հաւասարակշռութիւնը ապահովել:
Դժբախտաբար, սակայն, բոլորին համար նոյնը չէ: Ոմանք տկար երիկամունքներ ունին, ուրիշներ վնասուած լեարդ ունին, կան այլ խնդիրներ: Արկածներ անցնողներ կամ գործողութեան ենթարկուողներ յաճախ արեան պէտք կ’ունենան:
Ես ալ իմ կարգին, 8 տարի առաջ, շատ լուրջ վիրահատութեան մը ենթարկուեցայ: Իմ պարագաս դժուար էր: Նախ արեանս հեմատոքրիտի (αιματοκρίτης) չափերը շատ ցած էին եւ գործողութեան նախօրեակին մեծ քանակութեամբ դեղեր գործածեցի՝ արեանս երկաթը բարձրացնելու նպատակով, սակայն դժբախտաբար օգուտ չտեսայ:
Բժիշկը առաջին վայրկեանէն երկու շիշ արիւն ուզած էր: Առաջինը զաւակս տուաւ, իսկ երկրորդը՝ Հայ Կապոյտ Խաչը: Բայց երեւակայեցէք, թէ ինչքա՜ն նեղ կացութեան մատնուեցայ, երբ պատրաստ վիճակով, գործողութեան սենեակի մուտքին, ամէն ինչ յանկարծ սառեցաւ շուրջս, երբ ի յայտ եկաւ, թէ վերջին քննութեան մէջ հեմատոքրիտը շատ տկար էր:
Բժիշկը անտարբեր ձեւով ըսաւ՝ «այս պահուն անհրաժեշտ է շիշ մը արիւն եւս ապահովել, եթէ ոչ գործողութեան չես մտներ»:
Խորհրդակցելու համար ամուսինիս կանչեցին դուրսի սրահէն: Վերջին վայրկեանին ուրկէ՞ արիւն ապահովել: Տիգրանը ամչնալով Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան այդ նստաշրջանի «արեան պատասխանատու» ընկերուհի Սեդա Փափազեանին հեռաձայնեց: Տիգրանին դիմումը եւ խաչուհիին դրական պատասխանը երկվայրկեանի հարց էր:
Արիւնը ապահովուեցաւ եւ վիրահատութիւնը կատարուեցաւ կանոնաւոր ձեւով:
Հիւանդանոցէն մեկնեցայ՝ փառք տալով Հայ Կապոյտ Խաչի ունեցած արեան պաշարին ու պահեստին եւ անշուշտ բոլոր այն կամաւոր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց տրամադրած արիւնով զիս փրկեցին:
Այո՛, կը հասկնամ ձեր մտահոգութիւնը: Ես ալ, ինչպէս շատեր, ի վիճակի չեմ արիւն տալու: Բայց գոնէ եթէ ամէն մէկս յաջողինք ապահովել ուրիշ անձի մը կամաւոր արիւնատուութիւնը, ան ալ բոլորիս համար օգուտ մըն է:
Տա՛յ Աստուած, որ Կապոյտ Խաչի արեան պաշարը անսպառ մնայ ընդմիշտ: