ԵՓՐԵՄ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Կրէտէի Իրաքլիոն քաղաքի քաղաքացի եւ յոյն հպատակ՝ հօրս կողմէ, 29 Նոյեմբեր 1948ին ներկայացայ Իրաքլիոնի զօրանոցը, զինուորական պարտաւորութիւնս սպասարկելու համար — դասակարգ 1947։
Այդ ատեն տակաւին հայ քաղաքի մը յոյն հպատակը՝ Օննիկ Աւետիսեան նոյն ժամանակ ներկայացաւ Իրաքլիոնի զօրանոցը։
Պատահաբար այդ օրերուն ուրիշ հայ հայրենակից մը Աթէնքէն՝ Գրիգոր Գիրազեան իր զինուորութիւնը կը ծառայէր Իրաքլիոնի մէջ։
Ես դեռ քաղաքացի էի, երբ Գրիգորին ծանօթացայ։ Շատ սիրելի բարեկամութիւն ունեցանք եւ յաճախ ուրիշ հայրենակիցի մը՝ Յակոբ Գազանճեանի հետ միասին սիրուն օրեր անցուցինք։
Զինուորութեանս մասին
Դասակը, ուր կը ծառայէի, կը բաղկանար 100 զինուորներէ։ Անմիջապէս ենթարկուեցայ բժիշկի քննութեան, պատուաստի, զինուորական հագուստ եւ զէնք ստացայ, եւ պարտաւորուեցայ գոց սորվելու զինուորական երդումը եւ աղօթքը։
Ես սորվեցայ միայն աղօթքը։
Անմիջապէս ռազմափորձ։ Առաւօտ մարզանք՝ զէնքերու վրայ եւ գիշերը պատերազմի փորձ. գիշեր-ցերեկ հանգիստ չկար։ Ամբողջ Յունաստան, քաղաքացիական ըմբոստութեան պատճառով, կրակի մէջ էր…։
Չորս ամիս մարզանքէ ետք, սահման յառաջանալու պատրաստ էինք։ Արագաձիգ (ձեռնառումբ) ականատեսութեան ամէն օր փորձ։
Մեր կէսօրուան ճաշը պարզ էր. սառած միս, շատ ընդեղէն եւ միայն զօրքը սպիտակ հաց կը ճաշակէր։ Շուկայի փուռերը միայն սեւ ալիւր ունէին։ Գիշերը յոգնած՝ լողարան կը մտնէինք մաքրութեան համար եւ վերջը՝ աղօթք ու քուն։
Գիշեր մը քսանապետը՝ հայ ըլլալուս պատճառով՝ փորձի համար հրամայեց.- Գասպարեան, աղօթքը ըսէ։ Ըսի՝ շատ լաւ։ Յետոյ դիմացկունութեան քննութեան համար կատարեցի, լրիւ զինաւորումով, բաւական ծանր տոպրակ մը շալկած՝ արշաւանքի քայլարշաւ մը, 20 քլմ. երկարութեամբ, առանց դադարի։
Դիմացայ։
25 Մարտ 1949
Զինուորական տողանցք եւ յաջորդ օրերը պատրաստութիւն՝ դէպի պատերազմի ճակատը… Բոլորիս հաղորդեցին, որ կը պատկանինք թիւ 581 վաշտին՝ հետիոտն ունենալով Իփիրոս շրջանը։
1 Ապրիլ 1949
Կրէտէ։ Քաղաքէն նաւով ճամբորդեցինք դէպի «նեղուց Կորինթոս», Փրեվեզա, Եաննէնա եւ յետոյ մինչեւ ուղղակի սահմանը։
Զինուորական բեռնակառքները մեզ լքեցին լեռի մը ստորոտը եւ մենք յառաջացանք դէպի Սարանտաբորօ գետը։
Մեր հարիւրապետը՝ Ծանիս Բանաեոթիս հրամայեց գետը անցնինք արագօրէն, վայրը վտանգաւոր էր թշնամիէն, եւ մենք՝ կամուրջ չըլլալով, գետին մէջէն անցանք ուժեղ հոսանքը, թրջուած՝ մինչեւ մէջք եւ ձեռքերնիս բարձր զէնքերով, որպէսզի անոնք չթրջուին։ Հասանք դիմացի ափը ջուր կտրած եւ անմիջապէս դիմացի լեռէն թիրախ դարձանք թշնամիի հրետանիին…։
Պաշտպանութիւն գտանք ապաստարանի մը մէջ։ Յանկարծ ռումբ մը նետուեցաւ ապաստարանին վրայ։ Խուճապ, տագնապ, զինուոր մը վիրաւոր. անհրաժեշտ է անձնական պատան, ինք չունի, իմ անձնականս կուտամ…։
Մեր հարիւրապետը հրամայեց, որ շուտով անտառը պատսպարուինք ծառերուն տակ։
Ես գրած եմ նոթատետրիս մէջ՝ այդ միջադէպին մասին։
Նոյն գիշերը քալելով հասանք Սուրբ Վարվարա անբնակ գիւղին բարձունքը եւ յոգնած՝ չորս ժամ պահակ կեցայ։ Գիշերը բան չես տեսներ, միայն կը լսես… ամէն աղմուկ վտանգաւոր է… վրաններու մէջ ոտնոցով կը պառկինք՝ զէնքը միշտ մեր քով։
Բաւական հեռու, դիմացի հսկայ բարձրունքի ամրոցը՝ Բիրղոս Սդրացանիս կը դիմանայ…։ Գիշեր¬ցերեկ ռմբակոծում՝ սաւառնակներէն, ցամաքէն ալ յարձակումներ…։
Ամրոցը կը դիմանայ եւ մենք տագնապի մէջ ենք։ Ճակատամարտը մեզ կը մօտենայ… գիշեր մը հարիւրապետէն հրահանգ առինք՝ անմիջապէս օգնութեան հասնելու եւ յարձակելու բարձրունքին ուղղութեամբ։
Ամբողջ գիշեր յոտնկայս՝ առանց աղմուկի, որպէսզի թշնամին լուր չառնէ։ Կանուխ առտու հասանք Բիրղոսի ստորոտը եւ անմիջապէս պաշտպանութեան գօտի կազմելով պատրաստ՝ բոլորս ահազանգի մէջ։
Յանկարծակի հրոսականները գիշերը ուշ հակայարձակում մը ըրին։ Ամէն տեսակի զէնքերով։ Աղմուկ, զէնքերուն պայթիւններէն (գիշերը առտու եղաւ)։ Ըմբոստները յունարէնով պետութեան ընդդէմ քարոզչութեան լօզունգ կը պոռան։
Ես կը պայքարիմ՝ հետը աղօթելով… Փառք ի բարձունս Աստուծոյ։ Յանկարծ հանդարտութիւն։ Թշնամին նահանջած է, մեր դասակը կորուստ չունի։
Մագլցում՝ դէպի Բիրղոսի գագաթը. թշնամին դեռ կը պաշտպանուի… հրասանդ դարձած է — շատ վտանգաւոր զէնք։ Ամէն տեղ փշաթել, ականներ, դիակներ… գիշեր ատեն գագաթը հասանք։ Թշնամին հեռացած է։
Ամէն տեղ ըմբոստները շատ լաւ ամրացուցած են այս ծառաստան «արիւնոտ բերդը»։
Շաբաթ մը յետոյ ուրիշ լերան վրայ՝ վրանաբնակ։ Ամէն գիշեր պահակաշրջում, ներխուժում՝ թշնամի սահմանէ ներս, խափանելու համար։
Գիշերը ըմբոստներու ականադաշտի մէջ ինկանք… նահանջեցինք անկարգ… ունեցանք պզտիկ կորուստ։ Հարիւրապետը առաջին անգամ մեզի արտօնեց պահակութենէ ազատում եւ հանգստացանք։
Առաջին անգամ քնացայ առանց մոյկի։
Սարանտաբորօ գետին մօտ մեր նոր բանակումը։
Ամբողջ գիշեր փրփրուկը (պաքալիարօ ձուկը) պարկի մէջ աղաթափեցինք գետի ջուրի հոսանքով. անլի ճաշեցինք՝ ախորժակով։
25 Ապրիլ 1949
Զատիկ։ Ո՛չ եկեղեցի, ոչ ալ Յիսուսի փառաւոր Յարութիւնը կը լսենք։
Շարականններու տեղ պատերազմի աղմուկ։
Աստուած օգնական։
Կէսօրուան՝ Զատիկի ճաշ։ Գառնուկ՝ մեր խրամին մէջ։ Շատ աղուոր էր։
Վերջին միջադէպը Յունիս 1949
Զօրաբաժնի պետը ժամանեց, քննութեան ենթարկեց մեր դասակը։ Լուրերը յոռետես են։ Հարիւրապետը կը տեղեկացնէ, որ գիշերային գնացքով՝ դէպի Բաթոմա Կրամոսի լեռը պիտի յառաջանանք։ Ուշ ատեն առանց յապաղումի հասանք Բաթոմա։ Ամիսէ մը ի վեր կռիւ՝ անդադար, կորուստ՝ բաւական…
Կը յիշեմ ջորիներու վրան կապուած մեռեալներ կը փոխադրէինք Իռովեցա։
Կանուխ առտու սկսանք լեռը բարձրանալ։ Ես կը փոխադրէի շրջանակներ դեղին գոյնով, օդանաւերու համար նշան փռելով, որպէսզի բարեկամական օդանաւերը մեզի սխալ չռմբակոծեն։
1 Յունիս 1949
Կը յառաջանամ ուրիշ զինուորի հետ՝ դէպի լերան կատարի ծառաստանը։
Թշնամին՝ լաւ ամրացած՝ մեր վրայ կը կրակէ։
Կը վիրաւորուիմ։ Քովի զինուորէս օգնութիւն կ՚ուզեմ։ Շտապ օգնութիւն կը հասնի։ Պատգարակի վրայ պառկած՝ կը փոխադրուիմ լեռնային վիրաբուժարան։ Յետոյ, արկածային գնացքով, հասանք Քոնիցա զինուորական հիւանդանոց։ Հոն օր մը մնալէ յետոյ փոխադրուեցայ Եանենա հիւանդանոց եւ շաբաթ մը ետք, օդանաւով, եկանք Աթէնք՝ 423 զինուորական հիւանդանոց*։
31 Հոկտեմբեր 1949
Ստացայ ելքի թուղթ եւ մեկնեցայ, գրեթէ բուժուած, այդ հիւանդանոցէն։
Կը յիշեմ հիւանդանոցէն գեղեցիկ ծովային ճամբորդութիւն մը՝ դէպի Փորոս կղզին, զուարճութեան համար։
Ժողովուրդը խանդավառութեամբ հիւրընկալեց մեզ։
Այդքան տարի ետք երախտագիտութեամբ կը յիշեմ այն մարդասիրական դէմքերը, որոնք եկան եւ ինձ այցելեցին հիւանդանոցը։ Հայրս եկաւ՝ օդանաւով։ Իմ բարեկամիս՝ զինուոր Օննիկ Աւետիսեանի միջոցաւ, Յովհաննէսեան Վարօ ընտանիքը (գաղթեց Ամերիկա), Աւետիսեան Միհրան, Գազանճեան Յակոբ, տ. Թելալեան եւ զարմուհիներս՝ Սուզան եւ Սոնիան եւ օր. Մարգիտուն։
Հոս մասամբ կ՚աւարտի իմ զինուորական ճանապարհորդութիւնս։
Յ. Գր.
27-28 Հոկտեմբեր 2007
Հ. Կ. Խաչի կողմէ դէպի Եանենա պտոյտի մը առիթով՝ այցելեցի Քոնիցա զինուորական բուժարանը։ Շատ դժուար գտայ։ Տեղացիները ոչ իսկ կը յիշեն։ Ամառնային մանկանոց էր…
Ժամանակը կը փոխէ ամէն բան…
* Լուսանկարը ցոյց կու տայ այն վարժարանը, որ այդ ատեն փոփոխութեան ենթարկուելով հիւանդանոցի վերածուեցաւ (Փսիխիքօ)։