«ԱԶԴԱԿ»

Ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նը կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւի ինք­նա­վար կար­գա­վի­ճա­կը բարձ­րաց­նե­լու ան­կախ պե­տու­թեան: Ընդ­հան­րա­պէս ո­րե­ւէ զօ­րակ­ցա­կան բա­ցա­յայտ պաշ­տօ­նա­կան կե­ցո­ւածք չէ ե­րեւ­ցած ո­րե­ւէ պե­տու­թեան կող­մէ: ­Տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ նոր ի­րա­վի­ճակ չստեղ­ծե­լու, վե­րա­պա­հու­թեան եւ ըն­թա­ցա­կար­գը չքա­ջա­լե­րող յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ են ընդ­հան­րա­պէս գեր-տէ­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ: Ա­ռա­ւե­լա­գոյն պա­րա­գա­յին լուռ, զուսպ մնա­ցող­ներ, ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն ձեռն­պահ մնա­լով հա­մա­ձայ­նու­թիւն յայտ­նե­լու մօ­տե­ցում­նե­րը մատ­նե­լով:
­Յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը սա­կայն կրնան ի­րո­ղա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րու հետ կապ չու­նե­նալ: Ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նը ո՛չ միայն ներ­քին, այլ նաեւ ար­տա­քին ուղ­ղու­թիւն­նե­րով իբ­րեւ ան­կախ պե­տա­կան միա­ւոր կը շար­ժէր թէ՛ Ա­րեւ­մուտ­քի հետ եւ թէ՛ տա­րա­ծաշր­ջա­նի այլ պե­տու­թիւն­նե­րու հետ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կա­պեր հաս­տա­տե­լով եւ օ­րին­չա­փօ­րէն ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րե­լով:
­Զի­նեալ ու­ժե­րով եւ ոս­տի­կա­նու­թեամբ կամ հա­մա­պա­տաս­խան գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րով ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նը պե­տա­կան միա­ւո­րի բո­լոր գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէր ար­դէն եւ ի­րո­ղա­պէս ան­կախ կար­գա­վի­ճա­կի բո­լոր ստո­րո­գե­լի­նե­րը ա­պա­հո­ված էր:
­Զի­նեալ ու­ժե­րը ո՛չ միայն կը պաշտ­պա­նէին ի­րենց տա­րած­քին սահ­ման­նե­րը, այլ նաեւ հիմ­նա­րար մաս­նակ­ցու­թիւն կ­՛ու­նե­նա­յին շրջա­նին սպառ­նա­ցող ՏԱՀԵ­Շի չէ­զո­քաց­ման պա­տե­րազ­մին:
Ա­հա այս­տեղ է փաս­տօ­րէն կամ յատ­կա­պէս ­Մու­սու­լի ա­զա­տագ­րու­թեան ռազ­մա­կան գոր­ծըն­թա­ցին ա­ռըն­թեր, որ ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նը ինք­նա­վա­րու­թե­նէն ան­կա­խու­թիւն ան­ցու­մի մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­չա­փու­թեամբ քայլ առ­նե­լու կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւի: ­Ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը այս կէ­տին վրայ հիմ­նո­վին փոխ-կա­պակ­ցո­ւած են:
Քր­տա­կան գոր­ծօ­նը լուրջ եւ ազ­դե­ցիկ կռո­ւան է ՏԱՀԵ­Շի դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մին: Այս գոր­ծօ­նի խա­ղաթղ­թա­յին եւ ճնշա­մի­ջո­ցա­յին կար­գա­վի­ճակն է, որ կը բարձ­րա­ցո­ւի: ­Միա­ժա­մա­նակ պէտք է այն­պէս մտա­ծել, որ ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէ չի նշա­նա­կեր ան­կա­խու­թեան ճա­նա­չում կամ ­Քիւր­տիս­տա­նի ի­րա­ւա­կան ըն­կա­լում մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին կող­մէ:
Այս­տեղ կը սկսի եր­կա­րա­տեւ այլ գոր­ծըն­թաց: Ի­րո­ղա­պէս ո­չինչ կը փո­խո­ւի ինք­նա­վար ­Քիւր­տիս­տա­նով կա­ռա­վա­րո­ւող ի­րա­վի­ճա­կէն, երբ հան­րա­քո­ւէով ի­րա­քեան քիւր­տե­րը կ­՛ինք­նո­րո­շո­ւին: ­Թէ՛ ներ­քին եւ թէ՛ ար­տա­քին ուղ­ղու­թիւն­նե­րով նոյն գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց վե­րա­պա­հո­ւած գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը:
­Կը փո­խո­ւի շա­հարկ­ման մօ­տե­ցում­նե­րուն տա­րո­ղու­թիւ­նը: Ա­մէ­նէն շատ մտա­հոգ եր­կիր­նե­րը այս կամ այն գեր-տէ­րու­թեան մօտ աշ­խա­տանք պի­տի տա­նին, քա­ղա­քա­կան ու­ղերձ­ներ յղեն, որ չճանչ­նան ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ շա­րու­նա­կեն ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Ի­րա­քի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան մէջ գոր­ծող ինք­նա­վար ­Քիւր­տիս­տա­նի հետ:
Չ­ճանչ­նա­լու գի­նը սուղ պի­տի գան­ձեն պե­տու­թիւն­նե­րը, իսկ ճա­նա­չու­մը իբ­րեւ շան­թաժ պի­տի շա­րու­նա­կէ դա­մոկ­լեան սու­րի նման ճօ­ճո­ւիլ այս կամ այն տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին պե­տու­թեան գլխուն. նախ եւ ա­ռաջ` ­Թուր­քիոյ:
Իսկ այս պա­րա­գա­յին տար­բեր են պե­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­պա­հու­թեան, դի­մադ­րու­թեան կամ ան­հանգստու­թեան տա­րո­ղու­թիւն­նե­րը:
­Դա­մաս­կո­սի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը զգոյշ են ու վե­րա­պահ, ո­րով­հե­տեւ գրե­թէ միեւ­նոյն կար­գա­վի­ճա­կի խնդի­րը կը դի­մագ­րա­ւեն հիւ­սի­սա­յին ­Սու­րիոյ մէջ ա­ռայժմ ի­րո­ղա­պէս, ոչ-պաշ­տօ­նա­կան ինք­նա­վար կար­գե­րով կա­ռա­վա­րո­ւող սու­րիա­կան ­Քիւր­տիս­տա­նի ա­ռու­մով: ­Թեհ­րա­նը խան­դա­վառ ըլ­լա­լու պատ­ճառ­ներ չու­նի` նկա­տի ու­նե­նա­լով Ի­րա­նի տա­րած­քին ապ­րող քիւր­տե­րու քա­ղա­քա­կան գոր­ծօ­նի վե­րա­ծո­ւե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը:
Ա­մէ­նէն ան­հան­գիստն ու վրդո­վա­ծը յայտ­նա­բար Ան­գա­րան է, որ ինք­նա­վար ­Քիւր­տիս­տա­նի ղե­կա­վար­նե­րուն հետ տնտե­սա­կան խոր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տած էր, եւ ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նը կը նկա­տէր տնտե­սա­կան գոր­ծօն` կի­րար­կե­լով ներ­քին քիւր­տե­րը ճնշե­լու եւ Ի­րա­քի քիւր­տե­րուն հետ տնտե­սա­կան գոր­ծարք­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:
­Հի­մա տո­ւեալ­նե­րը կը փո­խո­ւին եւ սպառ­նա­լի­քի ու­րո­ւա­գիծ­նե­րը զգա­լի կը դառ­նան Ան­գա­րա­յի հա­մար: Ի վեր­ջոյ ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նը քիւր­տե­րու քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րան­քին հա­մար ստեղ­ծո­ւե­լիք ­Քիւր­տիս­տա­նի ա­ռա­ջին քայլն է: Իսկ ­Քիւր­տիս­տա­նը ինք­նին ­Թուր­քիոյ մաս­նա­տումն է, ո­րուն հա­մար բա­ցա­յայտ ա­հա­զան­գում­ներ կա­տա­րած էր Ան­գա­րան իր ա­ռա­ջին դէմ­քով, ա­մէն ա­ռի­թի: Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հար­թու­թեան վրայ քիւր­տե­րուն տրո­ւած դե­րը շա­հար­կու­մի հզօր գոր­ծօն է. մէկ կող­մէ ՏԱՀԵ­Շի յա­ռա­ջըն­թաց­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կե­լու, միւս կող­մէ խա­ղաթղ­թա­յին ճնշա­մի­ջո­ցով կար­միր քար­տեր ցոյց տա­լու այս կամ այն պե­տու­թեան, նախ եւ ա­ռաջ՝ ­Թուր­քիոյ:
­Շա­հարկ­ման այս խա­ղա­թուղ­թին է, որ նոր աս­տի­ճա­նա­չափ կը տրո­ւի: Այ­լա­պէս ինք­նա­վա­րու­թե­նէ ան­կա­խա­ցում ան­ցու­մը հան­րա­քո­ւէով չ­՛ի­րա­կա­նա­նար: ­Հի­մա կը սկսի շան­թա­ժի նոր փուլ. ան­կախ կար­գա­վի­ճա­կը ճանչ­նա­լու-չճանչ­նա­լու շա­հարկ­ման եր­կա­րա­տեւ փու­լը: