Շաբաթ 20 Յունուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Գարէայի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» մատուռին մէջ, հովանաւորութեամբ Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեանի, սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ, Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով:
Պատարագեց եւ Առաջնորդ սրբազան հօր Ս. Ծննդեան պատգամը ընթերցեց, շրջանիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան:
Ս. Խորանին սպասարկեց պատանի դպիր Ֆիլիպոս Պրունծոս-Երանոսեան: Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ դպրապետութեամբ բրշ. Պետրոս սրկ. Պարսամեանի:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան, Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ տօքթ. Ստեփան Փափազեան, Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Լիզա Աւագեան, շրջանիս մէջ գործող միւթիւններու եւ կարոյցներու ներկայացուցիչներ եւ գոհացուցիչ թիւով հայրենակիցներ:
Յաջորդեց գաթայի կտրում եւ բաշխում՝ Գարէայի Հ.Կ.Խաչի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան գործակցութեամբ: Տէր հօր օրհնութեան աղօթքէն ետք հրաուիրուեցաւ շրջանիս երեց ծխական եւ խաչուհի տիկ. Իսկուհի Գազանճեան կտրելու համար զայն, իսկ օրուան բախտաւորն էր տիկ. Մարօ Սիմոնեան:
Յ. Գ.
Արժանի է յիշատակել եւ գնահատել, Թաղային Խորհուրդի եւ շրջանիս մէջ գործող Միութիւններու անդամներէ, ինչպէս նաեւ շրջանիս կամաւոր երիտասարդներէ բաղկացած երգեցիկ երեք խումբեր, Ուրբաթ՝ 5 Յունուար 2024-ի Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի գիշերը, այցելեցին Գարէա-Կեսարեանիի ծուխին պատկանող մեր հաւատացեալ հայրենակիցներուն բնակարանները եւ «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ, աւետեցին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը:
Վարձքը կատար բոլորին:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ