­­Շա­բաթ, 22 Ապ­րիլ 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, ­­Գա­րէա­յի «Ս. ­­Սա­հակ եւ Ս. ­­Մես­րոպ» մա­տու­ռին մէջ, ­­Սուրբ եւ Ան­մահ ­­Պա­տա­րագ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց, ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ՝ գերշ. Տ. ­­Գե­ղամ Ս. Արք. ­­Խա­չե­րեան: ­­Պա­տա­րա­գեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­­Նա­րեկ քհնյ. ­­Շա­հի­նեան:
­­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ­­Գա­րէա­յէն, ­­Նէոս ­­Գոզ­մոս(­­Ֆիքս)էն եւ ­­Գո­քի­նիա­յէն դպրաց դա­սի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներ, դպրա­պե­տու­թեամբ՝ բրշ. ­­Պետ­րոս սրկ. ­­Պար­սա­մեա­նի:
Ս. ­­Խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին, բրշ. ­­Լե­ւոն սրկ. Ու­նա­նեան եւ պա­տա­նի դպիր­ներ Գ­րի­գոր Ու­նա­նեան (որ ըն­թեր­ցեց օ­րո­ւան ­­Ճա­շու ­­Գիր­քը) եւ ­­Ֆի­լի­փոս Պ­րու­ծոս-Ե­րա­նո­սեան (որ եր­գեց օ­րո­ւան սաղ­մոս­նե­րը):
­­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ ե­ղան, յու­նա­հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան փոխ ա­տե­նա­պետ տոքթ. Ս­տե­փան ­­Փա­փա­զեան, ­­Գա­րէա-­­Կե­սա­րեա­նիի եւ ­­Ֆիք­սի ­­Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու եւ ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներ, շրջա­նիս մէջ գոր­ծող ազ­գա­յին միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ գո­հա­ցու­ցիչ թի­ւով շրջա­նիս հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ներ:
­­Յա­ջոր­դեց ­­Զատ­կա­կան ա­ւան­դա­կան հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

ԹՂԹԱԿԻՑ