Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Յու­նաս­տա­նի կա­թո­ղի­կէ հա­յոց թե­մի «ա­ռա­քե­լա­կան կա­ռա­վա­րիչ» ­Յով­սէփ Թ. Ծ. Վ. ­Պէ­զա­զեա­նի հրա­ւէ­րին, Եր­կու­շաբ­թի՝ 22 ­Յու­նո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:00ին, յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի, ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս)ի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հայ կա­թո­ղի­կէ «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած «քրիս­տո­նեա­նե­րու միու­թեան ա­ղօթք»ի ե­րե­կո­յին՝ «­Քու աջ ձեռքդ, ով ­Տէր, փա­ռա­ւո­րեալ է զօ­րու­թեամբ»(Ե­լից.15.6) բնա­բա­նով։
Ա­ղօթ­քի ե­րե­կո­յին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին հայ ­Կա­թո­ղի­կէ, լա­տին կա­թո­ղի­կէ, յոյն կա­թո­ղի­կէ, ­Յի­սու­սեան ­Միա­բա­նու­թեան, յոյն ուղ­ղա­փառ, ինչ­պէս նաեւ հայ ա­ռա­քե­լա­կան եւ այլ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու թե­մա­կան ա­ռաջ­նորդ­ներ, հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուրդ, ո­րոնք ե­կած էին ջեր­մա­պէս ա­ղօ­թե­լու «քրիս­տո­նեա­նե­րու միու­թեան» հա­մար։
Ե­րե­կոն ըն­թա­ցաւ զա­նա­զան լե­զու­նե­րով, ա­ղօթք­նե­րու եւ շա­րա­կան­նե­րու փո­խա­սա­ցու­թեամբ, ա­ւե­տա­րան­նե­րու եւ սուրբ գրու­թիւն­նե­րու ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու պատ­գամ­նե­րով եւ ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով։
­Նա­րեկ ­Քա­հա­նայ ­Հայ­րը հա­յե­րէ­նով ըն­թեր­ցեց օ­րո­ւան Ս. Ա­ւե­տա­րա­նը։
Ա­ղօթք­նե­րը վերջ գտան «­Հայր ­Մեր»ով հայ եւ օ­տար ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն կող­մէ, ա­պա՝ ներ­կայ ­Պա­պա­կան ­Պա­տո­ւի­րակ Ե­պիս­կո­պո­սին օրհ­նու­թեամբ փա­կո­ւե­ցաւ ե­րե­կոն։
­Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ կից հան­դի­սաս­րա­հին մէջ։

­Դի­ւան Ազ­գա­յին
Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի