Հինգշաբթի՝ 14 Դեկտեմբերին, Պքերքէի (Լիբանան) մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու համագումարը: Համագումարին նպատակն էր հաւաքական կեցուածք ճշդել Երուսաղէմի հարցին շուրջ: Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնապէս Երուսաղէմը ճանչցած էր որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք: Ա.Մ.Ն. նախագահին այս որոշումը ընդվզումի հսկայ ալիք յառաջացուց թէ՛ պաղեստինցի ժողովուրդին մէջ եւ թէ իսլամ ու քրիստոնեայ կրօնական, քաղաքական ու պետական շրջանակներէն, ինչպէս նաեւ՝ Միջին Արեւելքէն ու արեւմտեան աշխարհէն ներս:
Այս հարցին մասին հոգեւոր պետերը իրենց տեսակէտները պարզեցին, ապա՝ միացեալ յայտարարութեամբ մերժեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահին որոշումը, կոչ ուղղեցին դատապարտելու այս կեցուածքը, նկատեցին Երուսաղէմը որպէս պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաք եւ շեշտեցին միաստուածեան երեք կրօններուն սրբատեղիները պաշտպանելու կարեւորութիւնը:
Քրիստոնեայ-Իսլամ համագումար
Արամ Ա. Կաթողիկոս մասնակցեցաւ Երուսաղէմի հարցին շուրջ Քրիստոնեայ-Իսլամ համագումարին