Քրիստափոր Կարա Մուրզա 1853-1902

Քրիստափոր Կարա Մուրզա (1853-1902). Երգչախմբային արուեստի մեծավաստակ վարպետը Ն.

0
4422

­Հա­յոց ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւեստն ու բարձ­րար­ժէք ժա­ռան­գու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նաչ­ման եւ գնա­հատ­ման ար­ժա­նաց­նե­լու նո­ւի­րա­կան գոր­ծին մէջ կ­’ա­ռանձ­նա­նայ ա­նու­նը Ք­րիս­տա­փոր ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի, ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Մարտ 2ին։
­Մա­նուկ տա­րի­քէն հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշ­տի իր բնա­տուր շնորհ­քը դրսե­ւո­րած հայ ե­րա­ժիշ­տը թէեւ եր­կար կեանք չու­նե­ցաւ, յի­սուն տա­րի­քը չբո­լո­րած հե­ռա­ցաւ այս աշ­խար­հէն, բայց հա­յոց ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւես­տին հան­դէպ իր ու­նե­ցած ան­հուն պաշ­տա­մուն­քով եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով կրցաւ թէ՛ հայ հո­գե­ւոր ու ժո­ղովր­դա­յին ե­րաժշտու­թիւ­նը փրկել կո­րուս­տէ՝ նո­թա­յին մշա­կու­մի եւ գոր­ծի­քա­ւո­րու­մի ար­ժա­նաց­նե­լով ան­կորն­չե­լի գան­ձեր, թէ՛ ռահ­վի­րան դառ­նալ բազ­մա­ձայն խմբերգ­նե­րու ա­րա­րու­մին եւ երգ­չախմ­բա­յին կա­տա­րո­ղու­թեան։
Ինչ­պէս որ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆե­սոր ­Դա­ւիթ ­Ղա­զա­րեան տա­րի­ներ ա­ռաջ վկա­յած է («Ա­ռա­ւօտ, 22 ­Մա­յիս 2010)՝
«­Նա եր­գի մի­ջո­ցով հա­յոց լե­զուն էր տա­րա­ծում այն վայ­րե­րում, որ­տեղ թրքա­կան հա­յա­հա­լած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով հա­յե­րը հե­ռա­ցել էին հա­րա­զատ մշա­կոյ­թից եւ հար­կադ­րա­բար մո­ռա­ցու­թեան մատ­նել նաեւ մայ­րե­նի լե­զուն»։
­Կա­րա-­Մուր­զա­յի կեան­քին, ա­րո­ւես­տին ու հա­սա­րա­կա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեան նո­ւի­րո­ւած իր ար­ժէ­քա­ւոր մե­նագ­րու­թեան մէջ (հրա­տա­րա­կո­ւած 1950ին), ա­րո­ւես­տի քննա­դատ ­Մա­թէոս ­Մու­րա­դեան կը վկա­յէ, թէ՝
«1885 թո­ւա­կա­նի ­Մար­տի 15ին, ­Թիֆ­լի­սի մէջ տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ հայ ե­րաժշ­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ քա­ռա­ձայն խմբեր­գա­յին անդ­րա­նիկ հա­մեր­գը` խմբա­վար, եր­գա­հան, ե­րաժշ­տա­կան-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Ք­րիս­տա­փոր ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի ղե­կա­վա­րու­թեամբ: Երգ­չա­խում­բը բաղ­կա­ցած էր ըն­դա­մէ­նը 15 եր­գիչ­նե­րէ, ծրագ­րին մէջ հիմ­նա­պէս ընդգրկո­ւած էին հայ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու բազ­մա­թիւ մշա­կում­ներ: «­Վա­րա­գոյ­րը կը բարձ­րա­նայ կա­մաց-կա­մաց եւ հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ կը պատ­կե­րա­նայ, բե­մին վրայ, փոք­րիկ խումբ մը՝ պատ­մա­կան հայ­կա­կան հա­գուստ­նե­րով. տպա­ւո­րու­թիւ­նը մեծ կ­’ըլ­լայ: ­Հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը հաւ­նի ա­նոր եր­գե­րը եւ մի քա­նին կրկնել կու տայ… ­Հան­դի­սա­կան­նե­րը բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով կը թնդաց­նեն թատ­րո­նը: ­Դուր­սը՝ ­Կա­րա-­Մուր­զա­յին կը դի­մա­ւո­րէ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խումբ մը եւ օրհ­նան­քով կ­՚ու­ղե­ւո­րէ զայն: ­Հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, ցրո­ւե­լով տու­նե­րը, շա­տե­րը ճամ­բան ար­դէն կը փոր­ձեն եր­գել այն եր­գե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լի դու­րե­կան ու ա­ւե­լի դիւ­րին էին: Այդ օ­րը ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի կեան­քին ա­մե­նաու­րախ օ­րե­րէն մէկն էր»:
Ք­րիս­տա­փոր ­Կա­րա-­Մուր­զա (ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով՝ ­Խա­չա­տուր ­Յով­հան­նէ­սի) ծնած էր 1853ին ­Ղա­րա­սու-­Բա­զար քա­ղա­քը, որ այժմ կը կո­չո­ւի ­Պե­լո­կորսք եւ կը գտնո­ւի Խ­րի­մի մէջ, Ուք­րա­նիա։
8 տա­րե­կա­նին ար­դէն սկսած էր դաշ­նա­մուր եւ սրինգ նո­ւա­գել, նաեւ՝ իր ծննդա­վայ­րի յայտ­նի ե­րա­ժիշտ­նե­րուն մօտ մաս­նա­ւոր դա­սե­րու հե­տե­ւե­լով, խո­րա­պէս զար­գա­ցու­ցած էր ե­րաժշ­տա­կան իր գի­տու­թիւ­նը՝ ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծեր կար­դա­լու եւ գրե­լու իր ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լով։ ­Հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ, իր ծննդա­վայ­րին մէջ ար­դէն սկսած էր կազ­մա­կեր­պել եւ բե­մի վրայ հրամց­նել հա­մերգ­ներ ու թա­տե­րա­կան խում­բեր։
1882ին ­Կա­րա-­Մուր­զա տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ա­պա` կարճ ժա­մա­նա­կով ­Պա­քու, իսկ 1885էն սկսեալ վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր ստանձ­նեց Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի հռչա­կա­ւոր «Մ­շակ» թեր­թի ե­րաժշ­տա­կան քննա­դա­տու­թեան բաժ­նի խմբագ­րու­թիւ­նը՝ միա­ժա­մա­նակ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լով։ Ա­հա այդ շրջա­նին էր, որ տո­ւաւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին բազ­մա­ձայն երգ­չախմ­բա­յին հա­մեր­գը՝ հայ­կա­կան հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու, Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի հիմ­նած ­Թատ­րո­նին մէջ։
«Ազգ» թեր­թի 2 ­Փետ­րո­ւար 2007ի թի­ւով, հայ խմբեր­գա­յին ա­րո­ւես­տին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Պե­տա­կան Ա­կա­դե­մա­կան Երգ­չախմ­բու­մին նո­ւի­րո­ւած յօ­դո­ւա­ծի մը մէջ, Ան­նա Ա­սատ­րեան կը վկա­յէ, որ՝
«Իր հա­մեր­գա­յին գոր­ծու­նէու­թեան 17 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին (1885-1902), ­Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ հայ­րե­նի սահ­ման­նե­րէն դուրս ա­ւե­լի քան 50 քա­ղաք­նե­րու մէջ (այդ շար­քին` ­Թիֆ­լիս, ­Պա­քու, Էջ­միա­ծին, ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւան, Օ­տե­սա, Ա­խալց­խա, ­Պա­թում, Վ­լա­դի­կավ­կազ, Ար­մա­ւիր, Ե­կա­տե­րի­նո­տար, ­Քիշ­նեւ, ­Մոս­կո­ւա, ­Գո­րի, ­Բոր­ժո­մի, ­Գան­ձակ, ­Սիմ­ֆե­րո­պոլ, ­Կերչ, ­Ղարս, ­Շու­շի), ­Կա­րա-­Մուր­զան կազ­մա­կեր­պած է շուրջ 90 եր­գե­ցիկ խում­բեր, տո­ւած է ա­ւե­լի քան 250 հա­մերգ՝ ներգ­րա­ւե­լով 6000 հո­գի: Որ­պէս ե­րա­ժիշտ՝ ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի երգ­չա­խում­բե­րուն մէջ են ձե­ւա­ւո­րո­ւած նշա­նաւոր եր­գիչ­ներ տռա­մա­թիք թե­նոր ­Ներ­սէս ­Շահ­լա­մեա­նը, պա­րի­թոն ­Բեգ­լար Ա­միր­ջա­նեա­նը, լի­րի­կա­կան թե­նոր ­Մա­կար ­Վար­դի­կեա­նը, պա­րի­թոն ­Ծո­վա­կը. ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի սա­ներն էին Ա­զատ ­Մա­նու­կեանն ու Ս­տե­փան ­Դե­մու­րեա­նը: ­Շու­շիի մէջ ա­նոր կազ­մա­կեր­պած 100 հո­գիէ բաղ­կա­ցած երգ­չա­խում­բի կազ­մով եր­գած է տա­ղան­դա­ւոր հայ ար­ձա­նա­գործ ­Յա­կոբ ­Կիւր­ջեա­նը: ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի խում­բե­րէն մէ­կուն մէջ է եր­գած նաեւ բա­նաս­տեղծ ­Յա­կոբ ­Յա­կո­բեա­նը»:
­Կա­րա-­Մուր­զա­յի գոր­ծու­նէու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն բնա­գա­ւառ­նե­րէն ե­ղաւ, նման ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տի, հա­յոց հո­գե­ւոր եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու հա­ւաք­ման, ե­րաժշ­տա­կան մշակ­ման եւ քա­ռա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թեան ար­ժա­նաց­ման աշ­խա­տան­քը։ ­Բարձ­րար­ժէք այդ աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը ­Կա­րա-­Մուր­զա հրամ­ցուց մեր ժո­ղո­վուր­դին, աս­տի­ճա­նա­բար մե­ծա­թիւ դար­ձած բազ­մա­ձայն երգ­չա­խում­բե­րու հա­մերգ­նե­րով, մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն յա­ռա­ջաց­նե­լով հա­յաբ­նակ կեդ­րոն­նե­րու մէջ։
1887ին, ­Պա­քո­ւի մէջ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով երգ­չախմ­բա­յին հա­մեր­գով ներ­կա­յա­ցուց իր մշա­կած բազ­մա­ձայն պա­տա­րա­գը։ ­Նոյն քա­ղա­քին մէջ ներ­կա­յա­ցուց նաեւ ­Կու­նո­յի «­Ֆաուստ» օ­փե­րա­յէն հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած հա­տո­ւած­ներ։
1892էն 1893, եր­կու տա­րի, ­Կա­րա-­Մուր­զա նաեւ ու­սու­ցիչ ե­ղաւ ե­րաժշ­տու­թեան` Ս. Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նին մէջ։
1895էն սկսեալ, ­Թիֆ­լի­սի մէջ, ­Կա­րա-­Մուր­զա յա­տուկ դա­սըն­թացք­ներ ջամ­բեց խմբա­վար­նե­րու հա­մար։
Ք­րիս­տա­փոր ­Կա­րա-­Մուր­զան յօ­րի­նեց նաեւ եր­գեր՝ հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու խօս­քե­րով։ Մ­շա­կեց օ­փե­րա­նե­րու նո­ւագ­ներ, ինչ­պէս եւ հե­ղի­նա­կը դար­ձաւ՝ ա­ռանց նո­ւա­գա­րա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեան` բա­զում խմբերգ­նե­րու։ Ի­րեն կը պատ­կա­նի մշա­կու­մը 300 խմբերգ­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լեն։
­Կա­րա-­Մուր­զա­յի հռչա­կա­ւոր եր­գե­րէն են` «­Ծի­ծեռ­նակ», «­Դու զով խնդրես», «Ան­ցար սա­րեր», «Ա­նի քա­ղաք», «Ա­լա­գեազ», «­Քե­զի մեռ­նիմ», «­Գա­ցէք տե­սէք», «­Խո­րո­տիկ», «­Զինչ ու զինչ», «­Լէպ­հօ լէ­լէ» ե­ւայլն…։ Իր եր­գե­րէն ո­մանք, հար­ցում-պա­տաս­խա­նի ի­րենց բնոյ­թով, յա­ւե­լեալ աշ­խու­ժու­թիւն եւ շար­ժում կը ցու­ցա­բե­րեն։
­Կա­րա-­Մուր­զա յօ­րի­նած ու նո­թագ­րած է նաեւ ժո­ղովր­դա­յին պա­րեր եւ, այդ ա­ռու­մով ալ, ար­դի «եր­գի-պա­րի ան­սամպլ»նե­րու նա­խա­տի­պա­րը ինք ստեղ­ծած է։
­Մեր ժո­ղո­վուր­դի ե­րաժշ­տա­կան ճա­շա­կի ձե­ւա­ւոր­ման ու բարձ­րաց­ման մէջ եւս ­Կա­րա-­Մուր­զա հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ «Մ­շակ»ի է­ջե­րուն եւ այ­լա­պէս իր հրա­պա­րա­կած ե­րաժշ­տա­կան քննա­դա­տա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով։ ­Սի­րա­հար մըն էր ե­րաժշտու­թեան եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին ­Ռահ­վի­րայ դար­ձաւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, առ­նո­ւազն ­Կով­կա­սեան գօ­տիի տա­րած­քին։ Ըստ յի­շա­տա­կու­թեանց, ­Կա­րա-­Մուր­զա միայն մէկ ան­գամ, 1887ին, հա­մերգ­նե­րով այ­ցե­լած է ­Պո­լիս։
­Վախ­ճա­նե­ցաւ 27 ­Մարտ 1902ին, ­Թիֆ­լիս։
­Հայ ե­րաժշ­տու­թեան մե­ծար­ժէք վար­պե­տին ծննդեան տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այ­սօ­րո­ւան սիւ­նա­կը կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել Ան­նա Ա­սատ­րեա­նի հե­տե­ւեալ ար­ժե­ւո­րու­մով.
«­Յի­րա­ւի, ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը նշա­նա­ւո­րեց բազ­մա­ձայ­նու­թեան յաղ­թա­նա­կը: Ըստ էու­թեան, իր ողջ կեան­քը ­Կա­րա-­Մուր­զան նո­ւի­րա­բե­րեց հայ ժո­ղովր­դա­կան լայն զան­գո­ւած­նե­րուն մէջ բազ­մա­ձայն ե­րաժշ­տու­թեան ար­մա­տա­ւոր­մանն ու բազ­մա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թեան տա­րած­մա­նը: Զրկո­ւած ըլ­լա­լով միեւ­նոյն երգ­չա­խում­բի հետ մնա­յուն աշ­խա­տանք տա­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն՝ ան ա­մէն ան­գամ ստի­պո­ւած էր կազ­մել նոր եր­գե­ցիկ խումբ` ընդգր­կե­լով նոյ­նիսկ ե­րաժշ­տա­կան տար­րա­կան գի­տե­լիք­նե­րէ զուրկ մար­դոց: Եւ զար­մա­նալ կա­րե­լի է, թէ ինչ­պէ՛ս ա­նոր կը յա­ջո­ղո­ւէր սեղմ ժամ­կէտ­նե­րու մէջ ստա­նալ ցան­կա­լի ար­դիւնք­ներ: Ան ու­նէր նպա­տակ եւ քայլ առ քայլ կը հաս­նէր իր նպա­տա­կին` հայ մո­նո­թիք (միա­ձայն) ե­րաժշ­տու­թեամբ դա­րե­րով դաս­տիա­րա­կո­ւած հայ մար­դու ա­կանջն ար­դէն կը զգար եւ կը հասկ­նար եւ­րո­պա­կան բազ­մա­ձայ­նու­թեան ողջ հմայքն ու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը»:
Իր այս վաս­տա­կով՝ ­Կա­րա-­Մուր­զա ան­մա­հա­ցաւ իբ­րեւ հա­յոց մե­ծա­տա­ղանդ ե­րա­ժիշտ­նե­րէն մէ­կը, որ իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հան­ճա­րով ու ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով` յա­ջո­ղե­ցաւ ոչ միայն կո­րուս­տէ փրկել հայ­կա­կան շատ ու շատ եր­գեր, այ­լեւ՝ հա­յոց ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը բարձ­րաց­նել մի­ջազ­գա­յին բարձ­րար­ժէք ա­րո­ւես­տի մա­կար­դա­կին՝ հա­յադ­րո՛շմ ու ան­կորն­չե­լի։