Ուրբաթ՝ 29 Նոյեմբեր 2019ի երեկոյեան «Πολυχώρος Τέχνης και Σκέψης, οικία Μάνου Χατζιδάκη» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Քսանթիի հայ համայնքի արխիւներու ներկայացումը, ընդգրկելով 1922էն մինչեւ 2019 ժամանակաշրջանը:
Այս ներկայացումը կը փաստէ նաեւ հայ համայնքի նպաստը տեղական հասարակութեան մէջ վերջին 100 տարուայ ընթացքին:
Ձեռնարկը ներառնուած Քսանթի քաղաքի ազատագրման 100ամեակի ձեռնարկներու շարքին:
Այս հսկայ աշխատանքը տեւեց մէկ տարի (Մայիս 2018-Մայիս 2019), կցուեցաւ Քսանթի ազգագրական եւ պատմական թանգարանի աշխատանքներուն, մեկենասութեամբ «Սթաւրոս Նիարխոս» հաստատութեան:
Մասնագիտական աշխատանքը եւ հսկողութիւնը կատարեց տոքթ. Ղարիֆալիա Թէոտորիտու՝ Թրակիոյ համալսարանի դասախօս: Ձեռնարկի բացումը կատարեց Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Թագւոր Գարաօղլանեան եւ ներկայացումը վերոնշեալ փրոֆեսէօրը:
Ներկայ էին Քսանթիի փոխատենապետը, յոյն եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, շրջանիս հոգեւոր հովիւ՝ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան, քաղաքական անձնաւորութիւններ, գաղութիս կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայ եւ յոյն ժողովուրդ:
Մէկ ժամէ աւելի տեւեց ներկայացումը, բազմաթիւ նկարներով՝ ազգային, եկեղեցական, աւանդական կեանքէ, յարաբերութիւններ յունական եւ պաշտօնական գետնի վրայ, կանոնագրեր միութիւններու, դպրոցի, եւ արտօնագրեր դպրոցի գործունէութեան՝ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք:
Նաեւ տնտեսական փաստեր, հաշուեկշիռներ, վկայականներ, հայ եւ օտար գրականութեան գրադարան, միութիւններու ձեռնարկներ եւ ինչպէս տիկին Թէոտորիտու ըսաւ, պատմական յիշողութիւնը կը սատարէ տեղական գիտակցութեան պահպանման, գործօն մը, որ անհրաժեշտ է համաշխարհայնացման արդիւնքներ նուաճելու համար:
Զ. Ա.