Կի­րա­կի՝ 11 ­­Փետ­րո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան, տեղ­ւոյն Հ. Գթ. ­­Խա­չի «Ա­րաքս» մաս­նա­ճիւ­ղի ­­վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ք­սան­թիի միօ­րեայ դպրո­ցի հան­դէ­սը, նո­ւի­րո­ւած՝ ­­Վար­դա­նանց տօ­նին։
­­Հան­դի­սու­թեան բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. Շ­նոր­հիկ ­­Պա­լաթ­լեան, բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լով ու հրա­ւի­րե­լով շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­­Պա­րէտ Քհնյ. ­­Խա­չե­րեա­նին, փո­խան­ցե­լու հա­մար օ­րո­ւան պատ­գա­մը։
­­Տէր ­­Հայ­րը լայն ձե­ւով պատ­մա­կա­նը ներ­կա­յա­ցուց մեր պատ­մու­թեան այս գլխա­ւոր դէպ­քին շուրջ, անդ­րա­դառ­նա­լով քաջ հե­րոս­նե­րու ու ­­Վար­դա­նանք հա­ւատ­քի մար­դոց, որ մին­չեւ վերջ պայ­քա­րե­ցան քրիս­տո­նէա­կան շուն­չը պա­հե­լու հայ­րե­նի­քին մէջ։ Ն­շեց նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի վճռա­կա­մու­թիւ­նը ու ո­գին պաշտ­պա­նե­լու իր հա­ւատ­քը։ ­­Հան­դէ­սի շքեղ յայ­տա­գի­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ու­սուց­չու­հի տի­կին Ֆ­լո­րա Ա­ւա­գեա­նի, կը պա­րու­նա­կէր փոքր թա­տե­րա­կա­ն ներ­կա­յա­ցում, եր­գեր ու պատ­մա­կան մաս­նիկ­ներ հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զո­ւով։ Ա­շա­կերտ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած կեն­ցա­ղը յու­զում պատ­ճա­ռեց բո­լոր հան­դի­սա­կան­նե­րուն։
­­Յա­ջոր­դա­բար ներ­կա­նե­րը հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան հա­մեղ ա­նու­շե­ղէն­նե­րով, բո­լո­րը պատ­րաս­տո­ւած մեր ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն կող­մէ։

Զ. Ա.