Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ (ռուս-ուղղափառ) 4 Փետրուարին առաջին անգամ ըլլալով Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ Սինկափուրի, Միանմարի, Պանկլատէշի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ հայրապետական նուիրակ Զաւէն Վրդ. Եազըճեանի։
Մալեզիոյ հայ համայնքէն կը տեղեկացնեն, որ Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան համայնքի բոլոր անդամները, հիւրեր, հայեր, որոնք կը բնակին Մալեզիոյ Ճոհոր Պահրու շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ինտոնեզահայեր։ Հայր Սուրբը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Մալեզիոյ հայ համայնքի նախագահ Էմիլ Պետրոսեանին ու համայնքի բոլոր անդամներուն՝ իրենց կազմակերպչական աշխատանքին համար եւ ըսաւ.- «Ամուր հաւատքն ու մայր եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի նկատմամբ ունեցած սէրը կը միաւորէ հայ հաւաքականութիւնը՝ այս սրբազան յարկին տակ։ Հակառակ այն իրականութեան, որ Մալեզիոյ մէջ չունենք Հայաստանեայց եկեղեցի, բարձր գնահատանքի արժանի են այն ջանքն ու եռանդը, այն սէրն ու նուիրումը, զորս դուք չէք խնայած այս գեղեցիկ տեսլականը իրականութիւն դարձնելու համար. դուք իսկապէս կը շարունակէք ըլլալ ժառանգորդը այն ժառանգութեան, զոր մեր նախնիները ատենօք ստեղծած են այս երկրի մէջ»։ Հայր Սուրբը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գնահատանքն ու օրհնութիւնը, եւ մաղթեց, որ Աստուած բազմապատիկ յաջողութիւններ պարգեւէ հայրենանուէր նոր գործերուն։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ երեք մանուկներու մկրտութիւնը։