Եր­կու­շաբ­թի օր, յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բեր Ա­րիս­թո­թե­լիա ­Փե­լո­նի ներ­կա­յա­ցուց յա­ւե­լեալ մի­ջոց­նե­րու կի­րար­կու­մը, «­Քո­րո­նա» ժահ­րի տա­րա­ծու­մը կան­խե­լու ուղ­ղու­թեամբ։
Այս­պէս, ո­րո­շո­ւե­ցաւ բո­լոր խա­նութ­նե­րը փակ պա­հել, բա­ցա­ռու­թեամբ դե­ղա­տու­նե­րու, մեծ շու­կա­նե­րու (σούπερ μάρκετ), դրա­մա­տու­նե­րու եւ վա­րե­լա­նիւ­թի կա­յան­նե­րու։ ­Միա­ժա­մա­նակ, ան հեր­քեց տա­րա­ծո­ւած լու­րե­րը, ո­րով կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը մտա­ծէ շրջա­գա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ար­գի­լում կի­րար­կել։
­Նաեւ, ան յայտ­նեց թէ Ա­թէն­քի կեդ­րո­նին մէջ ինք­նա­շարժ­նե­րու շրջա­գա­յու­թեան փոխն ի փոխ դրու­թիւ­նը ի զօ­րու չէ մին­չեւ Ապ­րի­լի վերջ։
­Տիկ. ­Փե­լո­նի յայտ­նեց, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի դի­մէ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մար­մին­նե­րուն, վե­րաց­նե­լու հա­մար ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան մար­զին մէջ կի­րար­կո­ւած սեղ­մում­նե­րը, որ­պէս­զի կարգ մը դրա­մա­կան պա­հեստ­ներ գոր­ծա­ծո­ւին «­Քո­րո­նա» ժահ­րի դի­մագ­րաւ­ման ծրա­գիր­նե­րուն հա­մար։
­Յայտ­նի ե­ղաւ, որ «ՆԻՄՑ» հի­ւան­դա­նո­ցը ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի տրա­մադ­րո­ւի «­Քո­րո­նա» ժահ­րի վա­րա­կո­ւած­նե­րու բուժ­ման հա­մար։
­Վեր­ջա­պէս, կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բե­րը յայտ­նեց, որ այ­սու­հե­տեւ ­Յու­նաս­տան մուտք գոր­ծող ան­ձե­րը 14օ­րեայ ստի­պո­ղա­կան մե­կու­սաց­ման պի­տի են­թար­կո­ւին։

­Վար­չա­պե­տը ար­գի­լեց կրօ­նա­կան բո­լոր
ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու կա­տա­րու­մը

Եր­կու­շաբ­թի գի­շեր, վար­չա­պետ ­Մի­ցո­թա­քիս «­Թո­ւի­թը­րի» ճամ­բով յայ­տա­րա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­մէն տե­սա­կի կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ար­գիլումը, ո­րո­շում մը որ ի զօ­րու է բո­լոր դա­ւա­նանք­նե­րու եւ կրօն­նե­րու հա­մար։
Ըստ ո­րո­շու­մին, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը բաց պի­տի մնան միայն անձ­նա­կան ա­ղօթ­քի կամ յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ նախզ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րու կի­րար­կու­մով։ Այս ո­րո­շու­մը պի­տի գոր­ծադ­րո­ւի մին­չեւ 30 ­Մարտ։