Չորեքշաբթի՝ 28 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Յունաստանի ազգային տօնին առիթով, Քորիտալոսի քաղաքապետ Նիքոս Խրուսալաս յարգանքի տուրք մատուցեց «Այիոս Եորղիոս» հրապարակի վրայ կանգնած հայկական խաչքարին առջեւ։ Մասնակցութիւն բերին Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ կոմիտէի ընկերներ Յարութիւն Սպարթալեան եւ Տիգրան Չիչէքեան, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ սկաուտական մասնաճիւղի դրօշակակիրները։
Նախապէս, հրապարակի յուշարձանին վրայ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ ծաղկեպսակներու զետեղում, նուիրուած Յունաստանի ազգային տօնին՝ պատմական «Ոչ»-ի ոգեկոչումին։
Յաջորդաբար՝ քաղաքապետը, հոգեւորականներ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ յառաջացան դէպի հայկական խաչքարի վայրը, ուր հոն եւս զետեղուեցան դափնեպսակներ յարգելու համար հայ ժողովուրդի տուած նահատակները։
Քաղաքապետը խօսք առնելով, իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի հայութեան, նշելով որ Էրտողանի նոր-օսմանական քաղաքականութիւնը պիտի ձախողի։ Ան դրուատեց Արցախի հայութեան ազատօրէն ապրելու կամքը եւ կոչ ուղղեց զինադադարի անմիջական հաստատման համար։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ կոմիտէին կողմէ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, որ յայտնեց՝ թէ Արցախի հայութիւնը մահու-կենաց պայքար տալով կը դիմադրէ թուրք-ատրպէյճանական գրոհը։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի նոր-օսմանական ծրագիրներուն դէմ պէտք է կանգնի ամբողջ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը՝ վերջ տալու համար ազգերու ինքնորոշման ոտնակոխումի համատարած վտանգին, որուն ենթակայ են տարածաշրջանի ժողովուրդները։
Թղթակից