Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, ­­Քոս կղզիին մէջ հաս­տա­տուած հայ­րե­նա­կից­ներ, իւ­րա­քան­չիւր Ապ­րիլ 24ի օ­րը, հա­մեստ հա­ւա­քով կը յար­գեն ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը։ Այս տա­րի եւս, Ե­րեք­շաբ­թի Ապ­րիլ 24ի ա­ռա­ւօ­տուն, մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու կո­կիկ թիւ մը հա­ւա­քո­ւե­ցաւ կղզիի Ան­ծա­նօթ ­­Զի­նո­ւո­րի յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ եւ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ց  մէկ ու կէս միլիոն նա­հա­տակ­նե­րուն յիշատակին։ Ան­ցեա­լին, ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար, կղզիի քա­ղա­քա­պե­տը քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ հիւ­րըն­կա­լած է շրջա­նի հա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք յա­տուկ խօս­քե­րով եւ ու­ղերձ­նե­րով ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած են։ Ն­շենք թէ բա­ցի մնա­յուն կայք հաս­տա­տած ըն­տա­նիք­նե­րէն, զբո­սաշր­ջի­կա­կան շրջա­նին ա­ւե­լի մեծ թի­ւով հա­յեր կը հաս­նին կղզի եւ կը զբա­ղին հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տանք­նե­րով։