Քոս կղզիի փոքրաթիւ հայութիւնը, Արցախի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին դէմ ոտքի կանգնելով, կազմակերպեց նուիրահաւաք հայ զինուոիրի եւ Արցախի հայութեան կարիքներուն համար։
Այսպէս, նախաձեռնութեամբ կղզիի մայրաքաղաքին մէջ մնայուն կայք հաստատած հայրենակիցներուն, տեղւոյն հայկական ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ նուիրահաւաք, ուր առաջին հերթին ապահովուեցաւ 3.065 եւրոյի գումարը։
Ինչպէս «Ազատ Օր»ին յայտնեց շրջանին մէջ ապրող եւ դրամահաւաքի նախաձեռնութեան պատասխանատու Ալինա Սաքանեան, դրամահաւաքը պիտի շարունակուի, որպէսզի ընդգրկէ աւելի մեծ թիւով հայրենակիցներ, որոնք տարածուած են ամբողջ կղզիին մէջ, նպատակ ունենալով ապահովել աւելի բարձր գումար մը։ Արդէն վերը նշուած գումարը փոխանցուած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղի հաշիւին։
Քոս կղզիի հայութիւնը կը նուիրաբերէ հայ զինուորին
Քոս կղզիի հայութիւնը կը նուիրաբերէ հայ զինուորին