Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ մայ­րա­քա­ղաք Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րու վրայ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­չեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի հրա­հան­գով եւ ա­նոր թիկ­նա­պահ­նե­րուն կող­մէ ա­ռաջ­նոր­դո­ւած վայ­րագ յար­ձա­կու­մը դա­տա­պար­տող թիւ 354 բա­նա­ձե­ւը ­Քոնկ­րէ­սը միա­ձայ­նու­թեամբ (397 թեր եւ 0 դէմ քո­ւէով) վա­ւե­րա­ցուց։ ­Յի­շեց­նենք, որ բա­նա­ձե­ւը ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ­Մա­յիս 25ին միա­ձայ­նու­թեամբ վա­ւե­րա­ցո­ւած էր:
­Յար­ձա­կու­մը դա­տա­պար­տե­լու եւ զայն կա­տա­րող­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կան­չե­լու հա­մար պատ­րաս­տո­ւած թիւ 354 բա­նա­ձե­ւը ներ­կա­յա­ցո­ւած էր Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Էտ ­Ռոյ­սի եւ նոյն յանձ­նա­խում­բի բարձ­րաս­տի­ճան ան­դամ Է­լիըթ Էն­կը­լի կող­մէ, ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան մե­ծա­մաս­նու­թեան ղե­կա­վար ­Քե­ւըն ­Մըք­Քար­թիի եւ դե­մոկ­րատ ղե­կա­վար­նե­րէն Ս­թե­նի ­Հո­յը­րի ա­ջակ­ցու­թեամբ:
­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան լիա­գու­մար նիս­տը ­Յու­նիս 6ին քննեց այս բա­նա­ձե­ւը։
Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Ա­րամ ­Համ­բա­րեան, իր կար­գին, ող­ջու­նեց բա­նա­ձե­ւին քննար­կու­մը ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան լիա­գու­մար նիս­տին կող­մէ եւ կոչ ը­րաւ կա­ռա­վա­րու­թեան, որ դի­մէ հաս­տատ քայ­լե­րու, ինչ­պի­սին են ­Թուր­քիոյ դես­պա­նի ար­տաք­սու­մը եւ ­Թուր­քիոյ խոս­տա­ցո­ւած զէն­քե­րու վա­ճառ­քին կա­սե­ցու­մը։
­Բա­նա­ձե­ւին մէջ կը շեշ­տո­ւի, թէ խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րու վրայ կա­տա­րո­ւած այս յար­ձա­կու­մը ոտ­նա­կո­խում մըն է ա­մե­րի­կեան սկզբունք­նե­րուն եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ի­րա­ւանց: ­Հոն նաեւ կը քննա­դա­տո­ւի այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ ա­մե­րի­կա­ցի քա­ղա­քա­ցի­ներ ծե­ծած եր­կու թուրք թիկ­նա­պահ­նե­րը, կարճ ժա­մա­նա­կով ձեր­բա­կա­լո­ւե­լէ ետք՝ ա­զատ ար­ձա­կո­ւած են, ա­նոնց դի­ւա­նա­գի­տա­կան ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան պատ­ճա­ռով, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կրնար ա­նոնց ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւ­նը վերց­նե­լու պա­հանջ ներ­կա­յաց­նել Ան­գա­րա­յի իշ­խա­նու­թեանց՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոնց կա­տա­րած բռնա­րարք­նե­րուն տա­րո­ղու­թիւ­նը:
­Նաեւ՝ բա­նա­ձե­ւին մէջ կը շեշ­տո­ւի, թէ այս մէ­կը Էր­տո­ղա­նի թիկ­նա­պահ­նե­րուն կող­մէ ար­ձա­նագ­րո­ւած առ­նո­ւազն եր­րորդ վայ­րագ մի­ջա­դէպն է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ու կը պա­հան­ջո­ւի պաշ­տօ­նա­պէս ամ­բաս­տա­նել եւ դա­տա­պար­տել բո­լոր թիկ­նա­պահ­նե­րը, ո­րոնք խախ­տած են ա­մե­րի­կեան օ­րէնք­նե­րը:
«Այ­սօ­րո­ւան քո­ւէար­կու­թեամբ, ­Քոնկ­րէ­սը սկսաւ Ո­ւա­շինկ­թը­նը ձեր­բա­զա­տե­լու Ան­գա­րա­յի բռնագ­րա­ւու­մէն»,- ը­սաւ Ա­րամ ­Համ­բա­րեան:
«Ա­նընդ­հատ Ան­գա­րա­յին քմայք­նե­րուն ըն­դա­ռա­ջե­լէ, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիրք­նե­րուն, ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին ու ան­կէ դուրս, արտասա­համ­նի մէջ ա­նոր բիրտ վար­քա­գի­ծին հան­դէպ կոյր ձե­ւա­նա­լէ ետք, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը, սկսե­լով ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տու­նէն, ան­կիւ­նա­դարձ մը ար­ձա­նագ­րե­ցին այ­սօր՝ դի­մա­դար­ձե­լով ­Թու­րքիոյ բրտու­թիւն­նե­րուն եւ յա­րա­ճուն հա­կա-ա­մե­րի­կեան վար­քա­գի­ծին»,- ա­ւել­ցուց Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի Ո­ւա­շինկ­թը­նի գրա­սե­նեա­կի վա­րիչ տնօ­րէն Ա­րամ ­Համ­բա­րեան: