Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նը (Ք­նե­սէթ) ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ ­Փետ­րո­ւար 14ին քո­ւէար­կու­թեան դրած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու մա­սին բա­նա­ձե­ւը, որ ա­ռա­ջադ­րո­ւած էր «Եշ Ա­թիտ» ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ Եա­յիր ­Լա­փի­տի կող­մէ: «­Ճե­րու­զա­լէմ ­Փոսթ»ի հա­մա­ձայն՝ 41 ե­րես­փո­խան­ներ դէմ քո­ւէար­կած են եւ միայն 28 հո­գի կողմ քո­ւէար­կած է ա­նոր, ին­չի հե­տե­ւան­քով բա­նա­ձե­ւը մեր­ժո­ւած է:
«Չ­կայ պատ­ճառ, ո­րուն հա­մար Ք­նե­սէ­թը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Հ­րէա­կան Ող­ջա­կի­զու­մէն ան­ցած եր­կիր մը, չճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու ա­նոր նո­ւի­րո­ւած յի­շա­տա­կու­թեան օր չու­նե­նայ»,- ը­սած է ­Լա­փիտ:
­Հայ ­Դա­տի Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Յա­կոբ ­Սե­ւան հա­մո­զո­ւած է, որ Իս­րա­յէլ ի վեր­ջոյ պի­տի ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը:
«Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, ­Յա­կոբ ­Սե­ւան անդ­րա­դար­ձաւ 14 ­Փետ­րո­ւա­րին Ք­նե­սէ­թի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րը նշե­լու մա­սին օ­րի­նա­գի­ծի քննարկ­ման:
«Օ­րի­նա­գի­ծը ներ­կա­յա­ցո­ւել էր ոչ մեր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ինչ­պէս մինչ այս, երբ մեր աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քում նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս էր գա­լիս ընդ­դի­մա­դիր «­Մէե­րեց» կու­սակ­ցու­թիւ­նը: Ն­ման օ­րի­նա­գիծ ներ­կա­յաց­նե­լու մա­սին մի քա­նի ա­միս ա­ռաջ յայ­տա­րա­րել էր Եա­յիր ­Լա­պի­դը՝ ինչ-որ ա­ռու­մով հա­շո­ւի առ­նե­լով իս­րա­յէ­լեան-թուր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի վա­տաց­ման փաս­տը»,- ը­սաւ ­Յա­կոբ ­Սե­ւան:
Ըստ ա­նոր՝ այժմ Իս­րա­յէ­լի մէջ, վար­չա­պետ ­Նե­թա­նեա­հո­ւի դէմ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան մե­ղադ­րանք­նե­րուն հետ ա­ռըն­չու­թիւն ու­նե­ցող ներ-քա­ղա­քա­կան ո­րոշ գոր­ծա­ռոյթ­ներ տե­ղի կ­՛ու­նե­նան: Այդ գոր­ծին մէջ վկայ է «Եշ Ա­թիդ»ի ա­ռաջ­նորդ Եա­յիր ­Լա­պիդ:
«­Վեր­ջին շրջա­նում մենք ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցի շուրջ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս չենք գա­լիս՝ չցան­կա­նա­լով շա­հար­կել ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը, հա­շո­ւի առ­նե­լով նաեւ կոա­լի­ցիոն կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ընդ­դի­մադ­րու­թեան մի­ջեւ սուր պայ­քա­րը, քա­նի դեռ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չի յաղ­թա­հա­րել իր ժխտո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը: ­Միա­ժա­մա­նակ՝ վստահ ենք, որ գա­լու է այն օ­րը, երբ Իս­րա­յէ­լը կը ճա­նա­չի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը՝ հա­շո­ւի առ­նե­լով, որ ­Հա­յաս­տան-Իս­րա­յէլ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը գնա­լով զար­գա­նում են եւ ամ­րապնդ­ւում, ու այ­լեւս սառ­նու­թիւն չկայ»,- յայտ­նեց ­Յա­կոբ ­Սե­ւան: