Ա­նի Ա­բի­կեան

­Շա­բաթ 9 ­Մարտ 2023-ին ­Գա­րէա­յի ա­կում­բէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան ե­րե­կոյ «­Քե­րով­բեան» նո­ւա­գա­խում­բի կող­մէ՝ կա­զա­մա­կեր­պու­թեամբ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­նի Ա­բի­կեա­նի:
Ա­րամ, ­Վիր­ճի­նիա, ­Վա­հան եւ ­Շու­շան ­Քե­րով­բեան­նե­րու կո­կիկ ու հա­մեստ՝ սրտէն հնչած ե­րան­գա­ւոր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, ա­ռի­թը ըն­ծա­յեց կապ ստեղ­ծե­լու ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­նե­րուն եւ վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու մեր փայ­լուն ե­րաժշ­տու­թեան գան­ձե­րը:
­Յատ­կա­պէս՝ «­Քե­րով­բեան» նո­ւա­գա­խում­բը շա­րու­նա­կե­լով «­Կոչ­նակ» նո­ւա­գա­խում­բի ա­ւան­դը ներ­կա­յա­ցուց ­Հայ ա­շուղ ­Սա­յաթ ­Նո­վա­յի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մեր հայ­րե­նի տար­բեր շրջան­նե­րու ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը:
­Քե­րով­բեան ըն­տա­նի­քի ներդ­րու­մը ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խար­հին մէջ բազ­մա­կո­մա­նի ու ծա­ւա­լուն է: ­Շա­բաթ գի­շեր ՝ ան­գամ մը եւս փայ­լուն կեր­պով ար­տա­ցո­լաց ի­րենց գե­ղե­ցիկ տա­ղան­դը: ­Ձայն, քա­նոն եւ դափ ներ­դաշ­նակ ձե­ւով հրամ­ցու­ցին ՝ սրտին խօ­սող փունջ մը ա­շու­ղա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր, հրա­պու­րե­լով ե­րաժշ­տա­սէր ներ­կա­նե­րուն:
Ս­տո­րեւ` ե­րաժշ­տա­կան ե­րե­կո­յի մաս­նա­կից­նե­րուն ամ­փոփ կեն­սագ­րա­կա­նը:
Ա­րամ ­Քե­րով­բեան՝ ե­րաժշ­տա­պետ, յօ­րի­նող, խմբա­վար, քա­նո­նա­հար, ա­ւան­դա­կան շա­րա­կան­նե­րու մեկ­նա­բա­նող, հայ ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան եւ եր­գա­սա­ցու­թեան մաս­նա­գէտ: ­Հե­ղի­նակ հայ­կա­կան ձայ­նա­յին ե­րաժշտու­թեան, ե­կե­ղե­ցա­կան եր­գե­ցո­ղու­թեան պատ­մու­թեան փո­խանց­ման: ­Հե­ղի­նակ բազ­մա­թիւ գիր­քե­րու եւ յօ­դուած­նե­րու:
­Մի­ջին ա­րե­ւե­լեան զա­նա­զան ե­րա­ժիշտ­նե­րու հետ աշ­խա­տե­լէ ետք, միա­ցած է հայ­կա­կան եւ ա­շու­ղա­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան «­Կոչ­նակ» խում­բի, ա­պա ստեղ­ծած է «Ակն» ա­նու­նով ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թեան կեդ­րո­նը եւ երգ­չա­խում­բը:
1990-էն ի վեր, ե­րաժշ­տա­պետն է ­Փա­րի­զի ­Սուրբ ­Յով­հան­նէս Մկր­տիչ ե­կե­ղե­ցո­ւոյ: Ա­ւար­տած է ե­րաժշ­տա­կան տոք­թո­րա­կա­նը:
Ե­րեք տա­րի ­Լե­հաս­տա­նի «­Զար» թա­դե­րա­խում­բին հետ աշ­խա­տա­նոց­ներ վա­րած է եւ ե­րաժշ­տու­թիւն հիւ­սած է, իսկ «Երգ Աք­սո­րեալ» վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի ­Հա­յոց ե­րաշ­տու­թեան մա­սին՝ աշ­խա­տանք կա­տա­րած է: ­Սոյն վա­ւե­րագ­րա­կա­նով 20-է ա­ւե­լի մի­ջազ­գա­յին փա­րա­տօն­նե­րու մաս­նակ­ցե­ցաւ եւ չորս մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցաւ:
­Վիր­ճի­նիա ­Փաթ­թի՝ Ա­րա­մին կո­ղա­կի­ցը: ­Նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է Ո­ւա­շինկ­թո­նի տե­ղա­կան ­վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, ա­պա ­Քան­սա­սի ­հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ե­րաժշ­տա­գի­տու­թիւն եւ լե­զուն­ներ ու­սա­նած է:
1974-ին կը տե­ղա­փո­խո­ւի ­Փա­րիզ եւ ե­րաժշ­տու­թիւն կ­‘ու­սա­նի «Ecole Normale de Music» ու­սում­նա­րա­նին մէջ:
Կ’աշ­խա­տի ­Փա­րի­զի Ազ­գա­յին Ե­րաժշ­տա­նո­ցը եւ կը գոր­ծակ­ցի զա­նա­զան նո­ւա­գա­խում­բե­րու հետ: ­Փա­րիզ կը ծա­նօ­թա­նայ Ա­րամ ­Քե­րով­բեա­նին, ո­րուն հետ 3 զա­ւակ կ­‘ու­նե­նայ, ­Մա­րա­լին, ­Վա­հա­նին, ­Շու­շա­նին: ­Միաս­նա­բար կը գոր­ծակ­ցին եւ կը վա­րեն եր­գե­ցո­ղու­թեան աշ­խա­տա­նոց­ներ. հան­դէս կու գան իբ­րեւ հա­մեր­գի եւ թատ­րո­նի ե­րա­ժիշտ­ներ:
­Շու­շան ­Քե­րով­բեա­նը՝ ե­րա­ժիշտ, բամբ ջու­թա­կա­հար, երգ­չու­հի, մաս կազ­մած է «­Մեծ ­Պա­զար» եւ «The Circle Orchestra» նո­ւա­գա­խում­բե­րուն: ­Մէ­կու­կէս տա­րիէ ի վեր ­Շու­շան, ­Յու­նաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւած է: ­Յոյն ե­րա­ժիշտ­նե­րու հետ՝ ­ռե­պե­դի­քա եւ ­յու­նա­կան ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն կը նո­ւա­գէ: ­Նաեւ՝ հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու աշ­խա­տա­նոց­ներ կը վա­րէ, թէ Ա­թէն­քի եւ թէ ­Սե­լա­նի­կի մէջ:
­Հարկ է նշել թէ՝ ­Շու­շա­նին գա­ղա­փարն էր կազ­մա­կեր­պել եր­գա­հան­դէս նո­ւի­րո­ւած Ար­ցա­խի տե­ղա­հա­նո­ւած ժո­ղո­վոր­դին. իս­կա­պէս այս ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նա­ցաւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ Ար­մե­նի­քա­յի Եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, հա­մեր­գին հան­դէս գա­լով հայ եւ յոյն ե­րա­ժիշտ­ներ եւ ա­նոնց մէ­ջը ­Շու­շանն ալ:
­Վա­հան ­Քե­րով­բեան՝ ա­րո­ւես­տա­գէտ, գծագ­րիչ, թա­տե­րա­գիր, բե­մադ­րիչ, ե­րա­ժիշտ, յօ­րի­նող, եր­գող-նո­ւա­գող, ան­դամ «­Մեծ ­Պա­զար»-ի նո­ւա­գա­խում­բին, «Ակն» կեդ­րո­նի երգ­չա­խում­բին: ­Սու­զո­ւած է նաեւ մա­նուկ­նե­րու աշ­խար­հին մէջ: ­Ման­կա­վար­ժա­կան ու գի­տա­կան փնտռտուք­նե­րով, բարձ­րո­րակ ու ստեղ­ծա­րար ո­ճով, ման­կա­պա­տա­նե­կան ծրա­գիր­ներ կը մշա­կէ, հրամց­նե­լով ե­րե­խա­նե­րուն զո­ւար­ճա­լի պա­հեր եւ ըն­ծա­յե­լով հա­յե­րէն լե­զո­ւի զար­գաց­ման ա­ռիթ­ներ:
­Մաս­նա­ւո­րա­բար ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան ­Հիմ­նար­կու­թեան ­Հայ­կա­կան ­Բա­ժան­մուն­քի (ԳԿՀՀԲ) հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ թէ՛ «­Զար­մա­նա­զան»ի թէ՛ «Եր­դիք»ի տե­սե­րիզ­նե­րու շար­քին հա­մար՝ (մա­նուկ­նե­րուն «Ա­կուլ ­Տու­կուլ», պա­տա­նի­նե­րուն «Ալ­նիս ­Բալ­նիս») նիւ­թե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը եւ եր­գի խօս­քը ստանձ­նած է: