Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ պի­տի զե­տե­ղո­ւին քա­րոզ­չա­կան տա­ղա­ւար­ներ:
Ուր­բաթ՝ 19 Ապ­րի­լէն մին­չեւ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 24 Ապ­րիլ Ա­թէն­քի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ, եւ Ա­ւագ Եր­կու­շաբ­թի՝ 22 Ապ­րի­լէն մին­չեւ Ա­ւագ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 24 Ապ­րիլ Ս­պի­տակ Աշ­տա­րա­կին առ­ջեւ:
Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ըն­կեր­նե­րը եւ ըն­կե­րու­հի­նե­րը ան­ցորդ­նե­րուն պի­տի բաժ­նեն տե­ղե­կա­տո­ւա­կան թռու­ցիկ­ներ՝ ­Հայ ­Դա­տի եւ Ար­ցա­խի առն­չու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ՝ պի­տի վա­ճա­ռեն գիր­քեր, ձայ­նե­րիզ­ներ եւ այլ ի­րեր։