Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտք գործելու արգիլումը, քաղաքական անուղեղ արարք մը ըլլալէն անդին, անգամ մը եւս ցոյց կու տայ այսօրուան վարչախումբի քաղաքական եւ գաղափարական կախուածութիւնը տէրպետրոսեանական սկզբունքներուն։
Առաջին նախագահի օրերը յիշեցնող ու անոր քաղաքական սնանկ վարքագիծին կառչած ըլլալու համաշունչ քայլերը ցոյց կու տան, որ ներկայ իշխանաւորներուն մօտ ո՛չ միայն կը պակսի քաղաքական հասունութիւնը, այլեւ որ նոյնիսկ իրենց կողմէ քարոզուած «ժողովրդավարական» կարգերը իբրեւ թէ լիովին յարգելու խաբուսիկ մթնոլորտին մէջ կը սնանի հակաժողովրդային եւ հակապետական քաղաքականութիւն մը։
Ազատ սկզբունքներն եւ ժողովրդավարութեան տարրական ըմբռնումները կը շարունակեն ծանր հարուածներ ստանալ հայրենի երկրի ղեկին վրայ գտնուող այրերէն, որոնց քաղաքական արարքները հեռու են արդի աշխարհի համոզումներէն ու արժէքներէն եւ կը յիշեցնեն խորհրդային տարիներու պատկերը։
Պիտի չմնանք հանգուցեալ ընկեր Հրայր Մարուխեանի եւ այժմ ընկեր Մուրատ Փափազեանի վտարումներու արարքներուն զուգահեռները գծելու փորձին վրայ։ Հայ ժողովուրդը եւ հայ քաղաքական միտքը շատոնց իր գնահատականը ըրաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարած քաղաքականութեան համար եւ 1998-ին ազդու պատասխան տուաւ անոր առած վտանգաւոր ուղղութիւններուն դիմաց։
Այսօր, անկախ Մուրատ Փափազեանի Հայ դատին ու հայութեան շահերուն ի նպաստ ունեցած հանրային, ընտանեկան ու անձնական ծառայութենէն, մուտքի արգիլումը ունի խոր քաղաքական իմաստ, ապա արտաքին քաղաքականութեան վտանգաւոր ընտրանքները քօղարկելու ու զանոնք ժողովուրդին որպէս կատարուած իրողութիւն հրամցնելու փորձարկումներու շղթային մէկ օղակն է այն։
Խնդիրը Մուրատ Փափազեանն ու անոր տարած Հայ դատի ի նպաստ ծառայութիւնը չէ, այլ ընդհանրապէս արտաքին քաղաքականութեան այնքան խօսուած եւ քննարկուած զիջումներուն դէ՛մ կանգնող հայրենի քաղաքական միտքի տկարացման ու ջլատումի փորձերն են, որոնք որպէս թիրախ ընտրած են ընդդիմադիր ուժերը՝ խորհրդարանէն ներս ընդդիմութեան պատգամաւորները իրենց պարտականութիւններէն զրկելու արհեստական օրակարգէն մինչեւ սփիւռքահայերուն քաղաքացիութիւն շնորհելու նոր սահմանափակումներու օրէնքի կիրարկումը։
Հայրենիքն ու Սփիւռքը իրարմէ անջատելու, դրացիներուն հետ խաղաղութեան փութկոտ պայմանագիրներ կնքելու շտապողականութեան դէմ կանգնող Սփիւռքի տեսակէտն ու կեցուածքը խեղդելու տենդագին փորձերով կը շարունակէ գործել ներկայ վարչախումբը, որու արտաքին քաղաքականութեան անընդունելի ընտրանքներուն դիմաց կանգնած են «խոչընդոտող» պատնէշներ։
Այդ պատերը քանդելու ու դէպի «խաղաղութեան» դաշտը վազելու հեւքին մէջ, իշխանաւորները իրենց ետին կ՚ականապատեն բոլոր ճանապարհները, որպէսզի անոնք «արգելք» դառնան ընդդիմութեան յառաջխաղացքին, մոռնալով թէ վերադարձի ճամբան նոյն ուղիներէն պիտի ըլլայ, անխուսափելիօրէն անցնելով իրենց իսկ կողմէ ականներով լեցուած ճանապարհներէն։
Ներկայ իշխանութեան ուսապարկերուն մէջ տեղաւորուած օրակարգը սկիզբէն ցոյց տուաւ հայ ժողովուրդի ընտրանքերը վտանգաւոր անելի մատնելու իրողութիւնը։ Այսօրուան իշխանական խաւի քաղաքական մերկութիւնը մէկ կողմէն ամբողջութեամբ կը խորտակէ ժողովրդավարութեան սկզբունքները, միւս կողմէն՝ հայրենիքը զիջելու թշնամիի ախորժակներուն դէմ ժողովրդային ըմբոստութիւնը խեղթելու ոլորապտոյտին մէջ ինկած ըլլալով, հետեւողականօրէն կը հարուածէ հայրենի պետական ու քաղաքական հիմերը։
Մուրատ Փափազեաններու հերոսացումը չէ փնտռուածը, ոչ ալ անոր հայրենիք մուտք գործելու արգիլումի արարքին մէջէն քաղաքական շահարկումներ կատարելու որեւէ փորձ։
Այլեւս, համաժողովրդային ցասումը իր արժանի տեղը գտնելու հրամայական պահանջն է, որ պէտք է վանէ զիջողական քաղաքականութիւնը եւ հայրենի հորիզոնը պիտի ազատէ հայութեան ճակատագիրին վրայ այսպէս կոչուած «արժանապատիւ խաղաղութիւն» խաղացողներէն։