Մ.Ա.Կ.ի հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րա­ցոյ­ցին վրայ 9 ­Դեկ­տեմ­բեր թո­ւա­կա­նի նշու­մը, որ­պէս «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման մի­ջազ­գա­յին օր»ո­ւան, ըն­դու­նո­ւած է աշ­խար­հի մէջ։ ­Թո­ւա­կա­նը պա­տա­հա­կան չէ, այլ կը խորհր­դան­շէ 1948 ­Դեկ­տեմ­բեր 9ը, որ Մ.Ա.Կ.ի հա­մա­ձայ­նագ­րի հի­մամբ՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման եւ պա­տի­ժի ո­րո­շու­մի ըն­դուն­ման օրն է՝ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քի­նի կող­մէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռեզ­րի ի­րա­ւա­կան բնու­թագ­րու­մով։
Այս ա­ռի­թով, ­Յու­նաս­տա­նի Եր­կո­տաս­նեան կղզէ­խում­բի ­Ռո­տոս կղզիին մէջ իւ­րա­յա­տուկ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ ­Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան, ­Ռո­տո­սի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան, ու գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին, «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Ռո­տո­սի «­Տիգ­րան-Եր­կաթ» մաս­նա­ճիւ­ղին, ­Ռո­տո­սի կիպ­րա­ցի­նե­րուն եւ ­Ռո­տո­սի պոն­տա­կան «­Տի­ղե­նիս Աք­րի­թաս» միու­թիւն­նե­րուն:
­Կի­րա­կի՝ 16 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան, «Է­վան­կե­լիսդ­րիա» մայր տա­ճա­րին մէջ, ­Ռո­տո­սի ­Մետ­րո­պո­լի­տի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ, հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ ­Հա­յոց եւ ­Յու­նաց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ­Կիպ­րո­սի մէջ թրքա­կան ներ­խուժ­ման ու գրաւ­ման հե­տե­ւան­քով զո­հո­ւած ան­մեղ հո­գի­նե­րու յի­շա­տա­կին։
­Ներ­կայ ե­ղան ­Հա­րա­ւա­յին Ե­գէա­կա­նի փոխ-մարզ­պե­տը, ­Ռո­տո­սի քա­ղա­քա­պետ ­Ֆո­թիս ­Խա­ծի­տիա­քոս, ծո­վա­յին-ցա­մա­քա­յին-օ­դա­յին զի­նո­ւած ու­ժե­րու զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու պե­տը։ ­Ներ­կայ էին նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան մշա­կու­թա­յին հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու պրն. ­Փա­ւէլ Բ­ժի­կեան, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը, ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Յու­լիա­նա ­Մա­նու­կեան եւ ­Ռո­տո­սի «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Տիգ­րան — Եր­կաթ» մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ ­Վա­սի­լիս ­Վա­սի­լիու-­Պար­տիզ­պա­նեան եւ ան­դամ­նե­րը։
­Յա­ջոր­դեց «­Հայ­րե­նի­քի զո­հո­ւած­նե­րու» յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում, ուր հա­յու­թեան ա­նու­նով դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. ­Խա­չիկ ­Խա­չա­տու­րեան։

Ն­կար­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն

­Նոյն օր, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, ­Ռո­տո­սի հին բեր­դա­քա­ղա­քին մէջ գտնո­ւող «Ս­պա­նա­կան մշա­կոյ­թի տան» դահ­լի­ճին մէջ, բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց եւ ­Յու­նաց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց նիւ­թով նկար­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեան։ ­Պատ­մա­կան այս գե­ղե­ցիկ վայ­րին մէջ, մէկ շաբ­թո­ւան վրայ եր­կա­րող ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ շրջա­նի ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, ի­րա­զեկ դառ­նա­լու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տին ու քննե­լու հե­տե­ւանք­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կան հե­տե­ւու­թիւն­նե­րը։
­Յա­տուկ աշ­խա­տանք տա­րո­ւած է, որ­պէս­զի մին­չեւ 21 ­Դեկ­տեմ­բեր դա­սա­ւո­րո­ւի այ­ցը ­Ռո­տո­սի դպրո­ցա­կան ա­շա­կեր­տա­կան խում­բե­րուն, ո­րոնք տեղ­ւոյն վրայ տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի ստա­նան եւ պի­տի դի­տեն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թով վա­ւե­րագ­րա­կան լու­սան­կար­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն, հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան տա­րազ­նե­րը, հայ­կա­կան խաչ­քար­նե­րու նկար­ներ ե­ւայլն։

Քա­ղա­քա­կան ձեռ­նարկ

­Հայ­կա­կան եւ ­Պոն­տա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ու­րաց­ման ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ճշմար­տու­թե­նէն խու­սա­փե­լու իր շա­րու­նա­կա­կան ճի­գը՝ ան­հան­դուր­ժե­լի է մի­ջազ­գա­յին մարդ­կու­թեան կող­մէ։ ­Նոյն դա­հի­ճին դէմ՝ ե­րեք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ազ­գա­յին դա­տին ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան վե­րա­բե­րող ու միա­ցեալ ջան­քե­րով յա­ջո­ղո­ւած այս ձեռ­նար­կը, ցոյց կու­տայ թէ հա­յե­րու եւ պոն­տոս­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ճա­նաչ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց յար­գու­մի՝ հա­մաշ­խար­հա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող հարց է։ Այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մատ­նան­շող խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ­Կիպ­րո­սի եւ­րոե­րես­փո­խան Է­լէ­նի ­Թէո­խա­րուս, լրագ­րող ­Սա­վաս ­Գա­լէն­տէ­րի­տիս եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան։ ­Հա­մադ­րու­մը կա­տա­րեց ­Ռո­տո­սի ­Կիպ­րա­ցի­նե­րու ­Միու­թեան նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­Սի­մէո­նի­տիս։
Եր­կու հրա­ւի­րեալ ա­կա­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ հա­յու­թեան ար­դար պայ­քար­նե­րու քա­ջա­րի պաշտ­պան տի­կին Է­լէ­նի ­Թէո­խա­րուս եւ յայտ­նի լրագ­րող ու հե­տա­զօ­տող պրն. ­Սա­վաս ­Քա­լեն­տէ­րի­տիս, անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին հա­յու­թեան փոր­ձա­ռու­թեան, որ իր շա­րու­նա­կան պայ­քար­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն յա­ջո­ղե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը հասց­նել բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի։ ­Մօտ եր­կու ժամ տե­ւող ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին, ե­րեք զե­կու­ցա­բեր­նե­րը ներ­կա­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւե­ցին եւ շեշ­տը դրին պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու եւ ար­դա­րու­թիւ­նը հե­տապն­դե­լու միա­ցեալ ճի­գին վրայ։