Շաբաթ, 21 եւ Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, Գոմոթինի քաղաքի հայութիւնը ապրեցաւ պատմական օրեր, երբ շրջանի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացաւ լիբանանահայ Յարութիւն սրկ. Գալօղլեան՝ վերանուանուելով Տ. Դանիէլ քհնյ.:
Արդարեւ, Շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 7:30-ին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւն, իսկ Կիրակի առաւօտեան Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը եւ օծումը: Ս. Պատարագը մատուցեց, ձեռնադրութիւնն ու օծումը կատարեց եւ յաւուր պատշաճի իր հայրական պատգամը փոխանցեց Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան։ Ձեռնադրութեան խարտաւիլակն էր Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան:
Ազգային վարչութեան կողմէ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան։
Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ երեք կարեւոր եւ անհրաժեշտ նկատողութիւններու.-
1) Մեկնելով ձեռնադրութեան կարգի կոչման երկնաւոր շնորհքի այն հատուածին, որ կ՚ըսէ՝ «Աստուածային երկնաւոր շնորհքը, որ միշտ առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ ծառայութեան կարիքները կը բաւարարէ…», այդ Ս. Հոգիի ներգործութեամբ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ եղող անձը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ իրերը Ս. Հոգիով կը ներգործուին։
Ահաւասիկ, Ս. Հոգին կոչ կ՚ընէ նոր ընծայեալին, որպէսզի քահանայական կարգի պատասխանատուութեամբ՝ եկեղեցւոյ խորհուրդներուն ճամբով կը բաւարարէ եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները։
2) Ակնարկելով ձեռնադրողի նոր անուն ստանալուն, իւրաքանչիւր ընծայեալ կամովին յանձն կ՚առնէ աշակերտիլ եւ հետեւիլ Քրիստոսի։ Առ այդ, նոր անուն ստանալով ամբողջութեամբ պէտք է հոգեփոխուի եւ դառնայ նոր մարդ, Քրիստոսի հետեւորդ՝ նոր կեանք ու նոր նպատակ։
Մէջբերելով Ղուկաս Աւետարանիչի 9-րդ գլխու 62-րդ համարին՝ «ան որ ձեռքը մաճին կը դնէ եւ ետ կը նայի, յարմար չէ Աստուծոյ թագաւորութեան», ակնարկելով Քրիստոսի հետեւելու կանչին, ինչպէս որ աշակերտներուն ըրաւ, այսինքն անոնք որոնք կ՚ապաւինին Քրիստոսի, հրաժեշտ կ’առնեն աշխարհէն. մասնակի եւ կիսատ կարելի չէ Քրիստոսի հետեւիլ։
Ամբողջական նուիրումով պէտք է դառնալ նոր մարդ, որպէսզի նոր առաքելութեամբ իրագործէ բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները։
3) Նկատի ունենալով նորընծային Լիբանանի մէջ ծնած, ուսած եւ Քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած, Առաջնորդ Սրբազան հայրը ակնարկութիւն կատարեց Լիբանանի հայ գաղութին, որ հակառակ վերջին 45 տարիներու տագնապալի, պատերազմական, քաղաքական, տնտեսական ենթարկուածութեան, տակաւին կը մնայ կանգուն ու վերականգնուած ու կը շարունակէ իր ծառայութիւնը բերել նաեւ Սփիւռքի այլ օճախներուն։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, իր որդիական երախտագիտութիւնն ու ակնածանքը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր Գահակալ Արամ Ա. Սրբազնագոյն հայրապետին, թեմերու հովուապետին, որ իր հայրական օրհնութեամբ ու պատգամներով եւ յորդորներով կը մատակարարէ եւ իր Ս. Աջը ու հովանին միշտ անպակաս կ՚ըլլայ մեր վրայէն։ Վերջապէս, Թեմակալ առաջնորդ Սրբազան հայրը շնորհաւորեց Թրակիոյ հայ համայնքը՝ իր նոր քահանայի ձեռնադրութեան եւ օծման առթիւ եւ մաղթեց փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ աջակցութեամբ Հովիւ եւ Ժողովուրդ շարունակեն ծաղկուն պահել շրջանը։
Ս. Պատարագի աւարտին, նորաօծ քահանան ընդունեց իր շնորհաւորութիւնները եկեղեցւոյ մէջ։ Ապա, սրահէն ներս տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։
ԹՂԹԱԿԻՑ