Թ­րա­կիոյ շրջա­նին մէջ նո­րոգ ձեռ­նադ­րեալ արժ. Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գալ­լո­ղը­լեան, յետ ձեռ­նադ­րու­թեան ա­պաշ­խա­րու­թեան շրջա­նը բո­լո­րե­լով, ­Կի­րա­կի, 19 ­Յու­նիս 2022-ին, ­Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցեց իր անդ­րա­նիկ Ս. ­Պա­տա­րա­գը։
Ա­րա­րո­ղու­թեանց հան­դի­սա­պե­տեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ գերպ. Տ. ­Յով­հան­նէս ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան։ Շր­ջա­նին մէջ ապ­րող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կող­քին, ներ­կայ ե­ղան նաեւ ­Գո­մո­թի­նիի եւ միջ­թա­ղա­յի­նի ա­տե­նա­պետ­նե­րը ու ան­դամ­նե­րը։ ­Պա­տա­րա­գի հո­գեզ­մայլ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը։
«­Հայր ­Մեր»-էն ա­ռաջ, նո­րըն­ծայ քա­հա­նայ հայ­րը, իր անդ­րա­նիկ խօս­քը փո­խան­ցեց ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին։
Ան շեշ­տեց Ք­րիս­տո­սի ճշմա­րիտ լոյս ըլ­լա­լու խոր­հուր­դը։ Ընդգ­ծեց, թէ Ք­րիս­տոս՝ լու­սա­ւո­րի­չը մեր կեան­քին, կա­րո­ղու­թիւն ու­նէր խա­ւա­րը փա­րա­տե­լու, միտ­քե­րը մաք­րե­լու եւ սիր­տե­րը սրբե­լու։ ­Թե­լադ­րեց, հե­տե­ւիլ ճշմա­րիտ լոյ­սին՝ Ք­րիս­տո­սի, որ­պէս­զի լոյ­սի աղ­բիւ­րին ա­նա­ղարտ ճա­ռա­գայթ­նե­րով լու­սա­ւո­րո­ւած, կա­րե­լի ըլ­լայ բա­րի գոր­ծեր կա­տա­րել Աս­տու­ծոյ փառ­քին հա­մար։
­Տէր հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց ո­րոնք իր պատ­րաս­տու­թեան շրջա­նին, ձեռ­նադ­րու­թեան օ­րը, ա­պաշ­խա­րան­քի շրջա­նին, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­նիկ Ս. ­Պա­տա­րա­գի մա­տուց­ման իր հետ ե­ղած ան­ձե­րուն։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց իր հո­գե­ւոր ծնո­ղին՝ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեա­նին։ ­Նաեւ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Թ­րա­կիոյ թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն եւ տիկ­նանց կազ­մին։
­Յա­ւարտ Ս. ­Պա­տա­րա­գի Տ. ­Յով­հան­նէս ծ. վրդ­.ը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց նո­րըն­ծայ Տ. ­Դա­նիէլ քա­հա­նան ու ը­սաւ. «­Տէր ­Հայ­րը իր ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սար­կած է եւ Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թեամբ ար­ժա­նա­ցած՝ քա­հա­նա­յա­կան սուրբ կար­գին։ Ան վա­յե­լեց հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րուն քա­ջա­լե­րան­քը եւ 40 օ­րեր ա­ռաջ ո­րո­շեց հո­գե­ւո­րա­կան դառ­նալ ու այս ուղ­ղու­թեամբ դի­մեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի Սր­բա­զան հօր։ Որ­պէս Աս­տու­ծոյ սպա­սա­ւո­րը, այ­սօր ­Տի­րոջ Ս. ­Սե­ղա­նին առ­ջեւ կանգ­նած Ս. ­Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցա­նէ։
­Յա­նուն հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նոր­դին, որ ե­ղաւ նո­րըն­ծայ ­Տէր հօր հո­գե­ւոր ծնո­ղը։ ­Կը շնոր­հա­ւո­րեմ նաեւ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը, ո­րուն նոր ան­դա­մը ծա­ռա­յու­թեան պի­տի սկսի։ Ա­ղօ­թե­ցէ՛ք, ­Տէր հօր հա­մար, որ­պէս­զի ան լիո­վին ծա­ռա­յէ Ք­րիս­տո­սի ե­կե­ղե­ցին եւ մե­րազն հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին»։
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ժո­ղո­վուր­դը մօ­տե­ցաւ նոր քա­հա­նայ հօր եւ ա­նոր փո­խան­ցեց սրտա­գին բա­րե­մաղ­թանք­ներ։ ­Տէր ­Դա­նիէլ, իր կար­գին, բո­լո­րին բաշ­խեց իր օրհ­նու­թիւ­նը եւ մաղ­թանք­ներ փո­խա­դար­ձեց։

ԹՂԹԱԿԻՑ