­­­Կի­րա­կի՝ 17 ­­­Նո­յեմ­բեր 2019ին, յու­նա­հա­յոց ազ­գա­յին կեան­քի աշ­խու­ժու­թեան զար­կե­րա­կը զգա­ցո­ւե­ցաւ ­­­Քա­լա­մա­թա­յէն, ուր յատ­կանշա­կան օր մը եւս ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ յու­նա­հա­յոց կեան­քի տա­րեգ­րու­թեանց մէջ։ ­­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տապնդ­ման հա­մա­հայ­կա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը եւ ի մաս­նա­ւո­րի՝ Հ.Յ.Դ. ­­­Յու­նաս­տա­նի ­­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը ­­­Քա­լա­մա­թա­յէն յա­ւե­լեայլ լու­մայ մը եւս նե­տեց ­­­Հայ դա­տի ար­դար հե­տապնդ­ման աշ­խատ­նաք­նե­րուն գան­ձա­նա­կին մէջ՝ հա­մա­նուն քա­ղա­քի հրա­պա­րակ­նե­րէն մէ­կուն վրայ ­­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին ­­­Հա­յաս­տա­նէն բե­րո­ւած խաչ­քա­րի զե­տե­ղու­մով:
Սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թեան մա­սին անդ­րա­դառ­նա­լով, պէտք է նշել, որ ­­­Քա­լա­մա­թա­յի հայ հա­մայն­քին փա­փա­քը ի­րա­գոր­ծե­լի դարձ­նո­ղը ե­ղած էր քա­ղա­քի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ եւ այժմ ­­­Փե­լո­փո­նի­սո­սի նա­հան­գա­պետ ­­­Բա­նա­յո­թիս ­­­Նի­քաս, որ իր պաշ­տօ­նա­խա­րու­թեան շրջա­նին, քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դը կա­յա­ցուց ո­րո­շում, որ­պէս­զի խաչ­քա­րը զե­տե­ղո­ւի ­­­Քա­լա­մա­թա­յի հայ հա­մայն­քին տրա­մադ­րո­ւած «Ս. ­­­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դի­պա­կաց «Ֆ­րա­կո­լիմ­նա» հրա­պա­րա­կին վրայ: ­­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ի­րենց կա­րե­ւոր սա­տա­րը ու­նե­ցան ­­­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը եւ ­­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը:
­­­Կի­րա­կի ա­ռա­ւօ­տեան, ­­­Քա­լա­մա­թա­յի «Ս. ­­­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ սուրբ եւ ան­մահ ­­­Պա­տա­րագ: ­­­Պա­տա­րա­գեց Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­­­Լու­սա­ւո­րիչ» մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Հ­րայր Ա. քհնյ ­­­Նի­կո­լեան: ­­­Ներ­կայ էին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը եւ ան­դամ­ներ, Ա­թէն­քի Հ.Մ.Ը.Մ. ի սկաուտ­նե­րը ազ­գա­յին եւ յու­նա­կան դրօշ­նե­րով, եւ ­­­Քա­լա­մա­թա­յի ժո­ղո­վուր­դին կող­քին նաեւ Ա­թէն­քէն ժա­մա­նած ստո­ւար թի­ւով հա­յոր­դի­ներ:
­­­Սուրբ ­­­Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց ­­­Յու­նաս­տա­նի ­­­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ. ­­­Գե­ղամ արք. ­­­Խա­չե­րեան: ­­­Ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ուղ­ղած իր պատ­գա­մին մէջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ պատ­մո­ւող ­­­Յի­սու­սի Ա­ռա­քեալ­նե­րու մի­ջեւ ծա­գած վէ­ճին, թէ ­­­Յի­սու­սէն ետք ո՞վ պի­տի ըլ­լայ ի­րենց մե­ծը: ­­­Յի­սուս այդ վէ­ճը վճռած էր ը­սե­լով, որ մէ­կը կ­­­՚ու­զէ մե­ծը ըլ­լալ պէտք բո­լո­րին սպա­սա­ւո­րը ըլ­լայ:
­­­Յի­սուս ծա­ռա­յու­թիւ­նը իր նո­ւաստ ի­րա­վի­ճա­կէն վե­րա­ծած էր ա­ռա­քի­նու­թեան, ե­սին ծա­ռա­յու­թե­նէն զայն փո­խադ­րած էր Աս­տու­ծոյ եւ մարդ­կու­թեան նո­ւի­րա­կան նպա­տակ­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան: Ք­րիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի թե­լադ­րան­քովն է, որ այ­սօր մենք կը նա­յինք ազ­գա­յին կեան­քին մեր կա­տա­րած կա­մա­ւոր եւ սի­րա­յօ­ժար ծա­ռա­յու­թեան: ­­­Պաշ­տօն­ներն ու հան­գա­մանգ­նե­րը պա­տիւ ըլ­լա­լէ ա­ռաջ եւ վեր՝ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն են եւ ծա­ռա­յու­թեան աս­պա­րէզ: ­­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մար­տի­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին զե­տե­ղո­ւած խաչ­քա­րը ե­թէ յար­գանք եւ պա­տիւ մըն է ա­նոնց նա­հա­տա­կու­թեան, միա­ժա­մա­նակ մե­զի հա­մար յու­շա­րար կո­թող մըն է ա­նոնց կտա­կին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու եւ մեր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան ու հա­ւա­տար­մու­թեան մէջ ա­նայ­լայլ մնա­լու:
­­­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ խաչ­քա­րի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր հան­դի­սու­թիւ­նը:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի կող­քին, ներ­կայ էին ­Ֆի­լիփ­փոս վար­դա­պե­տը, որ կը ներ­կա­յաց­նէր բա­նա­ւոր պատ­ճա­ռով քա­ղա­քէն դուրս գտնո­ւող ­Մե­սի­նիայ­սի ­Մետ­րո­պո­լիտ Խ­րի­սոս­թո­մո­սը, ­Փե­լո­փո­նի­սո­սի նա­հան­գա­պետ ­Բա­նա­յո­թիս ­Նի­քաս, ­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Թա­նա­սիս ­Վա­սի­լո­բու­լոս, շրջա­նի ե­րես­փո­խան­ներ եւ քա­ղա­քի պատ­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: ­Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հան­դի­սա­վա­րին հրա­ւէ­րով խաչ­քա­րի բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գափ­լա­նեան, ­Փե­լո­փո­նի­սո­սի նա­հան­գա­պե­տը, ­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­պե­տը եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Սո­ֆիա ­Մար­գա­րեան, որ­մէ ետք ող­ջոյ­նի խօս­քեր ար­տա­սա­նո­ւե­ցան նա­հան­գա­պե­տին, քա­ղա­քա­պե­տին, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, ­Ֆի­լիփ­փոս վար­դա­պե­տի եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ:
Ե­լոյ­թի գլխա­ւոր խօ­սողն էր ­Յու­նաս­տա­նի Ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ գի­տաշ­խա­տող տոքթ. Իոան­նիս Փ­լե­մե­նոս, որ ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ի­րո­ղու­թեան, նշե­լով, որ ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ կանգ­նած յու­շար­ձա­նը կը միաց­նէ եղ­բայ­րա­կից հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ՝ կո­թո­ղը կը խորհր­դան­շէ կո­չը հա­մայն մարդ­կու­թեան՝ կան­խար­գի­լե­լու հա­մար ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը։
­Խօս­քե­րու ա­ւար­տին, կա­տա­րո­ւե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում, ա­պա հնչե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րը, յու­զու­մի մթնո­լոր­տի մէջ։
«­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­նօր» պա­րա­խում­բի երկ­սեռ ան­դամ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցու­ցին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պա­րեր, մե­ծա­պէս խան­դա­վա­ռե­լով ներ­կայ հայ եւ յոյն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը:
Ա­ւար­տին, ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցաւ շրջա­նի հա­յու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած հայ­կա­կան ա­նու­շե­ղէն­նե­րու տե­սա­կա­նի­նե­րով:

Թղ­թա­կից