Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը նշուեցաւ նաեւ Քալամաթայի հայկական համայնքին կողմէ, Երկուշաբթի, 18 Ապրիլ 2022-ին։
Քալամաթայի «Ս. Նիկողայոս» հայկական եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի եւ քաղաքապետարանի միացեալ կազմակերպութեամբ, եկեղեցւոյ կից գտնուող հրապարակի հայկական խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ գոհաբանական արարողութիւն մէկուկէս միլիոն նահատակներուն համար։
Արարողութիւնը կատարեց Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենալով Տէր Պարէտ եւ Տէր Նարեկ քահանայ հայրերը։ Ներկայ եղան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան, քաղաքապետ Աթանասիոս Վասիլոփուլոս, Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխան Փերիքլիս Մանտաս, այլ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Քալամաթայի հայութիւնը։
Արարողութենէն ետք հայրական խօսքը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը որ նշեց, թէ Քալամաթայի վայրը եղած է յունական յեղափոխութեան այն կարեւոր կեդրոններէն մէկը, թօթափելու համար թրքական լուծը։
«107 տարի անցած է այն օրէն, որ կը խորհրդանշէ Հայոց ցեղասպանութեան չարաբաստիկ թուականը։ Հայ ժողովուրդի եղեռնագործութեան յաջորդեց պոնտացի յոյներու եւ ասորիներու ջարդը, ապա Կիպրոսի գրաւումը, իսկ այսօր Արցախի հայութիւնը կը ճաշակէ թուրք-ատրպէյճանական ուժերու կողմէ մեր պատմական արծուաբոյնի հողերու գրաւումը, որ խլեց հազարաւոր կեանքեր, կորստեան մատնեց հայ մշակոյթի կոթողները ու տարագիր դարձուց մեր ժողովուրդը։
Այսօր, հայ ժողովուրդը ոտքի կանգնած, աշխարհի բոլոր կողմերը, իր պահանջատիրութեան ձայնը կը բարձրացնէ, պահանջելով արդարութեան վերականգնումը եւ հատուցումը։
Այսօրուան ելոյթը խորհրդանշականօրէն յատուկ կարեւորութիւն կը ստանայ, որովհետեւ տեղի կ՚ունենայ պատմական վայրի մը մէջ, որ յունական ապստամբութեան ոգին համակեց նաեւ հայ ազատագրական պայքարի եւ մեր ժողովուրդի ոտքի կանգնելու խորհուրդը», շեշտեց Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Քալամաթայի քաղաքապետ Աթանասիոս Վասիլոփուլոս, նշելով թէ 107 տարի ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ մնալ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը եւ ընդգծեց անմեղ զոհերու յիշատակութեան եւ ոգեկոչումի կարեւորութիւնը:
Երեսփոխան Փերիքլիս Մանտաս իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ Յունաստանի խորհրդարանը պիտի շարունակէ միջազգային հանրութենէն պահանջել ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէսզի այլեւս մարդկութիւնը չառերերսուի նմանատիպ ոճրագործութիւններու հետ:
Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեան նշեց, որ Յունաստանը այն եզակի երկիրներէն է, ուր թէ՛ մեծ եւ թէ՛ փոքր քաղաքներուն մէջ կը յարգուի Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը: Դեսպանը արձանագրեց, որ երկու ժողովուրդները ունին ընդհանուր արժէքներ, ընդհանուր սպառնալիքներ, նաեւ ընդհանուր պատմութիւն, որը ուրոյն դերակատարութիւն ունի երկու պետութիւններու ձեւաւորման գործին մէջ:
Տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն խաչքարին առջեւ՝ Քալամաթայի քաղաքապետի, Հ.Հ. դեսպանի, Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւորի, զօրաբանակի հրամանատարի ներկայացուցիչի, Ազգային վարչութեան եւ Քալամաթայի Թաղային խորհուրդին կողմէ։
Քալամաթա այցելութեան ծիրէն ներս հայկական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Քալամաթայի քաղաքապետին հետ, ուր արծարծուեցան հայ եւ յոյն գործակցութեան կապերը, ինչպէս նաեւ շրջանի հայ համայնքին հետ կապուած հարցեր։
Նոյն օրը, Առաջնորդ Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ հայկական պատուիրակութիւնը յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Քալամաթայի հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Քալամաթայի հայութեան առաւել կազմակերպումի հրամայականին, որ պիտի սատարէ համայնքի աշխուժացման եւ ծրագիրներու հիմնաւորման։
Թաղային խորհուրդի անդամները եւս իրենց տեսակէտները եւ առաջարկները ներկայացուցին զրոյցի ընթացքին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Քալամաթայի հայութիւնը նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը (նկարներ)