ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Քաթալոնիոյ խորհրդարանը ընթացակարգային երկրորդ քայլը առաւ` քուէարկելով Սպանիայէն անջատուելու եւ անկախութիւն հռչակելու բանաձեւին օգտին: Սպասուածը այժմ պաշտօնական Մատրիտի դիրքորոշումն է, որուն ուղղութեամբ արդէն նախապէս սպանական իշխանութիւնները կատարած էին յայտարարութիւններ:
Այստեղ դժուար թէ իրաւականօրէն համատեղուին տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքները: Կան իրաւական արդարացում փնտռող խնդիրներ, թէ` անկախութեան ի նպաստ հանրաքուէին քաթալոնացիներուն մեծամասնութիւնը չէ մասնակցած. կամ՝ նաեւ պատմական առումով Քաթալոնիոյ ժողովուրդը ըստ էութեան միեւնոյն սպանացի ժողովուրդին մէկ հատուածն է, որ ունի կրօնական, մշակութային, լեզուական բացարձակ ընդհանրութիւններ եւ ատով իսկ անջատուելու իրաւական դրոյթները չ՛ամբողջացներ:
Այս եւ նման առարկութիւններ եւ հակափաստարկներ յայտնապէս պիտի շարունակուին՝ ճշդորոշելու համար Քաթալոնիոյ կարգավիճակը:
Բայց խնդիրը Քաթալոնիայէն աւելի կը թուի վերաբերիլ ամբողջ Եւրոպային: Չի բացառուիր, որ միջազգային մամուլին մէջ հետզհետէ սկսին երեւալ Եւրոպայի կազմաքանդումին մասին քաղաքական կանխատեսումներու տեսութիւններ:
Համաեւրոպական տարողութեամբ գոյութիւն ունեցող, յամեցող եւ որոշակի մագլցողականութիւններով յատկանշուող տագնապները` գաղթականական, տնտեսական, ելեւմտական եւ մանաւանդ ապահովական առումներով կ՛ուղեկցին նաեւ Եւրոպական Միութենէն ելքերով: Պրեքզիթը նշուած համաեւրոպական ճգնաժամներու պատճառականութիւնը ներառած էր իր հիմնաւորումներուն մէջ: Անջատողական տրամադրութիւններու ենթադրեալ յաջորդականութիւն մը հաւանաբար իբրեւ ենթահիմնաւորում ունենայ այս տագնապները նաեւ: Իսկ այս առումով՝ նկատի ունենալով ժողովրդագրական պատկերը եւրոպական աշխարհագրական այլ միջավայրերու մէջ, Քաթալոնիոյ օրինակին հետեւողներ կրնան ըլլալ:
Պատահական կարելի չէ համարել Լեհաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարին Երեւանի մէջ կատարած ակնարկը` Արեւելեան Գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ կնքուելիք ընդլայնուած եւ համապարփակ համագործակցութենէն հեռանկարային անցում կատարելու դէպի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւն: Եւրոպական Միութենէն ելքերու դիմաց դէպի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին բարձրաձայն նշումի պաշտօնական օրինակ է Վարշաւայի յղած ուղերձը Երեւանին:
Հայկական դիտանկիւնի ոսպնեակը այս պարագային աւելի կը կեդրոնանայ այն անտեղի համեմատութիւններուն վրայ, որոնք կը կատարուին Քաթալոնիոյ եւ Արցախին միջեւ: Իբրեւ առաջին պարզ յստակացում, որ կ՛ընդգծէ համեմատելիութեան անտեղիութիւնը, այն է, որ Քաթալոնիան երկրի մը` Սպանիոյ, տարածքային ամբողջականութենէն դուրս կու գայ, մինչ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի տարածքին: Բռնակցումը այս պարագային հիմնովին կը հակադրուի միջազգայնօրէն ընդունուած ինքնորոշման իրաւունքին. սկզբունքով նաեւ` տարածքային ամբողջականութեան` տրուած ըլլալով, որ բռնի միջոցներով, հակաժողովրդավարական եղանակով (տակաւին չենք խօսիր տարբեր ազգի, ժողովուրդի, կրօնի, մշակոյթի, պատմութեան հանգամանքներուն մասին) կայացած որոշումի հիման վրայ Արցախին տրուած է ատրպէյճանական տարածքին մէջ ինքնավար մարզի կարգավիճակ: Առաւել եւս. Մատրիտը որեւէ տեսակի սումկայիթեան քաղաքականութիւն չէ կիրարկած քաթալոնացիներու նկատմամբ:
Այս անհամատեղելիութեան իրազեկ են նաեւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագիրին պատասխանատուները, երբ ընդլայնուած եւ համապարփակ համագործակցութեան փաստաթուղթին մէջ արցախեան հակամարտութեան նկատմամբ կը նշեն` տարածքային ամբողջականութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ուժի կիրարկման բացառումի միջազգային սկզբունքները:
Անհամեմատելիութեան պարզ ու ամփոփ սկզբունքը հետեւեալն է. Քաթալոնիան կ՛անջատուի Սպանիոյ տարածքային ամբողջականութենէն: Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: