ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քաթալոնիոյ մէջ 1 Հոկտեմբեր 2017ին անկախութեան հանրաքուէ կազմակերպուեցաւ: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն նուազ քան կէսը, իսկ ընդդիմադիրներ պոյքոթի ենթարկեցին հանրաքուէն: Քուէարկողներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան եւ այնուհետեւ Քաթալոնիոյ անկախութիւնը հռչակուեցաւ: Սակայն սպանական կառավարութիւնը ապօրինի, հակասահմանադրական եւ անվաւեր հռչակեց հանրաքուէն: Քաթալոնիոյ խորհրդարանը լուծուեցաւ եւ Մատրիտ ուղղակի իշխանութիւն հաստատեց ինքնավար մարզին վրայ: Քարլէս Փուճտեմոն եւ տեղական ղեկավարները պաշտօնէ արձակուեցան եւ բնականոնականութեան վերականգնման համար կանխահաս ընտրութիւններ ճշդուեցան:
Քաթալոնիա պատմական երկրամաս է Սպանիոյ հիւսիս-արեւելեան կողմը, Փիրենեան լեռներուն եւ Միջերկրական ծովուն միջեւ, եւ քաթալոնացիները Սպանիոյ բաղկացուցիչ ազգագրական խմբաւորումներէն են:
Սպանիա 46 միլիոն բնակիչ ունի: Սպանացիք տեղական առանձնայատկութիւններու եւ լեզուական ու բարբառային տարբերութիւններու հիմամբ ազգագրական խմբաւորումներու բաժնուած են: Ցեղագրականօրէն, պատմութեան ընթացքին հոն բնակած, ներխուժած եւ տիրապետած ժողովուրդներէն եւ ցեղերէն՝ իպերներէն, փիւնիկեցիներէն, յոյներէն, կելտերէն, հռոմէացիներէն, վանտալներէն, ալաններէն, սուեւներէն, վիսիկոթերէն եւ մաւրերէն իւրաքանչիւրը իր անջնջելի կնիքը դրած է:
Քասթիլիացիները (քասթիլիանոս) գլխաւորաբար Քասթիլիա լա Մանչայի, Մատրիտի եւ Քասթիլիոյ եւ Լէոնի մէջ կեդրոնացած են: Կը խօսին քասթիլերէն (քասթիլիանօ), որ ծագում առած է հիւսիսային Սպանիոյ մէջ, սերած է լատիներէնէն եւ ազդուած է պասքերէնէն: Քասթիլիա 11րդ դարուն անկախութիւն ձեռք ձգեց եւ Պուրկոս եւ այնուհետեւ ալ Վալիատոլիտ անոր մայրաքաղաքը դարձան: Քասթիլիա լա Վիեխա (Հին Քասթիլիա) կեդրոնական Սպանիոյ հիւսիսային գօտին է, իսկ Քասթիլիա լա Նուէվա (Նոր Քասթիլիա) անկէ հարաւ տարածուող գօտին է:
Քասթիլիոյ թագաւորութիւնը տարածուեցաւ Իպերիական թերակղզիին մեծ մասին վրայ, յատկապէս՝ դէպի հարաւ, եւ քասթիլերէնը փոխարինեց հոն խօսուող լեզուները: Իսկ Ամերիկայի նուաճումէն ետք քասթիլիական լեզուն եւ մշակոյթը տարածուեցան Նոր Աշխարհին մէջ: Քասթիլերէն նաեւ հոմանիշ է սպաներէնի:
Անտալուզիացիները երկրին հարաւային համանուն երկրամասին բնակիչներն են եւ անտալուզ կամ անտալու բարբառը կը խօսին:
Էսթրեմատուրացիները երկրին կեդրոնական-հարաւ-արեւմտեան երկրամասի բնակիչներն են: Էսթրեմենիու լեզուն կը խօսուի Էսթրեմատուրայի հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն եւ յարակից Սալամանքայի նահանգին մէջ:
Արակոնցիները համանուն, կեդրոնական եւ հիւսիս-արեւելեան Սպանիոյ միջեւ տարածուող պատմական երկրամասին բնակիչներն են: Արակոնես լեզուն, որ կը խօսուէր Արակոնի թագաւորութեան մէջ, ներկայիս միայն գիւղական կարգ մը շրջաններու բնակիչներուն մօտ պահպանուած է:
Ասթուրիացիները հիւսիսային համանուն երկրամասին բնակիչներն են եւ կելտական ծագում ունին: Ասթուրիանու կամ պապլէ լեզուն եւ քասթիլերէն կը խօսին:
Էոնաւիեկօ լեզուն կը խօսուի Ասթուրիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ:
Լէոնցիները (լիոնեսես) նախկին Լէոնի թագաւորութեան բնակիչներն են եւ հիւսիս-արեւմտեան Սպանիոյ եւ Փորթուգալի հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ կեդրոնացած են: Պահած են լիոնէսա լեզուն:
Կալիցիացիները երկրին հիւսիս-արեւմտեան Կալիցիա երկրամասին բնիկներն են. կեդրոնացած են նաեւ Ասթուրիոյ, Քասթիլիոյ եւ Լէոնի, հիւսիսային Փորթուգալի, Մատրիտի, Պարսելոնայի եւ Պիսքայի մէջ: Կալիցերէնը (կալեկօ) մօտիկ առնչութիւն ունի փորթուգալերէնին հետ:
Պասքերը (ինքնանուանումը՝ էոսքալտունաք, եզակի՝ էոսքալտուն) կեդրոնացած են հիւսիսային Պասք երկրամասին եւ Նաւարայի մէջ: Պասքերէնը՝ էոսքարա, ուրոյն լեզու է: Պասքեր կը բնակին նաեւ Ֆրանսայի մէջ:
Քանթապրիացիները երկրին հիւսիսային համանուն երկրամասին բնակիչներն են: Ունին իրենց բարբառը: Քաթալանները հիւսիս-արեւելեան Քաթալոնիա երկրամասին բնակիչներն են: Քաթալան լեզուն՝ քաթալա, Քաթալոնիոյ, Պալէարեան կղզիներուն, Անտորայի, Վալենսիոյ, Արակոնի, Մուրսիոյ, նաեւ՝ Իտալիոյ Սարտինիա կղզիին եւ մասամբ ալ հարաւային Ֆրանսայի մէջ տարածուած է:
Վալենսիացիները համանուն հարաւ-արեւելեան երկրամասին բնակիչներն են եւ քաթալաններուն մէկ ճիւղը կը նկատուին:
Պալէարցիները Պալէարեան կղզիներուն բնակիչներն են եւ քաթալան ու քասթիլիական լեզուները կը խօսին:
Քանարիացիները Քանարեան կղզիներու բնակիչներն են:
Քաթալոնիա ունի 32.114 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն եւ աշխարհագրական քանի մը գօտիներու բաժնուած է:
Հիւսիսը Փիրենեան լեռներն են շուրջ 200 քիլոմեթր երկարութեամբ, որոնք գլխաւոր երկու լեռնաշղթաներու բաժնուած են. Աքսիալ Փիրենէ՝ հիւսիւսային կողմը, եւ Փրէ Փիրենէ՝ անկէ հարաւ: Գլխաւոր լեռնաշղթաներուն զուգահեռ կան աւելի ցածրադիր լեռնաշղթաներ: Փիքա տ՛Էսթաթս ունի 3143 մեթր բարձրութիւն, Փիկփետրոս՝ 2014 մեթր բարձրութիւն: Փրէ Փիրենէի մէջ կը գտնուի Սերրա տէլ Սատին:
Փիրենեան լեռներէն հարաւ 200էն 600 մեթր բարձրութեամբ հարթավայրեր են, որոնք Էպրօ գետի հովիտին արեւելեան մասը կը կազմեն: Փիրենեան լեռներէն հոսող ջուրերը կ՛ոռոգեն հողերը: Կան նաեւ ջրանցքներ: Երկրագործականօրէն բերրի շրջան է: Դէպի հիւսիս-արեւելք Էմփորտա դաշտավայրն է:
Միջերկրականեան գօտին կ՛ընդգրկէ երկու եւ աւելի լեռնաշղթաներ, որոնք կ՛երկարին ծովուն զուգահեռ, հիւսիս-արեւմուտքէն դէպի հարաւ-արեւելք: Գլխաւոր բարձունքներն են՝ Մոնթսերրաթ, Մոնթսենի եւ Փորթօ: Լեռներուն միջեւ կան դաշտեր, որոնցմէ գլխաւորներն են՝ Վալլես եւ Փենետես:
Գլխաւոր գետերն են՝ Թեր, Լոպրեկաթ եւ Էպրօ: Էպրոյի տելթան, 340 քիլոմեթր տարածութեան վրայ, չափազանց բարեբեր է եւ բրինձի, բանջարեղէնի ու կիտրոնային պտուղներու շտեմարան:
Բնութիւնը գեղեցիկ է. մէկ կողմը՝ ծովուն կապոյտը անհուն, ջինջ ջուրերով, միւս կողմը՝ բրինձի ու ցորենի մշակման բերրի դաշտեր, ձիթապտուղի, նարինջի, լեմոնի ծառաստաններ ու խաղողի այգիներ, եւ հեռուն՝ լեռներու կանաչապատ, անտառախիտ բարձունքները ձիւնապատ գագաթներով: Հարուստ արօտավայրեր եւ ոչխարի, այծի, խոզի, կովու, ձիու ու հաւազգիներու բուծանման ագարակներ:
Կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչներէն յիշենք վարազը, կարմիր աղուէսը, եղնիկը, քարայծը եւ արջը: Ջուրերը հարուստ են ձուկերով: Հին ու պատմական բնակավայրեր՝ միջնադարեան թաղերով, քարաշէն եւ կղմինտրածածկ տուներով, նեղ փողոցներով, եկեղեցիներով ու վանքերով:
Կլիման ծովափնեայ եւ ներքին շրջաններուն մէջ ամառը տաք է, ձմեռը՝ մեղմ: Լեռնային շրջաններուն մէջ ամառը՝ զով, ձմեռը՝ ցուրտ եւ ձիւնապատ: Գարունը եւ աշունը ամէնուրեք մեղմ, հաճելի եւ անձրեւային եղանակներ են: Լեռներուն, հովիտներուն եւ դաշտերուն մէջ յաճախակի են մառախուղները:
Քաթալոնիոյ ինքնավար մարզը բաժնուած է չորս նահանգներու. Պարսելոնա, Կիրոնա, Լէիտա եւ Թարրակոնա: Կան 948 քաղաքապետութիւններ:
Տեղական ինքնավար մարմինները երկրամասը աշխարհագրական քանի մը գօտիներու բաժնած են. Ալթ Փիրինէու ի Արան, Ամպէթ Մեթրոփոլիթա տէ Պարսելոնա, Քամփ տէ Թարրակոնա, Քոմարկես Կիրոնինես, Քոմարքես Սենթրալս, Փենետես, Փոնենթ եւ Թերրես տէ լ՛Էպրէ:
Պարսելոնա ելեւմտական եւ տնտեսական կեդրոն եւ կարեւոր նաւահանգիստ է Միջերկրականի ափին: Ծովուն եւ անկէ հինգ քիլոմեթր հեռու, Լիոպրեկաթ ու Պեսոս գետերուն եւ Սերրա տէ Քոլսերոլա լեռնաշղթայի 512 մեթր բարձրութեամբ Թիպիտապօ գագաթին միջեւ պարփակուած, շարք մը բլուրներով (Քարմել, Փութկեթ, Ռովիրա եւ Մոնթխուիխթ) ու ելեւէջներով, շքեղ թաղամասերով, վարդագոյն եւ գորշ քարերով շէնքերով, լայն հրապարակներով ու հոյակերտ տաճարներով, անիկա գեղեցիկ ոստան մըն է: Ունի մէկ միլիոն 600 հազար, իսկ արուարձաններով՝ չորսուկէս միլիոն բնակիչ:
Աւանդութեան համաձայն՝ կարթաքենացի հերոս Հաննիպալի հայրը՝ Համիլքար Պարքա հիմնեց Պարսինոն, իսկ հռոմէացիք զինուորական յենակէտի վերածեցին զայն: Վիսիգոթներ Ե. դարուն ժամանակ մը Պարսելոնան Հիսփանիայի մայրաքաղաքը հռչակեցին: Հետագային անիկա Պարսելոնայի կոմսերուն մայրաքաղաքը դարձաւ: Եւրոպայի առաջին հանրային դրամատունը՝ Թոլա տէ քանվի բացուեցաւ 1401ին, Պարսելոնայի մէջ:
Քաղաքին հին շրջագիծին մէջ կը գտնուի Պարրի Գոթիքը (Գոթական թաղը), ուր պահպանուած են հին պարիսպներուն մնացորդները: Սանթա Էոլալիա տաճարը կառուցուած է ԺԳ.-ԺԵ. դարերուն, նուիրուած է քաղաքին պահապան Սրբուհի Էոլալիայի (290-303) եւ Պարսելոնայի արքեպիսկոպոսին աթոռանիստն է: Գոթական թաղին կեդրոնը Փլասես տէլ Ռէյն է (Թագաւորական հրապարակը). հոն կը գտնուի Փալասիօ Ռէալ Մայոր (Արքայական Մեծ Պալատը), ուր Քրիստոֆ Քոլոմպոս Ամերիկա իր առաջին ճամբորդութենէն վերադարձին ընդունուեցաւ Ֆերնանտօ թագաւորին եւ Իզապէլ թագուհիին կողմէ: Քաղաքին կեդրոնը՝ Լա Ռամպլա, 1.2 քիլոմեթր երկարութեամբ պողոտան է, շարք մը կարճ փողոցներով, իւրաքանչիւրը՝ տարբեր անունով, եւ հետեւաբար անիկա կը բնորոշուի նաեւ յոգնակի՝ Լաս Ռամպլաս անունով:
Նաւահանգիստին թաղը՝ Քալիէ տէ Մոնքանա, ծանօթ է իր հոյակերտ ապարանքներով: Մօտակայքը Քասթել տէ Մոնթխուիխն է, 17-18րդ դարերուն կառուցուած ամրոցը, որ թանգարանի վերածուած է:
Սակրատա Ֆամիլիա (Սուրբ Ընտանիք) տաճարին կառուցումը սկսաւ 1882ին, Անթոնիօ Կաուտիի ճարտարապետութեամբ, տեւեց մինչեւ անոր մահը (1926) եւ շարունակուեցաւ նաեւ հետագային: 95 մեթր երկարութեամբ, 60 մեթր լայնութեամբ եւ 13 հազար հոգի պարփակող, 18 աշտարակներով հոյակերտ տաճարին 90էն 120 մեթր բարձրութեամբ 12 աշտարակներէն իւրաքանչիւրը նուիրուած է առաքեալներէն մէկուն, իսկ չորս աշտարակները՝ չորս աւետարանիչներուն, շրջապատուած բարձրագոյն՝ (170 մեթր) աշտարակով, նուիրուած Սուրբ Ընտանիքին: Վերջին աշտարակը, նուիրուած՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի, անաւարտ մնացած է:
Ռիպերա թաղին մէջ կը գտնուի Սանթա Մարիա տէլ Մար եկեղեցին, որ կառուցուած է 1329-1383 տարիներուն:
Պարսելոնայի զարդը կը կազմեն իր հանրային բազմատասնեակ պարտէզները: Քաղաքին 4.5 քիլոմեթր երկարութեամբ ծովափը եզերուած է լողաւազաններով:
Առեւտրական եւ ճարտարարուեստական կեդրոն, զարգացած է քիմիական, դեղագործական, ելեկտրական գործիքներու, ինքնաշարժներու եւ հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութիւնը: Քաթալոնիա անուանումը կարծիքի մը համաձայն յառաջացած է Գոթիա եւ լոնիա (գոթերու երկիր) անուանումէն, որովհետեւ քաթալան կոմսերը եւ ժողովուրդը գոթերու երկրամասին մէջ կեդրոնացած էին: Բիւզանդական աղբիւրներու համաձայն՝ շրջանը կոչուած է Քաթալոնիա, իբրեւ գոթերու եւ ալաններու երկրամաս: Այլ կարծիքի մը համաձայն՝ Քաթալոնիա քասթլա կաս քասթլան անուանումէն սերած է եւ կը նշանակէ դղեակներու երկիր. այս կարծիքին համաձայն Քաթալոնիա եւ Քասթիլիա նոյն արմատէն սերած են:
Տեղացիք, ինչպէս նաեւ քասթիլացիք երկրամասը կը հնչեն իբրեւ Քաթալունիա, իսկ արակոնես լեզուով կը հնչուի Քաթալոնա:
Ներկայ Քաթալոնիոյ, ինչպէս նաեւ Իպերիական թերակղզիի հին բնիկները իպերիացիներն են: Միջերկրականի յարող գօտիին, ներկայ Քաթալոնիոյ իպերիական գլխաւոր ցեղերն էին՝ իլերկեթես, ինտիկեթես եւ լաքեթանի, որոնք կապեր ունէին յարակից ծովափնեայ շրջաններու բնակիչներուն հետ: Գլխաւոր բնակավայրերն էին՝ Իլերտա (ներկայ Լէիտա), Հիպերա (հաւանաբար Ամփոսթա կամ Թորթոսա) եւ Ինտիքա (Ուլասթրեթ): Ն. Ք. Ը. դարուն յունական առեւտրական համայնքներ կազմաւորուեցան ծովափերու երկայնքին, գլխաւորաբար՝ Ռոսեսի ծոցին, Էմփորիոնի եւ Ռոսեսի մէջ: Փիւնիկեցիք եւս առեւտրական բնակավայրեր հաստատեցին: Հետագային կարթագենացիք իրենց հսկողութեան տակ առին Միջերկրականի առափնեայ գօտին:
Հռոմի կողմէ Կաթագենի նուաճումէն ետք Իպերիոյ հիւսիս-արեւելքը Հռոմի տիրապետութեան ենթարկուեցաւ: Թարրաքոնենսիս նահանգը կ՛ընդգրկէր ներկայ Քաթալոնիան, որուն գլխաւոր քաղաքներն էին Թարրաքօ (ներկայ Թարրակոնա), Իլերտա (Լէիտա), Տերթոսա (Թորթոսա), Կերունտա (Կիրոնա), նաւահանգիստներ՝ Էմփորիոն եւ Պարսինօ (Պարսելոնա): Ն. Ք. 206ին լատիներէնը պաշտօնական լեզու հռչակուեցաւ եւ լատինական մշակոյթը տարածուեցաւ շրջանին մէջ: Շրջանի բնիկները խառնուեցան լատին գաղութարարներուն եւ տեղական լեզուն (ներկայ քաթալաներէնը) կազմաւորուեցաւ լատիներէնին վրայ: Յ. Ք. 212ին բոլոր ազատ մարդոց Հռոմի քաղաքացիութիւն տրուեցաւ:
Թարրաքոնենսիս երկրագործականօրէն հարուստ նահանգ էր. կ՛արտադրէր ձիթապտուղ, ձէթ, գինի եւ ցորեն: Ճամբաներ բացուեցան, որոնց գլխաւորը Վիա Աուկուսթան էր Միջերկրականին զուգահեռ:
Քրիստոնէութիւնը սկսաւ տարածուելու Գ. դարուն, եւ Դ. դարուն տիրապետող կրօն դարձաւ յատկապէս քաղաքներուն մէջ: