­Յու­նաս­տա­նի գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան «­Տի­միթ­րա» պե­տա­կան հաս­տա­տու­թեան նա­խա­գահ փրոֆ. ­Սեր­գօ ­Յա­րու­թիւ­նեան, բա­ցա­ռիկ յա­ջո­ղու­թեամբ ընտ­րո­ւած է Մ.Ա.Կ.-ի պա­րե­նա­ւոր­ման եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան (Food Agricultural Organization) գոր­ծա­դիր կո­մի­տէի ան­դամ։ Ան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կը ստանձ­նէ Եւ­րո­պա­յի եւ ­Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ եր­կիր­նե­րուն հա­մար։
Ընտ­րու­թեան մաս­նակ­ցած են 54 եր­կիր­ներ, իսկ ­Յու­նաս­տա­նի ­Գիւ­ղատն­տե­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս ­Սեր­գօ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի պաշ­տօ­նա­վար­ման շրջա­նը պի­տի ըլ­լայ եր­կա­մեայ, ո­րուն հա­մար ան կրնայ վե­րընտ­րո­ւիլ ե­րեք շա­րու­նա­կա­կան նստաշրջան եւս։
Ընտ­րու­թեան ա­ռի­թով, յու­նա­հայ մեր հայ­րե­նա­կի­ցը իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը յայտ­նած ­է Յու­նաս­տա­նի գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րին եւ նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կա­տար­նե­րուն, ո­րոնք իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րած եւ պաշտ­պա­նած են։ Ան յայտ­նեց, որ իր պաշ­տօ­նա­վար­ման շրջա­նին ա­մէն ջանք պի­տի թա­փէ լու­ծում­ներ տա­լու հա­մար գիւ­ղատն­տե­սա­կան ա­ռա­ջին կար­գի ար­տադ­րու­թեան խնդիր­նե­րուն, կլի­մա­յա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման, պա­րե­նա­ւոր­ման բա­ւա­րա­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն, հո­ղամ­շակ­ման նո­րա­ձե­ւու­թիւն­նե­րու որ­դեգ­րու­մին, ինչ­պէս նաեւ կեն­սո­լոր­տա­յին գործ­նա­կան մի­ջոց­նե­րու տա­րած­ման։
FAO մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հիմ­նուած է Մ.Ա.Կ.-ի կող­մէ 1945-ին, ո­րուն կեդրո­նա­տե­ղին կը գտնո­ւի Հ­ռո­մի մէջ։ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը օգ­նու­թիւն կ­՚ըն­ձե­ռէ ա­ւե­լի քան 130 եր­կիր­նե­րու, նպա­տակ ու­նե­նա­լով գիւ­ղատնտե­սու­թեան ո­լոր­տի հզօ­րա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ աղ­քա­տու­թեան ու ա­նօ­թու­թեան վե­րա­ցու­մը աշ­խար­հի վրա­յէն։
­Հարկ է նշել, որ փրոֆ. ­Սեր­գօ ­Յա­րու­թիւ­նեան եր­կար տա­րի­ներ ծա­ռա­յած է ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կազ­մին մէջ եւ իր կա­րե­ւոր նեդ­րու­մը ու­նե­ցած է ազ­գա­յին կեան­քի վար­չա­կան եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րուն։