Հինգշաբթի՝ 28 Դեկտեմբեր 2017ի առաւօտեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ լիբանանեան NDU համալսարանի տնտեսագիտութեան աւագ դասախօս փրոֆ. Հրայր Հովիւեան այցելութիւն տուաւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանին՝ Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, Աթէնք։
Փրոֆ. Հրայր Հովիւեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր յայտնեց, թէ կուսակցական առաքելութեամբ Աթէնք կը գտնուի եւ այդ առիթով պատեհ նկատեց այցելելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան եւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը, ինչպէս նաեւ ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան եւ հանդիպումին համար, եւ մօտէն ճանչնալով փրոֆ. Հրայր Հովիւեանի ազգային եւ հասարակական կեանքի մէջ ունեցած աշխոյժ եւ վաստակաշատ ներդրումը, գնահատեց ներկայիս հրամայական պահանջ դարձած ազգային կուսակցութեանց ղեկավարներու շրջահայեաց մօտեցումը՝ Սփիւռքի հայկական գաղութներու կեանքին մէջ համահայկական մակարդակի վրայ տարուող աշխատանքներու եւ ծրագիրներու ներդաշնակ իրականացման ի խնդիր։ Մեր՝ հայկական իրականութեան մէջ զանազանութիւններն ու իւրայատկութիւնները պէտք չէ արգելք հանդիսանան, որպէսզի բոլորս միահամուռ կերպով ներգաւուինք ազգային գեր-խնդիրներու լուծման ճիգերուն մէջ։
Փրոֆ. Հրայր Հովիւեան՝ ջատագովն ըլլալով նման ղեկավարութեան գործելաձեւին, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընդունելութեան համար, կարեւորութեամբ շեշտեց Հայ Եկեղեցւոյ ազգաշէն դարաւոր առաքելութեան անյողդողդ շարունակումը հայ ժողովուրդի դիմաց պարզուած ներկայի մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, եւ այս շրջագծին մէջ դիտեց նաեւ իր այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան։
Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց փրոֆ. Հրայր Հովիւեանին իր առաքելութեան մէջ։ Կէսօրին, փրոֆ. Հրայր Հովիւեան եղաւ Ազգային Վարչութեան ճաշի հիւրը։
Փրոֆ. Հրայր Հովիւեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
Փրոֆ. Հրայր Հովիւեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան