Հինգշաբթի՝ 19 Սեպտեմբեր 2019ին, Աթէնքի համալսարանի կեդրոնական հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երկրաբաններու միջազգային ընկերակցութեան (International Association of Geomorphologists) համաշխարհային գիտաժողովը։ Անոր ընթացքին, յունահայ փրոֆ. Համբիկ Մարուքեանին յուշատախտակ յանձնուեցաւ՝ առ ի գնահատանք իր աւելի քան 40 տարիներու Աթէնքի համալսարանէն ներս պաշտօնավարութեան համար որպէս դասախօս, ինչպէս նաեւ՝ իր գիտական ուսումնասիրութիւններուն եւ դասաւանդութեան մասնագիտութեան համար։
Փրոֆ. Համբիկ Մարուքեան պարգեւատրուեցաւ
Փրոֆ. Համբիկ Մարուքեան պարգեւատրուեցաւ