Ուր­բաթ՝ 5 ­Յու­լիս 2019ի ա­ռա­ւօ­տուն, «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լեց ­Հա­յաս­տա­նի «­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան»ի ա­նո­ւան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս ընկ. ­Խա­չա­տուր Ս­տե­փա­նեան։ Ան, նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն մարմ­նի կող­քին գոր­ծող Կր­թու­թան եւ գի­տու­թեան յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետն է։
Խմ­բագ­րու­թիւնս յար­գար­ժան հիւ­րին հետ ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ խօ­սե­լու ­Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան ո­լոր­տին մա­սին։ Ան ման­րա­ման կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց Կր­թու­թան եւ գի­տու­թեան յանձ­նա­խում­բի ծրա­գիր­նե­րը։ ­Յանձ­նա­խում­բը կը բաղ­կա­նայ կրթա­կան մար­զին մէջ մեծ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցող մաս­նա­գէտ­նե­րէ, ո­րոնք կը զբա­ղին կրթու­թեան ե­րեք մա­կար­դակ­նե­րու՝ նա­խադպ­րո­ցա­կան, դպրո­ցա­կան եւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան բա­ժին­նե­րու հար­ցե­րով եւ խնդիր­նե­րով։
Կր­թա­կան ե­րեք մա­կար­դակ­նե­րուն ման­րա­մաս­նե­լով, յար­գե­լի ըն­կե­րը անդ­րա­դարձ ը­րաւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ան­բա­ւա­րար թի­ւին մա­սին, նշե­լով թէ, ներ­կա­յիս՝ փոք­րիկ­նե­րու թի­ւի միայն 2/3ը ման­կա­պար­տէզ կը յա­ճա­խէ, իսկ մնա­ցեա­լը տուն կը մնայ։ ­Ման­կա­պար­տէզ­նե­րու բա­ւա­րար թի­ւի չգո­յու­թեան խնդի­րը ա­ւե­լի շեշ­տա­ւո­րո­ւած է մար­զե­րու եւ գիւ­ղե­րու մէջ։
Դպ­րո­ցա­կան մա­կար­դա­կի (նա­խակր­թա­րան-երկ­րոր­դա­կան) ուս­ման մա­սին խօ­սե­լով, ընկ. Ս­տե­փա­նեան մատ­նան­շեց թէ այ­սօր՝ վտան­գի տակ կը գտնո­ւի ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան, հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան եւ ռազ­մա­գի­տա­կան կրթու­թեան բա­ժի­նը, որ հետզ­հե­տէ նո­ւա­զու­մի կ­՚են­թար­կո­ւի։ Այս­պէս՝ ա­շա­կերտ­նե­րը չեն ստա­նար այն կա­րե­ւոր կրթու­թիւ­նը եւ գի­տե­լիք­նե­րը, ո­րոնք մաս­նա­ւոր դեր կ­՚ու­նե­նան հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան զար­գաց­ման մէջ։
­Յանձ­նա­խում­բի կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րէն ե­ղած է ծրա­գիր­նե­րու մշա­կու­մը՝ ­Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան մա­կար­դա­կը մօ­տեց­նե­լու հա­մար մի­ջազ­գա­յին բարձր չա­փա­նիշ­նե­րուն։ Այս հար­ցով, յանձ­նա­խում­բը մատ­նան­շած է մար­զե­րու մէջ հա­մալ­սա­րան­նե­րը ու­ժե­ղաց­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, որ­պէս­զի ա­նոնք ան­մի­ջա­կան կեր­պով սա­տա­րեն նաեւ մար­զե­րու տնտե­սա­կան, ճար­տա­րո­ւես­տա­կան եւ ըն­կե­րա­յին զար­գաց­ման։
­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ընդգ­ծո­ւե­ցաւ ­Կիւմ­րին հա­մալ­սա­րա­նա­կան կեդ­րոն վե­րա­ծե­լու ծրա­գի­րը, որ նոր շունչ եւ ուժ պի­տի տայ քա­ղա­քի զար­գաց­ման, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան ո­լոր­տէն ներս։ ­Մեր զրու­ցա­կի­ցը ընդգ­ծեց, թէ այս կա­րե­ւոր ծրագ­րին մէջ յա­տուկ տեղ կը գրա­ւեն ­Կիւմ­րիի մի­ջո­ցով սա­տա­րե­լու ­Շի­րա­կի, ­Լո­ռիի եւ Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զե­րու, ինչ­պէս նաեւ ­Ջա­ւախ­քի ար­դիւ­նա­բե­րա­կան եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան աճ­ման մաս­նա­կի ծրա­գիր­նե­րը։
Ընկ. ­Խա­չա­տուր Ս­տե­փա­նեան նաեւ յայտ­նեց, թէ յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տանք­նե­րու ծի­րէն ներս, ծրագ­րո­ւած է սա­տա­րել ­Հա­յաս­տա­նի բնա­գի­տու­թեան մար­զին մէջ ան­ցեա­լի բարձր ո­րա­կի ու վար­կի վե­րա­կանգ­նու­մին։ Այս աշ­խա­տան­քը կը մի­տի նաեւ զօ­րաց­նել հայ­կա­կան բա­նա­կի ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը՝ հիմ­նո­ւած գի­տա­կան եւ մաս­նա­ւո­րա­բար՝ բնա­գի­տա­կան զար­գաց­ման վրայ։
Զ­րու­ցա­կի­ցը նաեւ յայտ­նեց թէ, Օ­գոս­տոս-­Սեպ­տեմ­բեր ա­միս­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի գու­մա­րո­ւի հան­րակր­թու­թեան նո­ւի­րո­ւած կա­րե­ւոր գի­տա­ժո­ղով մը, ո­րուն հրա­ւի­րո­ւած են մաս­նակ­ցե­լու երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, հայ­րե­նի մաս­նա­գէտ­ներ եւ կրթա­կան ո­լոր­տով հե­տաքրքրո­ւած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։

­Կեն­սագ­րա­կան գի­ծեր

­Խա­չա­տուր Ս­տե­փա­նեան ծնած է 1976ին ­Ջա­ւախ­քի ­Ղա­դո­լար գիւ­ղին մէջ։
1998ին ա­ւար­տած է «­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան»ի ա­նո­ւան հայ­կա­կան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան ինս­տի­տու­տի պատ­մու­թեան և­ աշ­խար­հագրու­թեան ֆա­կուլ­տե­տի պատ­մու­թեան բա­ժի­նը: 1998-2001ին ու­սա­նած է նոյն բու­հի աս­պի­րան­տու­րա­յին մէջ` «­Հա­յոց պատ­մու­թիւն» մաս­նա­գի­տու­թեամբ:
2018ին պաշտ­պա­նած է տոք­թո­րա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն՝ «­Հա­յաս­տա­նում խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան հաս­տատ­ման հիմ­նա­հար­ցը սփիւռ­քա­հայ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան մտքի գնա­հատ­մամբ (1920-1930ա­կան թթ.)» նիւ­թով: ­Պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տոք­թոր է:
2004ին մաս­նա­գի­տա­կան վե­րա­պատ­րաս­տու­թիւն ու­նե­ցած է ­Սանկտ-­Պե­տեր­բուր­գի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ: 2009-2010ին ու­սա­նած է Եւ­րո­պա­յի ­Խոր­հուր­դի քա­ղա­քա­կան դա­սըն­թացք­նե­րու ե­րե­ւա­նեան ու­սում­նա­րա­նէն ներս: ­Կա­տա­րած է յա­ւե­լեալ մաս­նա­գի­տա­կան ու­սում Սթ­րաս­պուր­կի եւ ­Պու­տա­փեշ­տի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ։
2006էն կը դա­սա­ւան­դէ «­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան»ի ա­նո­ւան հայ­կա­կան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հա­յոց պատ­մու­թեան բա­ժի­նին մէջ:
­Հե­ղի­նակ է հինգ մե­նագ­րու­թիւն­նե­րու, մէկ բու­հա­կան դա­սա­գիր­քի, շուրջ 70 գի­տա­կան եւ գի­տա­մե­թո­տա­կան յօ­դո­ւած­նե­րու: Խմ­բագ­րած եւ հրա­տա­րա­կու­թեան տո­ւած է 1918ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան գոր­ծիչ­նե­րու աշ­խա­տու­թիւն­ներ: