Յունաստանի Քափոտիսթրիաքօ համալսարանի հրաւէրով՝ «Հայաստանի խորհրդայնացումը» նիւթով եւ անգլերէն լեզուով դասախօսութիւն մը տուաւ Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի համաշխարհային պատմութեան դոկտոր, փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան։
Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2022ի երեկոյեան, Աթէնքի համալսարանի ամփիթատրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսութիւնը, Քափոտիսթրիաքօ համալսարանի թրքագիտութեան եւ պատմական գիտութեանց ճիւղի նախագահ փրոֆ. Էլէնի Սելլայի հրաւէրով։
Տիկին Սելլա ծանօթացնելով հայրենի փրոֆեսոր Խաչատուր Ստեփանեանի անձն ու գործունէութիւնը, ողջունեց հիւրերն ու ներկաները եւ անդրադառնալով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի հետ տուեալ գործակցութեան, անդրադարձաւ նման դասախօսական շարքի կարեւորութեան՝ յոյն երիտասարդ ուսանողներն ու հանրութիւնը Հայաստանի եւ հայութեան մասին պատմական նիւթերու շուրջ իրազեկելու իմաստով։
Դասախօսութեան ներկայ գտնուեցան Յունահայոց Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանն ու ՝Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քահանայ հայրը, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոս սրբազանի ներկայացուցիչ՝ Արիսթարխոս Կրեքաս վարդապետը, Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանի ներկայացուցիչ տիկին Արմինէ Ալեքսանեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան անդամներ, Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետներն ու անդամներ, Հայ-Յունական բարեկամութեան խումբի փոխ նախագահ Լէոնիտաս Խրիսանթոփուլոս, պատմաբան փրոֆէսորներ, հայ եւ յոյն ուսանողներ։
Նախաբանով մը հանդէս եկաւ աշխարհաքաղաքական հարցերու հետազօտող փրոֆ. Իոաննիս Մազիս, որ դրուատանքի խօսքերով անդրադարձաւ հայրենի հիւր դասախօսի գործունէութեան, շեշտելով նաեւ իր բարեկամական սերտ զգացումները հայութեան հանդէպ։ Իրեն յատուկ ոճով, ան խօսեցաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ազգային յատկութիւններուն մասին, շեշտելով տարբերութիւններն ու նմանութիւնները։
Ապա խօսք առաւ օրուայ դասախօսը, որ պատմական հանգրուանները մանրամասնեց Հայաստանի խորհրդայնացման տարիներուն, անդրադառնալով Խորհրդային Ռուսաստանի եւ քեմալական Թուրքիոյ կապերուն, 1920-ի պայմաններուն, հետագայ իրավիճակին եւ պատմական եղելութիւններուն։ Փրոֆ. Ստեփանեան իր դասախօսութիւնը ճոխացուց՝ մեծ պաստառի վրայ քարտէսներ եւ լուսանկարներ ցուցադրելով, ինչպէս նաեւ դասախօսութեան հիմնական կէտերու ամփոփումը։
Հարցում-պատասխանի բաժնով ամբողջացաւ դասախօսութիւնը, որուն հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ներկաները։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեանի դասախօսութիւնը Աթէնքի համալսարանէն ներս