Փրոֆ. Իոաննիս Մազիս ելոյթ ունեցաւ Երեւանի միջազգային
գիտաժողովին. «ի դէմս յոյն ժողովուրդին` հայերը ունին
12 միլիոն եղբայրներ»
Ինչպէս արդէն նշած էինք մեր նախորդ թիւերով, Աթէնքի համալսարանի քաղաքական աշխարհագրութեան գիտութիւններու փրոֆեսոր Իոաննիս Մազիս մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին նուիրուած` «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին։
Հանդիպումի երկրորդ օրը, փրոֆ. Մազիս ելոյթ ունեցաւ ու ներկայացուց իր նիւթը՝ «Արցախի հիմնախնդիրին մէջ Ռուսիոյ ռազմավարական մերձեցման եզրակացութիւնները» խորագիրով։ Յիշեցնենք, որ գիտաժողովը տեղի ունեցաւ 19-20 Հոկտեմբերին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային (Գ.Ա.Ա.) մէջ:
Գիտաժողովի կազմակերպիչներն էին Հայաստանի Գ.Ա.Ա. պատմութեան հիմնարկը, Հայաստանի Գ.Ա.Ա. արեւելագիտութեան հիմնարկը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը, «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամը: Գիտաժողովին ներկայ էին անուանի պատմաբաններ, հայաստանցի եւ օտարազգի փորձագէտներ, հետազօտողներ, Հայաստանի Գ.Ա.Ա. գիտաշխատողներ, Հայաստանի Գ.Ա.Ա. արտասահմանեան անդամներ:
Իր մասնագիտութեան մէջ համաշխարհային ճանաչում ստացած դասախօսը նշեց, թէ արցախեան երկրորդ պատերազմին՝ կարեւոր էր դիտարկել եւ վերլուծել այն ռազմաքաղաքական շրջագիծը, զոր Թուրքիոյ մղեց միջամուխ ըլլալու ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ մեկնաբանել ռուսական եւ արեւմտեան կեցուածքը պատերազմի ընթացքին։
Նման վերլուծումի մը եզրակացութիւնները յատուկ կարեւորութիւն ունին Յունաստանի եւ Կիպրոսի համար, մասնաւորապէս Միջերկրականի շրջանին մէջ կատարուող ուժի վերադասաւորման գործընթացին կապակցութեամբ։
Փրոֆ. Մազիս ընդգծեց, թէ Թուրքիոյ նպատակն է իր հսկողութեան տակ առնել Ատրպէյճանի ուժանիւթային ճամբաները դէպի արեւմուտք, որոնք կ՚անցնին Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը միացնող գիծերէն, վերջնական նպատակ ունենալով Թուրքիոյ թափանցումը թրքացեղ երկիրներու խումբին մէջ։ Թուրքիոյ կողմէ հետապնդուած մեծ Թուրանի հաստատումի հետապնդման ծրագիրով, յստակ կը դառնայ, որ Թուրքիա մտադիր չէ շարունակելու իր հաւասարակշռուած կապերը Ռուսիոյ հետ, օգտագործելով ռուսական սխալ հաշուարկումները, ան քայլերը պիտի ուղղէ իր ազդեցութիւնը տարածելու համար Ռուսիոյ մահմետական զանգուածներուն վրայ։ Փրոֆեսորը շեշտեց, որ այս քաղաքականութիւնը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան վրայ։
Յաջորդաբար, դասախօսը վերլուծեց իր տեսակէտները Յունաստանի ապագայ քայլերուն մասին, նշելով թէ երկիրը պէտք ունի նոր եւ ազդու ռազմաքաղաքական հզօրացման, որպէսզի առաջքը առնէ թրքական ծաւալապաշտական նկրտումներուն տարածաշրջանէն ներս։ Փրոֆեսոր Մազիս յատկանշականօրէն ընդգծեց թէ՝ «Յունաստանին պէտք չկայ Ղարաբաղի մը կրկնումը»։
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունած է գիտաժողովի մասնակիցները
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 21 Հոկտեմբերին ընդունեց 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին նուիրուած` «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին մասնակիցները: Հանդիպումին ներկայ էին գիտաժողովի հայ եւ օտարազգի զեկուցաբերները, նախաձեռնող հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց կարգին էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Վիքթոր Նատէին-Ռայեւսքին (Ռուսիա), Էմի Աուսթին Հոլմսը (Միացեալ Նահանգներ), Եղիա Թաշճեանը (Լիբանան), Իոննիս Մազիսը (Յունաստան) եւ այլք: Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը փոխանցեց գիտաժողովի մասնակիցներուն, գոհունակութեան խօսք ըսաւ եւ վերստին կարեւոր նկատեց գիտաժողովի կազմակերպումը: Վեհափառը մանրամասնութիւններ յայտնեց Վատիկանի եւ Մոսկուայի իր հանդիպումներուն մասին` տեղեկացնելով, որ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումին ժամանակ, որուն մասնակցած են նաեւ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդները, բարձրացուցած է գերիներու վերադարձի, Արցախի պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան եւ առնչակից այլ հարցեր:
Մոսկուայի պատուիրակ Վիքթոր Նատէին-Ռայեւսքին, անդրադառնալով 1921-ի Մոսկուայի պայմանագիրին, նշեց, որ անիկա իսկապէս անարդար եղած է:
Յոյն պատուիրակը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ հայրապետին ընդունելութեան համար: Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու եղբայրական յարաբերութիւններուն: Իոննիս Մազիս նշեց, որ հայերը եւ յոյները բարեկամ ժողովուրդներ են, եւ ի դէմս յոյն ժողովուրդին` հայերը ունին 12 միլիոն եղբայրներ:
Կաթողիկոսին հետ հանդիպումէն ետք գիտաժողովի պատուիրակութիւնը թանգարանային շրջայց կատարեց վեհարանի «Ոսկեդարան» ցուցասրահին եւ «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան մէջ: Հիւրերը ծանօթացան Մայր աթոռի թանգարաններուն մէջ պահուող սրբութիւններուն եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան:
Նշենք նաեւ, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ հանդիպումէն ետք գիտաժողովին մասնակիցները այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն եւ ծաղիկներ զետեղեցին Սօսէ մայրիկի, Անդրանիկի, ինչպէս նաեւ արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու զոհերու շիրիմներուն:
Նշենք նաեւ, որ փրոֆ. Իոաննիս Մազիս շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ Երկիր Մետիա հեռատեսիլի կայանի հաղորդաշարին, ուր վերլուծեց Արցախեան հիմնախնդիրի ծալքերը եւ վերջին պատերազմէն ետք ստեղծուած աշխարհաքաղաքական զարգացումները։ Հարցազրոյցը կարելի է դիտել համացանցի հետեւեալ հասցէին վրայ։