ՓՐԱԿԱ, «Օրեր».- Փրակայի Հայաստանի դեսպանատան դիմաց 14 Յուլիսին բողոքի ցոյցի արտօնութիւն ստացած փոքրաթիւ ատրպէյճանցի երիտասարդներու քայլը ի դերեւ ելաւ՝ դեսպանատան տարածքին մէջ կազմակերպուած հակացոյցին հետեւանքով։
Ատրպէյճանցի ցուցարարներուն դիմաւորեցին հայկական դեսպանատան աշխատակիցները եւ Չեխիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները` Հայաստանի, Արցախի ու Չեխիոյ դրօշներով, փողոցին մէջ լսուող ազգային-հայրենասիրական բարձր երաժշտութեամբ ու տասնեակ ցուցապաստառներով, որոնց մէջ էին նաեւ «Մարդկային վահանի ետեւ պատսպարուիլը անբարոյական արարք է», «Դադրեցուցէք յարձակողապաշտ Ալիեւը», «Լեռնային Ղարաբաղը ազատ պետութիւն է», Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Էլենի Թեոխարուսի ծանօթ արժեւորումը` «Ատրպէյճանը ոչ միայն խախտած է զինադադարը, այլեւ իր խաղաղ բնակչութիւնը կ՚օգտագործէ իբրեւ մարդկային վահան» եւ այլն։
Ատրպէյճանցիներուն յատկացուած մէկ ժամուան ընթացքին ատրպէյճանցի ցուցարարները կարելիութիւն ունեցած են լսելու հայ զինուորներուն, հայոց բանակին, Անդրանիկ զօրավարին ձօնուած երգեր, ինչպէս նաեւ Արամ Խաչատուրեան ու System of a Down։
«Օրեր» ամսագիրին եւ օrer.euին լուսաբանելով բողոքի քայլը՝ Չեխիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Տիգրան Սէյրանեան ըսած է.- «Մեզ հասած տեղեկութիւններով՝ Չեխիոյ մէջ բնակող ատրպէյճանցիները, ամենայն հաւանականութեամբ Պաքուէն հասած հրահանգով, Չեխիոյ Հ.Հ. դեսպանատան առջեւ կազմակերպեցին փոքրաթիւ այս բողոքի ցոյցը։ Ատրպէյճան պէտք է հասկնայ, որ անլուծելի խնդիրներու առնչութեամբ բողոքներու կազմակերպումը ոչ մէկ արդիւնքի կը հասցնէ մեզի։ Աւելի արդիւնաւէտ կ՚ըլլար, որ անոնք իրականացնէին Վիեննայի ու Սանկտ Պեթերսպուրկի Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։ Հայկական կողմը բազմիցս դատապարտած է ատրպէյճանական զինուժի` սեփական խաղաղ բնակչութեան որպէս կենդանի վահան օգտագործելու գործողութիւնները։ Չեխիոյ հայ համայնքի համակարգուած գործողութեան շնորհիւ՝ ըստ էութեան ատրպէյճանցիներու կազմակերպած սադրանքը տապալեցաւ»։
Յառաջիկայ օրերուն ալ Ատրպէյճան պիտի շահարկէ խաղաղ բնակիչներու զոհուելուն հանգամանքը, ցոյցեր պիտի պատուիրէ տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ, Հայաստանի դիւանագիտական կառոյցներուն առջեւ։ Չէ՞ որ լրատուամիջոցներուն համար օրեր առաջ տեղի ունեցածը թարմ պահելու համար լրատուութեան առիթ պէտք է ստեղծել։
Շփման գօտիի ատրպէյճանցիներու հերթական սադրիչ գործողութիւններուն հայկական կողմին տուած պատասխանէն ետք, ատրպէյճանցի երեխայի ու անոր մեծ մօր ենթադրեալ զոհուիլը տեղեկատուական պատերազմի մէջ նոր յարձակումի առիթ դարձնելով, Ատրպէյճանը կրկին կը փորձէ շահիլ միջազգային կառոյցներու աջակցութիւնն ու հանրութեան համակրանքը։
Իրականութիւնը այն է, որ քանի դեռ հակամարտութիւնը չէ կարգաւորուած շփման գօտիին վրայ, նման իրավիճակներէ խուսափելու եւ երկու կողմերէն ալ զոհերու հաւանականութիւնը բացառելու այս պահուան միակ ելքը զինադադարի խախտման դիտորդական մեքենականութիւններու ներդրումն ու կիրառումն են, ինչ որ Ատրպէյճան կտրկանապէս կը մերժէ։ Սա է պատճառը, որ Մինսքի Խմբակի համանախագահները՝ մտագոհութիւն յայտնելով խաղաղ բնակիչներու զոհուելուն գծով, կը յիշեցնեն, որ խնդիրի կարգաւորման ռազմական ուղի չի կրնար ըլլալ եւ անհրաժեշտ է վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան։
Փրակայի մէջ ատրպէյճանցիներու ցոյցը աննշան մնաց
Փրակայի մէջ ատրպէյճանցիներու ցոյցը աննշան մնաց