ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Արցախի կորուստով ու հայաթափումով մեր հպարտութիւնը կացինահարուելէ եւ ազգի ապագայի տեսլականը պղտորելէ ետք, երէկ, առաջին անգամն ըլլալով աթենահայութիւնը մխիթարական պահեր ունեցաւ, երբ լսեց բեմէն արտասանուած զօրակցական ու ոգեւորիչ խօսքերը Յունաստանի վարչապետի անձին ու կառավարութեան ներկայացուցիչին, հելլէն խորհրդարանի ներկայացուցիչին, համայն Ատտիկէի նահանգապետին, Փանտիոյ համալսարանի գլխաւոր թրքագէտ դասախօսին, որոնք ընդառաջած էին Հայ դատի յանձնախումբի հրաւէրին՝ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի կեդրոնական միջոցառման: (Ի դէպ, կարելի չէ չնշել, որ թէ բովանդակութեամբ ու թէ ներկայացուած ձեւով անգոյն ընդհանրութիւն մըն էր Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչին արտասանած խօսքը, որ աղերս մըն ալ չունէր օրուան խորհուրդին հետ):
Միջոցառման ներկայ էին նաեւ Խորհրդարանի նախկին նախագահ ու մեծ հայասէր Ա. Քաքլամանիս (հակառակ յառաջացեալ տարիքին), ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ակադեմականներ, քաղաքական այրեր, գործող ու նախկին երեսփոխաններ, եւրոերեսփոխաններ, քաղաքապետեր, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ այլն: Տպաւորիչ էր թիւը ականաւոր անձնաւորութիւններուն, որոնք չկարենալով ֆիզիքապէս ներկայ ըլլալ, հեռագրով կ՚ողջունէին միջոցառումը եւ իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնէին հայ ժողովուրդին ու անոր դատին:
Միջոցառման աւարտին, Աթէնքի քաղաքապետարանի նուագախումբի, սկաուտներու եւ պաշտօնական հիւրերու առաջնորդութեամբ ժողովրդային թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբան, ուր բանակային պատուոյ ջոկատի ներկայութեան սկիզբ առաւ արարողակարգը եւ Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանը դափնեպսակներով ողողուեցաւ: Հուսկ, արարողութեան վերջաւորութեան հնչեցին հայկական եւ յունական ոգերգները՝ հելլէն բանակի զինուորական բազմանդամ նուագախումբի կատարողութեամբ:
Ներկայացուցիչներու կողմէ դափնեպսակ զետեղուեցաւ՝ յանուն Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին ու կառավարութեան, խորհրդարանին, Կիպրոսի նախագահին, առանձին-առանձին հելլէն բոլոր կուսակցութիւններուն (ներառեալ համայնավար կուսակցութիւնը), Յունաստանի ծովուժին, բանակի հրամանատարութեան, Ատտիկէի նահանգապետարանին, Աթէնքի քաղաքապետութեան, Հ.Հ. դեսպանատան, պոնտոսցիներու միութեան, հայ համայնքին եւ այլն եւ այլն…:
Եւ հոս, տե՞ղն է արդեօք ըսելու, որ վերջերս Հ.Հ. վարչապետը Աթէնք կատարած իր շատ կարճ այցելութեան ընթացքին ժամանակ չգտաւ… դափնեպսակ մը զետեղելու համար Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին…:
Այս բոլորէն ետք, կ՚արժէ քիչ մը շոյուիլ եւ արձանագրել, թէ ամբողջ հայաշխարհի մէջ չկայ երկիր, որ նման պաշտօնականութեամբ ու պետական ծանրութեամբ կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած միջոցառումը… : Անկասկած, յունահայ փոքր գաղութին մեծ յաջողութիւնն է սա, որ պէտք չէ մսխուի որեւէ պատճառով:
22-4-2024