­Հայ­կա­կան բարձր ներ­կա­յու­թեամբ եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ, 28 եւ 29 ­Մա­յի­սին, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կօ­րեայ գի­տա­ժո­ղով մը՝ նո­ւի­րո­ւած ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տի 100-րդ ­տա­րե­լի­ցին, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ­Յու­նաս­տա­նէն, ­Հա­յաս­տա­նէն եւ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած հա­մալ­սա­րա­նա­կան դա­սա­խօս­ներ եւ կա­ճառ­նե­րու գի­տաշ­խա­տող­ներ, ո­րոնց կար­գին էին ­Հա­յաս­տա­նի ­Ծե­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նի տնօ­րէն տոքթ. ­Յա­րու­թիւն ­Մա­րու­թեան եւ ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող տոքթ. ­Թեհ­մի­նէ ­Մար­տո­յեան։
­Յոյն բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րե­րու կար­գին, յու­նա­հայ գա­ղու­թին կող­մէ գի­տա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս հրա­ւի­րո­ւած էին ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ եւ շրջա­նի հոգե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս ծ.վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Վարդ­գէս ­Մա­րու­քեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ընկ. Ատ­րիկ Ա­տե­փա­նեան։
Եր­կօ­րեայ գի­տա­ժո­ղո­վը կը կրէր «100 տա­րի Զ­միւռ­նիա, հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւն, պատ­մա­կան եւ հո­գե­բա­նա­կան վեր­լու­ծում» խո­րա­գի­րը եւ կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ մէջ գոր­ծող ­Մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րա­յին-ման­կա­վար­ժա­կան ֆո­րու­մին կող­մէ։
­Գի­տա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ռա­ջին օ­րը տոքթ. ­Յա­րու­թիւն ­Մա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցուց իր նե­րա­ծա­կա­նը նիւթ ու­նե­նա­լով՝ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վէր­քը ու ա­նոր դի­մագ­րաւ­ման մի­ջոց­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ»։ Երկ­րորդ օ­րո­ւան նիս­տին, տոքթ. ­Թեհ­մի­նէ ­Մար­տո­յեան ներ­կա­յա­ցուց իր աշ­խա­տու­թիւ­նը նիւթ ու­նե­նա­լով՝«­Հո­գե­բա­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին խո­ցում հա­մայն­քա­յին ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն եւ ըն­տա­նիք­նե­րուն վրայ. ­Վե­րապ­րող­նե­րու անձ­նա­կան վկա­յու­թիւն­ներ (1922)»։
Եր­կու հայ գի­տաշ­խա­տող­նե­րու նե­րա­ծա­կան­նե­րը ըն­դու­նո­ւե­ցան բա­ցա­ռիկ հե­տաքրք­րու­թեամբ ի­րենց կա­տա­րած վեր­լու­ծա­կան խոր միտ­քե­րուն եւ գի­տա­կան պրպտում­նե­րուն առն­չու­թեամբ։
Ա­ռա­ջին օ­րը՝ բաց­ման ե­լոյթ­նե­րու շար­քին, հայ­կա­կան կող­մէն եւս ար­տա­սա­նո­ւե­ցան ող­ջոյ­նի խօս­քեր։ Այս­պէս՝ բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ ար­քե­պիս­կո­պոս, որ հա­կիրճ պատ­մա­կա­նը ը­նե­լով Զ­միւռ­նիոյ հա­յու­թեան ու ա­ղէ­տէն վե­րապ­րող­նե­րու հաս­տատ­ման ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս յայտ­նեց՝ «­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, մարդ­կու­թեան ու քա­ղա­քակրթու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած չա­րա­գոր­ծու­թիւն մըն է, որ մին­չեւ այ­սօր կը մնայ ան­պա­տիժ։ 100 տա­րի յե­տոյ, հայ ժո­ղո­վուր­դը դար­ձեալ ճա­շա­կեց թրքա­կան բար­բա­րո­սու­թիւ­նը՝ այս ան­գամ 2020-ին Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած թուր­քատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կու­մով, որ իր ե­տին թո­ղեց հա­զա­րա­ւոր զո­հեր եւ հա­րիւ­րա­ւոր գե­րի­ներ, ա­պա նաեւ՝ խոր ցաւ մը մար­դոց հո­գի­նե­րուն մէջ։ ­Մենք, հա­յերս եւ յոյ­ներս, որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հեր, պարտք ու­նինք վառ պա­հել պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը, մնալ զգօն, որ­պէս­զի կան­խո­ւի նման ա­հա­ւոր ո­ճիր­նե­րու կրկնու­մը։ ­Մեր պարտքն է՝ ան­տա­բեր չմնալ երբ մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ ­Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն լծո­ւած են հայ մշա­կոյ­թի կո­թող­նե­րու եւ հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թան ոչն­չաց­ման։ ­Խօս­քե­րը բա­ւա­րար չեն, կը պա­հան­ջո­ւին յստակ եւ ազ­դու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ»։
­Յա­ջոր­դա­բար, Վ. ­Մա­րու­քեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Օս­մա­նեան թուր­քե­րու վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ի­րենց գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սան 19-րդ­ եւ 20-րդ ­դա­րե­րուն, ա­պա ան նշում ը­րաւ մե­րօ­րեայ թրքա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան մասին Ար­ցա­խի վրայ։ Ան նշեց որ հայ ժո­ղո­վուր­դը, շնոր­հիւ իր մշա­կած քա­ղա­քակր­թու­թեան, կա­րո­ղա­ցաւ վե­րապ­րիլ դա­րե­րու հա­լա­ծանք­նե­րէն եւ շա­րու­նա­կել ստեղ­ծա­գոր­ծել իր հայ­րե­նա­կան օ­ճա­խին վրայ։