Համակազմակերպութեամբ Նիքէա-Ռէնտի քաղաքապետութեան եւ Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէին, Չորեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Նիքէայի «Փոլիխորոս» համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ ելոյթ, նիւթ ունենալով՝ «100 տարի Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք. Հայերու 100-ամեայ ներկայութիւնը Նիքէայի մէջ»։
Ներկայ եղան Նիքէա-Ռէնտի շրջանի քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիս, հէլլէն խորհրդարանի հայ-յունական բարեկամութեան խումբի նախագահ, երեսփոխան Տիմիթրիս Մարքոփուլոս, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական ու հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ յոյն բարեկամներ։ Հայկական կողմէն ներկայ եղան շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ, կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Շրջ. վարչութեանց անդամներ, տեղական վարչութիւնները եւ ստուար թիւով հայրենակիցներ։
Սրահի մուտքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները պատրաստած էին գուցադրական յատուկ սեղաններ, ինչպէս նաեւ շարուած էին պատկերազարդ մեծ պաստառներ, որոնց վրայ կը ներկայացուէր Գոքինիոյ հայ գաղութի 100-ամեայ կեանքը, որ մասնիկը կը կազմէ Նիքէայի եւ անոր շրջակայքի պատմութեան, գաղթականական առաջին օրերէն մինչեւ այսօր, ուր հայկական եւ յունական գաղթավայրը դարձաւ արդի քաղաք մը իր բոլոր ենթակառոյցներով։
Ելոյթի սկիզբին եւ ամբողջ տեւողութեան մէջընդմէջ ներկայացուեցան յատուկ տեսաերիզներ, որոնք նկարներու եւ երիզներու օգնութեամբ, հանգրուանային բաժիններով հանրութեան ցոյց կու տային Նիքէայի եւ յունահայ գաղութի ստեղծման ու կազմաւորման ամբողջ ընթացքը, հայ ժողովուրդի պայքարի հանգրուանները, յունահայ կեանքի զարգացումը իր բոլոր երեսներով, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի 100-ամեայ պատմութեան եւ Արցախի հերոսական մարտնչումներուն հակիրճ պատմականը։ Տեսաերիզի պատրաստութիւնը եւ ներկայացումը կատարուեցաւ Ալիս Ֆուրունճեանին կողմէ, որ խմանուած կերպով եւ երաժշտական ճոխացումով տուաւ պատմական եւ քաղաքական բոլոր հանգրուանները։
Հ.Յ.Դ. Վարանդեան կոմիտէին կողմէ բացման խօսքը կատարեց ընկ. Գէորգ Աւագեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ Փոքր Ասիոյ եւ Զմիւռնիոյ հայութեան եւ յոյն ժողովուրդի բարգաւաճ կեանքին, մատնանշելով, թէ երկու ժողովուրդները դարձան Արեւելքի զարգացման գլխաւոր ազդակները, որոնց երթը կասեցուեցաւ քեմալական եւ թուրք ազգայնական շարժումին կողմէ, որպէս ամբողջացում Հայոց եւ Պոնտական ցեղասպանութիւններուն։
Անդրադառնալով հայ եւ յոյն գաղթականական հսկայ զանգուածներուն, որոնք ապաստան գտան Յունաստանի հիւրընկալ ափերը, ընկերը մանրամասնօրէն ներկայացուց Գոքինիոյ հայկական կեանքը իր երեսներով՝ որոնք 100 տարիէ ի վեր կը զարգանան իրենց ազգային, եկեղեցական, կրթական եւ միութենական շարունակական գործունէութեամբ։
Ընկ. Աւագեան մէկ առ մէկ անդրադարձաւ Գոքինիոյ մէջ գործող կառոյցներուն, խօսելով անոնց առաքելութեան մասին։
Ան նաեւ անդրադարձ կատարելով արցախեան հերոսապատումին, թուրք եւ ատրպէյճանական յարձակողականութեան, Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ ծաւալած թրքական ոտնձութիւններուն, շեշտեց, թէ 100 տարի ետք յունահայութիւնը դարձեալ ոտքի է, կասեցնելու համար անցեալի ողբերգութիւններու կրկնումը եւ սատարելու հայ ազգի անկախ եւ անկաշկանդ ապրելու պայքարին։
Օրուան գլխաւոր խօսողն էր պատմաբան եւ Մանիսացի յոյներու միութեան նախագահ տիկ. Արխոնտիա Փափատոփուլու, որ ներշնչուած եւ պատմական անվիճելի մանրամասնութիւններու վրայ հիմնուած ըլլալով, ներկայացուց թրքական ազգայնականութեան եւ համաթրքութեան հոսանքին ենթահողը, որ ստեղծուեցաւ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ իր գագաթնակէտին հասաւ Իթթիհատի պարագլուխներու գործած ցեղասպանութիւններով եւ քեմալական շարժումի՝ մարդկութեան դէմ կատարած մեծ աղէտով։
Բանախօսուհին ներկայացուց Յոնիական աշխարհի յառաջդիմութեան ընթացքը, որուն մէջ հայերն ու յոյները դերակատար հանդիսացան, տալով եզակի քաղաքակրթութեան մը զարգացումը, որ ընդմիշտ խորտակուեցաւ թրքական վայրագութեան հետեւանքով։
Ան նաեւ իր խօսքը կեդրոնացուց գաղթականութեան ժամանման ու նոր կեանքի աստիճանական փոփոխութիւններուն վրայ, հասնելով մինչեւ մեր օրերը, ու այսօրուան իրականութեան մէջ տեսնելով կորսուած հայրենիքներու վերապրումի ոգին անմառ պահելու ուժը։
Գործադրուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իր գեղեցիկ մասնակցութիւնը բերաւ Նիքէայի պետական երաժշտանոցի երգչախումբը փոքրասիական աւանդական երգերով, իսկ Համազգայինի «Նայիրի» եւ «Նանօր» պարախումբերը անգամ մը եւս տպաւորեցին ներկաները, հայկական պարերու յաջող ներկայացումով։
ԹՂԹԱԿԻՑ