Կի­րա­կի` 7 Ապ­րիլ 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ. Գթ. Խա­չի Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղին, ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնուող «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ փոր­ձա­ռա­կան սե­մի­նար պա­տա­նի­նե­րու եւ ծնող­նե­րու հա­մար, ներ­կա­յու­թեամբ Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան, ծնող­նե­րուն, Հ. Գթ. Խա­չի Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան եւ «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մու­հի­նե­րուն, դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին։ Ներ­կայ էր նաեւ գա­ղու­թի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը։
Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. Զա­պէլ Գալ­ֆա­յեան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց եւ իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց բո­լո­րին, ինչ­պէս նաեւ ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւան դա­սա­խօ­սու­հին։
Սոյն սե­մի­նա­րին նկա­տի առ­նո­ւած էր յոյն հո­գե­բա­նու­հի Էլ­լի Եան­նո­բու­լո­ւ, որ ներ­կա­յա­ցուց «­Կը սոր­վիմ պաշտ­պա­նել ինք­զինքս։ Կը սոր­վիմ յաղ­թա­հա­րել դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ հա­ւա­տալ իմ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն» խո­րագ­րով դա­սա­խօ­սու­թիւն մը, ուր նկար­նե­րով կրցաւ պա­տա­նի­նե­րուն լաւ ձե­ւով գրա­ւել եւ հո­գե­բա­նա­կան ու ման­կա­վար­ժա­կան ձե­ւե­րով հար­ցում­ներ ուղ­ղեց ա­նոնց։
Դպ­րո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը ի­մաս­տուն եւ խե­լա­ցի պա­տաս­խան­նե­րով ա­ռա­ւել եւս ճո­խա­ցու­ցին օ­րո­ւան ե­րե­կոյ­թը։ Ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի Խոր Վի­րապ մուտ­քի տօ­նին առ­թիւ
նա­խա­տօ­նա­կի ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն՝

Ուր­բաթ՝ 12 Ապ­րիլ 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցան Խա­ղա­ղա­կան եւ Հանգս­տեան ժա­մեր­գու­թիւն­ներ (Հս­կում), ինչ­պէս նաեւ Նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն՝ Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի Խոր Վի­րապ Մուտ­քի տօ­նին առ­թիւ, նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. Փա­շա­յեա­նի, մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հոծ բազ­մու­թեան։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, յատ­կա­պէս նա­խա­տօ­նա­կին, Ս. Խո­րա­նին ա­ջա­կող­մեան կող­մը գտնո­ւող փոքր խո­րա­նը, որ նո­ւի­րո­ւած է Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չին, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ­րա­պե­տին նո­ւի­րո­ւած շա­րա­կան­նե­րով, ա­նոր վա­րա­գոյ­րը բա­ցո­ւե­ցաւ եւ բաց մնաց մին­չեւ Կի­րա­կի։
Յայտ­նենք, որ նախ­քան նա­խա­տօ­նա­կի սկսի­լը, նաեւ յու­զիչ եւ ծնկա­չոք կեր­պով եր­գո­ւե­ցաւ «­Տէր Ո­ղոր­մեա…»ն, ուր ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր լոյ­սե­րը ան­ջա­տո­ւե­ցան՝ ա­ռա­ւել խորհր­դա­լից պահ մը ստեղ­ծե­լով։
Հայր Սուր­բը իր քա­րո­զին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի կեան­քին ու ա­նոր կրած չար­չա­րանք­նե­րուն ու այ­սօ­րո­ւան կեան­քին կա­պե­լով զայն՝ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն կոչ ը­րաւ դի­մա­կա­լե­լու բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը համ­բե­րու­թեամբ եւ սուր­բե­րուն բա­րե­խօ­սու­թեան դի­մե­լով ա­ղօթք բարձ­րաց­նելու առ Աս­տո­ւած։ Ն­շենք, որ Կի­րա­կի՝ 14 Ապ­րիլ 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան Կի­րակ­նօ­րեայ Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցո­ւե­ցաւ մայր խո­րա­նին ա­ջա­կող­մեան կող­մը գտնո­ւող փոքր խո­րա­նին վրայ՝ ի յի­շա­տակ Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի Խոր Վի­րապ Մուտ­քին։

«­Գա­ւաթ մը սուրճ բա­րի նպա­տա­կի
հա­մար» խո­րագ­րով հա­ւա­քոյթ

Կի­րա­կի՝ 14 Ապ­րիլ 2019ին Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ս. Յա­րու­թեան տօ­նի նա­խօ­րեա­կին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ. Գթ. Խա­չի Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղին, ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնուող «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­գա­նա­կու­թեան փո­խա­րէն հա­ւա­քոյթ՝ «­Գա­ւաթ մը սուրճ բա­րի նպա­տա­կի հա­մար» խո­րագրով, ներ­կա­յու­թեամբ գա­ղու­թի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, Թա­ղա­կան Խոր­հուր­դին, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, ուր մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ան­հատ կա­մա­ւոր­նե­րու կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած էին տար­բեր տե­սա­կի հա­մեղ ա­նու­շե­ղէն­ներ, քաղց­րե­ղէն­ներ, ո­րոնք սուր­ճի, թէ­յի, օ­շա­րա­կի կող­քին հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան ներ­կա­նե­րուն։
Սոյն ձեռ­նար­կին նպա­տակն էր հիւ­րա­սի­րու­թեան ճամ­բով նիւ­թա­բա­րո­յա­պէս օ­ժան­դա­կել եւ ա­ջակ­ցիլ մաս­նա­ճիւ­ղի տա­րած բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն։