«­Փիւ­նիկ Ե­րե­ւան», Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ար­ժա­նի զա­ւա­կը

0
60

ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

­Սեպ­տեմ­բե­րին կը սկսի ոտ­նագն­դա­կի եւ­րո­պա­կան բա­ժակ­նե­րու խմբակ­նե­րու մրցա­շար­քը։ ­Հա­յաս­տա­նը բա­ցա­կայ է, թէեւ նա­խա­ւար­տա­կան խա­ղե­րուն մեր խում­բե­րը, «Ու­րար­տու» (­Չեմ­բիոնս ­Լիկ եւ ­Քոն­ֆե­րենս ­Լիկ), «­Փիւ­նիկ Ե­րե­ւան», «Ա­րա­րատ Ար­մե­նիա» եւ «Ա­լաշ­կերտ» (3-ն­ ալ ­Քոն­ֆե­րենս) ցու­ցա­բե­րե­ցին ար­ժա­նա­պա­տիւ մրցակ­ցու­թիւն, ու­ժեղ խում­բե­րու դէմ։ «­Փիւ­նիկ»ը ան­գամ մը եւս ու­նե­ցաւ ա­մէ­նէն տի­պար ներ­կա­յու­թիւ­նը։
1992-ին ա­կում­բը կեան­քի կը կո­չո­ւի իբ­րեւ «Հ.Մ.Ը.Մ. Ե­րե­ւան». տա­րա­զի գոյ­ներ` կար­միր, կա­պոյտ եւ սպի­տակ։ ­Հիմ­նա­դի­րը` ­Խո­րէն ­Յով­հան­նի­սեան, վա­ղե­մի ­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաս­տա­նի եւ «Ա­րա­րատ Ե­րե­ւան»ի ա­ռաս­պե­լա­կան կի­սա­պաշտ­պան։
­Կը ստանձ­նէ գլխա­ւոր մար­զի­չի դե­րը, ներ­կա­յա­նա­լով հան­դերձ մար­զա­դաշտ։ Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին ա­խո­յեա­նու­թեան հա­մար կը մաս­նակ­ցի 27 մրցում­նե­րու, նշա­նա­կե­լով 17 կէտ։
«Հ.Մ.Ը.Մ. Ե­րե­ւան» եւ «­Շի­րակ ­Կիւմ­րի» կը գրա­ւեն ա­ռա­ջին հօ­րի­զո­նա­կա­նը հա­ւա­սար միա­ւոր­նե­րով եւ կը կի­սո­ւին ա­խո­յեա­նի տիտ­ղո­սը։
­Յա­ջոր­դա­բար, ­Խո­րէն ­Յով­հան­նի­սեան կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը «Հ.Մ.Ը.Մ. ­Պէյ­րութ»ին հա­մար, ­Լի­բա­նա­նի 2-րդ ­դա­սա­կար­գի ա­կումբ։ 1994-ին, յար­ձա­կող Ար­սէն Ա­ւե­տի­սեան կը խբէ 39 կէտ, ա­մէ­նա­շա­տը եւ­րո­պա­կան ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րուն մէջ։
1995-ին, ­Լե­ւոն ­Տեր-­Պետ­րո­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան հա­լա­ծանք­նե­րուն ըն­թաց­քին, «Հ.Մ.Ը.Մ. Ե­րե­ւան»ը կ­՚ա­նո­ւա­նա­փո­խո­ւի «­Փիւ­նիկ Ե­րե­ւան», որ­դեգ­րե­լով նաեւ իբ­րեւ խորհր­դա­նիշ ­Հին ­Յու­նաս­տա­նի թռչու­նը։ Ա­ռաս­պե­լա­կան այդ էա­կը, ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, կը կրէր մո­խիր­նե­րու ընդ­մէ­ջէն վե­րա­կեն­դա­նա­նա­լու ու­նա­կու­թիւ­նը։
­Նոյն տա­րին ­Խո­րէն ­Յով­հան­նի­սեան կը վե­րա­դառ­նայ, ու­նե­նա­լով իր խա­ղա­յին վեր­ջին տա­րին եւ կը վե­րաս­տանձ­նէ մար­զի­չի դե­րը։ «­Փիւ­նիկ»ն­ ալ իր գլխա­ւո­րու­թեամբ կը նո­ւա­ճէ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, 2 տա­րի շա­րու­նակ, 1 բա­ժակ եւ 1 սու­բեր բա­ժակ։
­Խում­բը կ­՚ու­նե­նայ իր ա­ռա­ջին եւ­րո­պա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, UEFA բա­ժա­կին հա­մար, յաղ­թե­լով «­Հել­սին­քի»-ն 3-1 հա­շի­ւով։ ­Սա­կայն կ­՚ա­ւար­տէ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը, պար­տո­ւե­լով 5-2 պա­տաս­խան խա­ղին լրա­ցու­ցիչ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին։
1998-ին, գոր­ծա­րար ­Ռու­բէն ­Հայ­րա­պե­տեան կը կեց­նէ ա­կում­բին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րը նիւ­թա­կան ծանր վի­ճա­կի ներ­քոյ կը կազ­մա­լու­ծո­ւի։ ­Սա­կայն 3 տա­րի ետք, ա­ւան­դա­կան փիւ­նի­կին նման, «­Փիւ­նիկ Ե­րե­ւան»-ը կը վե­րա­կագ­նի, ա­ւե­լի ա­մուր հիմ­քե­րու վրայ, ­Խո­րէն ­Յով­հան­նի­սեա­նի ջան­քե­րու շնոր­հիւ ու ընդ­հա­նուր գլխա­ւո­րու­թեամբ, նաեւ ­Ռու­բէն ­Հայ­րա­պե­տեա­նի օ­ժան­դա­կու­թեամբ։
Ա­կում­բը ու­նի իր սե­փա­կան մար­զա­դաշ­տը, իսկ եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րը կը կա­յա­նան «­Հան­րա­պե­տա­կան»։ Իր ոտ­նագն­դա­կի ա­կա­դե­միա­յէն բխած են փայ­լուն աստ­ղեր, ինչ­պէս ­Հեն­րիք Մ­խի­թա­րեան, ­Գէորգ ­Ղա­զա­րեան եւ այլն։ ­Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կազ­մը կ­՚օժ­տո­ւի օ­տա­րազ­գի ու լա­ւա­գոյն հայ խաղ­ցող­նե­րով` ­Քա­րա­մեան եղբ., պոլ­սա­հայ Ա­րաս Օզ­պի­լիզ եւ ու­րիշ­ներ։
­Դա­րի ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կին «­Փիւ­նիկ»-ը կը դառ­նայ մնա­յուն ու բա­ցա­ռիկ ա­խո­յեան. նո­ւա­ճում­ներ` 15 ան­գամ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, 8 բա­ժակ եւ 9 սու­բեր բա­ժակ։ 2017-ին ա­կում­բը կ­՚անց­նի ռու­սա­հայ Ար­թուր ­Սո­ղո­մո­նեան գոր­ծա­րա­րին։
2002-03 կը կա­տա­րէ իր ա­ռա­ջին ար­տագ­նայ յաղ­թա­նա­կը, 0-4, ­Ֆին­լան­տա­կան «­Թա­պե­րէ» խում­բին դէմ, «­Չեմ­պիոնս ­Լիկ»-ի հա­մար։ ­Ծայ­րէ ծայր լե­ցուն «­Վազ­գէն ­Սարգ­սեան» դաշ­տին մէջ 2-0 հա­շի­ւով կը յա­ջո­ղի ա­ռա­ջին եւ­րո­պա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­ման։
2018-19 թո­ւա­կա­նին կ­՚ըլ­լայ ա­ռա­ջին հայ­կա­կան ա­կում­բը որ կը յա­ռա­ջա­նայ 2 հանգ­րո­ւան։ Կրկ­նա­կի կը յաղ­թէ «­Վար­տար»-ին, 1-0 Ե­րե­ւան եւ 2-0 Ս­քո­բիէ, ա­պա ­Քա­զաքս­տան կը պար­տո­ւի 2-1 հա­շի­ւով «­Տո­փոլ» խում­բէն, ո­րուն կը յաղ­թէ 1-0 պա­տաս­խան խա­ղին։
Ան­ցեալ տա­րի, ցու­ցա­բե­րե­լով բարձր մա­կար­դա­կի մրցակ­ցու­թիւն, հա­սաւ «­Քոն­ֆե­րենս»-ի խմբակ­նե­րու հանգ­րո­ւա­նին, հա­ւա­քե­լով 6 միա­ւոր։ Ե­րե­ւա­նի մէջ, նոյն 2-0 հա­շի­ւով կը յաղ­թէ կի­սա­պաշտ­պան ­Տիգ­րան ­Բար­սե­ղեան «Ս­լո­վան Պ­րա­թիս­լա­վա» եւ «­Զալ­կի­րիս ­Վիլ­նիուս» խում­բե­րը, մօ­տե­նա­լով յա­ւե­լեալ յա­ռաջ­խա­ղաց­ման։
­Վեր­ջին խա­ղին` ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ու­ժեղ «­Պա­զել» խում­բին դէմ «­Փիւ­նիկ»ը թէեւ պար­տո­ւե­ցաւ 1-2 հա­շի­ւով, հան­դիա­սա­տես­նե­րը ճանչ­ցան ի­րենց ո­գին, հրա­ժեշտ տա­լով ջերմ ու եր­կա­րա­տեւ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով։ Գլ­խա­ւոր մար­զիչ Ե­ղի­շէ ­Մե­լի­քեան յատ­նե­լով շնոր­հա­կա­լու­թիւն, նշեց ա­կում­բին բարձր խա­ղա­յին մա­կար­դա­կը։
Այս տա­րո­ւան հա­մե­մա­տա­բար կար­ճա­տեւ եւ­րո­պա­կան շրջա­քա­յու­թիւ­նը սկսաւ Ա­բո­վեան քա­ղա­քէն, ազ­գա­յին հե­րոս «­Վա­հագն ­Թու­մա­սեան» մար­զա­կան հա­մա­լի­րէն։ Ոտ­նագն­դա­կի դաշ­տը ու­նի հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լու 3100 հան­դի­սա­տես։
­Վա­հագն ­Թու­մա­սեան ծնած է Ա­բո­վեան, 1981-ին. հայ­րը Ա­րամ` հայ­րե­նա­դարձ պոլ­սա­հայ է եւ թրքա­գէտ։ ­Հե­րո­սը` պատ­մա­բան, ատր­պէյ­ճա­նա­գէտ եւ հե­տա­խոյզ, 44-օ­րեայ Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին կը բա­ցա­յայ­տէ վարձ­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, իսկ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան մը ըն­թաց­քին կը փրկէ 82 մար­տիկ­նե­րու կեան­քը։ ­Կը զո­հո­ւի ­Հադ­րութ եւ յետ մա­հու կը պար­գե­ւատ­րո­ւի «­Մար­տա­կան խաչ» ա­ռա­ջին աս­տի­ճա­նի շքան­շա­նով։
«­Փիւ­նիկ»ը կար­ծես թէ ուժ կ­՚առ­նէ հե­րո­սի խի­զախ ո­գիէն եւ կը յա­ռա­ջա­նայ յաղ­թա­նակ­նե­րով. 2-0 եւ 3-0 Էս­թո­նա­յի բա­ժա­կա­կիր «­Նար­վա Դ­րանս»ին, ա­պա ու­ժեղ «­Գալ­մար»ին դէմ 2-1 հա­շի­ւով ­Շո­ւե­տիա եւ Ա­բո­վեան։
­Յա­ջորդ հանգ­րո­ւա­նին սա­կայն, անհ­նար էր դի­մադ­րել ­Նոր­վե­գիոյ ա­խո­յեան «­Պո­տէ Կ­լիմթ»։
Ա­ւար­տեց ներ­կա­յու­թիւ­նը 2 վստահ պար­տու­թիւն­նե­րով, 3-0 հա­շի­ւով, ­Պո­տէ եւ Ե­րե­ւան։
«­Փիւ­նիկ Ե­րե­ւան» միակ հայ­կա­կան ա­կումբն էր, որ տա­րաւ 4 յաղ­թա­նակ եւ յա­ռա­ջա­ցաւ 2 հանգրո­ւան։ ­Հայ­կա­կան խում­բե­րու եւ ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը կա­րե­լի է յոյս ներշն­չել հայ մար­զա­սէր­նե­րուն։ Ընդ­հան­րա­պէս հա­յու­թիւ­նը կա­րիք ու­նի ո­գեշն­չող մրցակ­ցու­թեան ու յաղ­թա­նակ­նե­րու։