Փի­րէա­յի եւ շրջա­կայ­քի հայ­կա­կան գա­ղու­թը ճանչ­նա­լու, ինչ­պէս նաեւ գոր­ծակ­ցա­կան կա­պեր ստեղ­ծե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, ­Փի­րէա­յի քա­ղա­քա­պետ Եան­նիս ­Մո­րա­լիս, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 29 ­Մարտ 2023-ի ե­րե­կո­յեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ փոխ­քա­ղա­քա­պետ ­Յա­րու­թիւն ­Մար­գա­րեա­նի եւ փոխ­մարզ­պե­տու­հի Ս­թաւ­րու­լա Եա­նա­քո­ւի, այ­ցե­լեց ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նը։
Հ.Յ.Դ. ­Գո­քի­նիոյ «­Վա­րան­դեան» կո­մի­տէի գլխա­ւո­րու­թեամբ, քա­ղա­քա­պե­տի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւնը դի­մա­ւո­րե­ցին տե­ղա­կան Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի, Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան եւ ­Թա­ղա­յին խորհրդոյ վար­չա­կան կազ­մե­րը։
«­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րուն մէջ կա­յա­ցած հան­դի­պու­մին, բա­րի գալս­տեան խօս­քէն ետք, իւ­րա­քան­չիւր կա­ռոյց ներ­կա­յա­ցուց իր գոր­ծու­նէու­թեան ամ­փոփ պատ­կե­րը, նաեւ անդ­րա­դարձ ե­ղաւ ­Գո­քի­նիոյ հայ գա­ղու­թի 100-ա­մեայ պատ­մու­թեան, որ­պէս գաղ­թա­կա­յան եւ կազ­մա­կեր­պո­ւած գա­ղութ՝ իր ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր, կրթա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ։
­Քա­ղա­քա­պե­տը, իր կար­գին, գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց իր առ­ջեւ պար­զո­ւած պատ­կե­րին հա­մար, շեշ­տե­լով թէ ի­րենց հա­մար ու­րա­խա­լի ե­րե­ւոյթ է տես­նել այն­քան հա­մա­խումբ եւ կազ­մա­կերպ հա­ւա­քա­կա­նու­թին մը, որ իր պատ­մու­թեամբ եւ աշ­խա­տան­քով նա­խան­ձե­լի դիրք կը գրա­ւէ քա­ղա­քի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
­Քա­ղա­քա­պե­տը ա­ռա­ջար­կեց հե­տա­գայ քայ­լե­րու շրջա­գիծ մը, որ պի­տի պա­րու­նա­կէ մշա­կու­թա­յին եւ յա­րա­բե­րա­կան ե­լոյթ­ներ, շեշ­տը դնե­լով քա­ղա­քա­պե­տա­րան-հայ գա­ղութ գոր­ծակ­ցու­թեան վրայ։ ­Ծա­ւա­լած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, միտ­քեր փո­խա­նա­կո­ւե­ցան զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րու մէջ հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի դարձ­նե­լու հա­մար։ ­Քա­ղա­քա­պե­տը յայտ­նեց, թէ ծրագ­րու­մի ա­մէն կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը պէտք է ըն­ձե­ռել, որ­պէս­զի ար­դի­նա­ւէտ եւ գործ­նա­կան մի­ջոց­նե­րով հնա­րա­ւոր ըլ­լայ հա­մա­տեղ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հայ գա­ղու­թին հետ։ Իր կար­գին, փոխ­մարզ­պե­տու­հիին եւս ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան զա­նա­զան կէ­տեր, ո­րոնք կա­րե­լի է լու­ծել մարզ­պե­տա­րա­նի ճամ­բով։
Իր այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին, քա­ղա­քա­պե­տը եւ իր խում­բը այ­ցե­լե­ցին Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը եւ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան տնօ­րէ­նու­հի ընկ. Հ. ­Մի­նա­սեա­նին կող­մէ։ ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ հա­յակր­թու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն, դպրո­ցի պատ­մու­թեան եւ դա­սա­ւանդ­ման նո­րա­ձե­ւու­թիւն­նե­րուն։ ­Քա­ղա­քա­պե­տը եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րը ի­րենց հիացմ­նուն­քը յայտ­նե­ցին կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քին հա­մար։

ԹՂԹԱԿԻՑ