Փէեօ Եավորով

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ.- ՊՈՒԼԿԱՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ, ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՈՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ` ՓԷԵՕ ԵԱՎՈՐՈՎ (1878-1914)

0
1780

ՀԱՄՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Ազգերու պատմութեան մէջ ամենէն շատ տառապած ժողովուրդներէն է թրքահայութիւնը, որ գնդակի մը նման երկրէ երկիր նետուեցաւ օսմանեան Թուրքիայէն քաղաքական շահեր ակնկալող մեծ պետութիւններու կողմէ։

Յոյնթրքական պատերազմը (1919-1922) աւարտեցաւ Թուրքիոյ յաղթանակով։ Հայ գաղթանականական շարանները Փոքր Ասիայէն, այնտեղի տարբեր հայաբնակ քաղաքներէն հազար դժուարութիւններ յաղթահարելով, տառապանքներով, փրկութեան ափ մը գտան Պուլկարիոյ մէջ։

Ազգային նոր ողբերգութիւն մը պիտի ապրէր Արեւմտահայութիւնը, բայց բախտը ունեցաւ իր ծանր օրերուն բացուած գտնելու Պուլկարիոյ հիւրընկալ դռները։ Պատահանական չէր այդ ժէսթը, քանի որ 1894-1896 ու 1913-ին պուլկար կառավարութիւնը անսակարկ բացած էր երկրին սահմանները հայ գաղթականներու առջեւ։

Մեծ Եղեռնի տարիներուն, հայ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ իմացաւ անունները այն սքանչելի օտարներուն, որոնք պաշտօնական հանգամանքով թէ անհատապէս, իրենց հրապարակային զայրոյթը պոռթկացին թուրք ոճռագործներուն դէմ։ Անոնք հրապարակ եկան իրենց դիրքերով, յօդուածներով, ճառերով, վկայութիւններով ի նպաստ մեր դատին։

Պուլկար յայտնի հրապարակագիր եւ բանաստեղծ Փէեօ Եավորով իր հանրահռչակ (Հայեր) ,1900, հայ, հրտ. 1909ե բանաստեղծութեան մէջ 19րդ դարու վերջերը անգերազանցելի ներշնչումով նկարագրած է սուլթանական լուծէն Պուլկարիա ապաստանած Հայերու դժբախտ ճակատագիրը։

Բուն մականուամբ Քրազօլով, ծնած Չիրբան 1878ին։ Ուսնած է Ֆիլիպէ, ժամանակ մը աշխատած է իբրեւ հեռագրական պաշտօնեայ։ Եղած է Պուլկարիոյ ազգային թատրոնի ու մատենադարանի քարտուղար, որ յայտնութիւն մը եղաւ իրՔալիոբաքերթուածով։ ,Ամպերու Ստուերներուն Ետեւէնե հատորին մէջ ամփոփուած են իր բոլոր բանաստեղծութիւնները։

Կանուխէն տոգորուած ընկերվարական գաղափարներով։ 1902¬1913 Մակեդոնիա յաջորդաբար վարեց 5 թերթերու խմբագրութիւնը։

Պալքանեան պատերազմին, թունդ ախոյեան իր հայրենակիցներուն իրաւանց՝ ընդդէմ մեղադրեց Բ. Լօթթի։

Ժողովրդական երգիչ, որ յուզած է շատեր իր ,Աւազակային Երգերեով, ,Կարկուտովե, ,Հայերեով եւայլն։ Ամուսնացած պետական գործիչ Բէրքօ Քարավելովի աղջկան՝ Լոռայի հետ, որ ամուսնոյն անձնասպանութենէն (16, 10, 1914) տարի մը առաջ տանը մէջ գնդակահար անշնչացաւ եւ ոճիրը գաղտնիք մնաց մինչեւ վերջ։

Ըստ Փլովտիւ բնակող Վանատուրին.- Պուլկար ժողովուրդի մեծ զաւակ Փէեօ Եավորով՝ բանաստեղծ ու յեղափոխականը իր ,Հայերե մեծասքանչ եղեռերգով պանծացուց հայ ազգը եւ վշտակից եղաւ անցեալ դարու թրքահայութեան ողբերգութեան, հոգեպէս մաշուեցաւ հայ ժողովուրդին հետ։ Որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն սոֆիաբնակ հայութիւնը կանգնեցուց անոր կիսանդրին՝ գործ արուեստագէտ Գրիգոր Ահարոնեանի, Ցար Բորիս պարտէզին մէջ 1935 թուականին։

Գրեթէ 60 տարի ետք Փլովտիւի հայ գաղութը համատեղ ջանքերով Հայոց եկեղեցւոյ մօտիկ՝ անոր շրջափակէն դուրս յարմար տեղ մը հաստատեց պատուանդան մը, ուր զետեղուեցաւ մետաղաձոյլ կիսանդրին Փէեօ Եավորովի, որ ժամանակ առաջ քանդակագործին կողմէ նուէր ղրկուած էր ,Երեւանե միակ պուլկարահայ կազմակերպութեան։ Այս յուշարձանի բացումը տեղի ունեցաւ 1994ին հանդիսաւոր կերպով եւ ան պարծանք մը եղաւ քաղաքին համար, քանի որ առաջինն էր։

Դժբախտաբար կիսանդրին երկար չմնաց պատուանդանին վրայ։ Չարագործ հոգիներ անհետացուցին զայն 1998ին եւ ոստիկանութիւնը անզոր եղաւ չարագործները բացայայտելու եւ կիսանդրին վերադարձնելու հայ հասարակութեան։ Ասիկա պատճառ կþըլլայ, որ Փլովտիւի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարչութիւնը, քաղաքի հայկական միութիւններու եւ Մակեդոնական Յեղափոխական կազմակերպութեան հետ նոր կիսանդրիի գաղափարը իրագործելու, այս անգամ նռնաքարէ, որ ստեղծագործութիւն եղած է պուլկար քանդակագործ Փէթրօ Մոսքովի։

Կիսանդրիի բացումը տեղի ունեցած է Եավորովի ծննդեան 120ամեակի առթիւ 18, 10, 1998ին հայ ու պուլկար հասարակութեան ներկայութեան, ուր իրենց դրօշներով պատուոյ պահակ կեցած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտները եւ երիտասարդական միութեան անդամ եւ անդամուհիները։

Հայերբանաստեղծութիւնը թարգմանած են Ար. Սեւան, Գէորգ Կառվարենց եւ ուրիշներ։

 

ՀԱՅԵՐ
Հալածուածներ թշուառ, չնչին բեկորներ՝

Ժողովուրդի մարի, այսօր նահատակ,

Ահաբեկ ու գերի մօր մը զաւակներ,

Զոհեր՝ անհունօրէն վսեմ քաջութեան,

 

Հայրենիքէն հեռու, օտար երկնքի տակ,

Հիւծած, գունատ, հաւաքուած տուն մը խարխուլ,

Կըմպեմ, ու իրենց կարիւնի սիրտը՝ վէրքէն,

Կերգեն, ինչպէս երգն՝ արցունքին ընդմէջէն։

 

Անոնք կþերգեն, կուզեն մոռնալ՝ հարբելով՝

Հին տառապանքն ու ցաւերը այսօրուան,

Յիշատակը խեղդել հրաշունչ գինիով,

Քնացնել հողին ջախջախ կրծքին տակ,

 

Կþուզեն՝ հակած գանկերուն մէջ անհետի

Տառապանքին պատկերն անոր մայրական,

Կուզեն անոր օգնութեան կանչը վերջի

Ալ չլսել, մոռացութեան մէջ գինով։

 

Հօտ մը ինչպէս գազանէ մը հալածուած,

Ահա անոնք տարտղնուած են ամէն տեղ,

Ու կատաղի բռնակալը արնախանձ՝

Անոնց գլխուն կը պահէ իր սուրը մերկ,

 

Խեղճ հայրենիքն արիւնի մէջ են լըքած,

Բոցերու մէջ լքած են տունն հայրենի,

Օտարութեան մէջ անոնք խորթ մնացած,

Միակ ճամբան, գինետանն է՝ կը բացուի։

 

Անոնք կերգենՎայրենի է երգն իրենց,

Ու վէրքերը անոնց սիրտը կը կրծեն,

Ու կը խեղդէ զանոնք քէնը բոցակէզ,

Ու արցունքը կþիյնայ դալուկ այտերէն

 

Ճնշուած սրտերն դառըն մառձով են լեցուն։

Ու կըրակը կþայրէ միտքը գանկին մէջ,

Ու կը փայլի շանթը արնոտ աչքերուն,

Ու կը խօսի հոգիներուն մէջ վրէժ։

 

Իսկ փոթորիկը ձմրան կը ձայնակցի

Կարծես, կոռնայ ահեղօրէն ցայգուն գիրկ

Կը տարածէ ապստամբ երգն աշխարհի

Վըրայ՝ ինչպէս ահեղ որոտ ու մրրիկ։

 

Ու երկինքը կը մըռայլի աւելի,

Ու աւելի կը խոժոռի ցուրտ գիշեր,

Կերգէ խումբը, ուժգընութեամբ աւելի

Կըլլայ ահեղ փոթորիկըն ալ ընկեր։

 

Կը խմեն ու կերգենանոնք բեկորներ

Ժողովուրդի մարի, այսօր նահատակ,

Ահաբեկ ու գերի մօր մը զաւակներ,

Զոհեր՝ անհունօրէն վըսեմ քաջութեան,

 

Հայրենիքէն հեռու, բոկոտըն ու մերկ,

Օտար երկիր՝ հաւաքուած տուն մը խարխուլ,

Կըմպենգինիով տառապանքը կը մոռնան,

Կþերգեն, ինչպէս երգն՝ արցունքին ընդմէջէն։