Անցեալ տարուան Ապրիլի քառօրեայ պատերազմի հետեւանքները վերացնելու եւ մեր հերոսական Արցախի ժողովուրդին ու երեխաներուն գործօն զօրակցութիւն ցուցաբերելու ազնիւ նախանձախնդրութեամբ՝ յունահայ քոյր եւ եղբայր Փերուզ եւ Անդրանիկ Եոլճեանները 15.000 եւրոյի նուիրատուութիւն մը կատարած էին Արցախի որբերուն ու անոնց ի նպաստ կատարուելիք աշխատանքներուն՝ առ ի մասնակցութիւն:
Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, անցեալ ամրան ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ջանքերով՝ Արցախէն Աթէնք եւ Սիրոս հիւրասիրուող երեխաներու ծրագրի իրագործման ժամանակ կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւնը ուղղուեցաւ Արցախի որբերուն կարիքներուն մասնակից դառնալու նպատակին:
Փերուզ եւ Անդրանիկ Եոլճեանները նիւթապէս օժանդակելու իրենց պատրաստակամութիւնը անցեալին ալ ցուցաբերած են, ըլլա՛յ Արցախին ի նպաստ, ըլլա՛յ յունահայ գաղութի հոգեւոր, ազգային, կրթական եւ մշակութային զանազան կառոյցներու կարիքներուն հասնելով:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին դասաւորումով՝ այս գումարը իր նպատակին հասաւ ու անմիջականօրէն կը գործածուի երկու տարբեր ուղղութիւններով: Գումարին կարեւոր մէկ մասը Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուեցաւ Քառօրեայ պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու 31 ընտանիքներու, որոնք Արցախի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներ են, իսկ մնացեալ բաժինը յատկացուեցաւ Արցախի Մարտակերտի շրջանին՝ սահմանամերձ բնակավայրի մը մէջ խաղաղ ժողովուրդին ապահովութիւնը երաշխաւորող ապաստանարանի մը կառուցման գործին:
Եոլճեաններու սրտաբուխ նախաձեռնութիւնը մեծապէս գնահատելով՝ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժնի պետին, ինչպէս եւ Մարտակերտի վարչակազմի ղեկավար Վլատիկ Խաչատրեանի կողմէ շնորհակալական նամակ-ստացագիրներ յանձնուեցան Եոլճեան նուիրատուներուն, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ձեռամբ:
Իւրաքանչիւր հայ անհատի զօրակցութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը՝ Արցախի հերոսական ժողովուրդի կողքին կանգնելու առումով, կը հանդիսանան այն կարեւոր ազդակը, որ մեր ժողովուրդի միասնականութեան եւ ուժերու մէկտեղման բերրի հողը կը ստեղծէ: Մեր բոլորի սրտերուն ու մտքերուն մէջ է արցախահայութեան տարած առօրեայ պայքարը՝ կառչած մնալու իր սեփական պատմութեան եւ իրաւունքին:
Փերուզ եւ Անդրանիկ Եոլճեաններու նուիրատուութիւնը Արցախին
Փերուզ եւ Անդրանիկ Եոլճեաններու օրինակելի եւ յիշարժան նուիրատուութիւնը Արցախին