Սէնի ափին մօտ գտնուող բազմաթիւ «անշարժ» նաւերէն մէկն է «Անաքօ» տափանաւը, որ լոյսերու քաղաքի յատկապէս հայ համայնքին յաճախակի ժամադրավայրներէն մէկն է, յատկապէս մշակութային բնագաւառէն ներս: Յատուկ կոչ-հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացուի, թէ այս տափանաւը կը գտնուի հսկայ վտանգի դէմ յանդիման։ 2009էն ի վեր, «Անաքօ» տափանաւը հիւրընկալած է հարիւրաւոր արուեստագէտներ եւ հազարաւոր այցելուներ՝ հիւրընկալելով համերգներ, երաժշտական յանպատրաստից ծրագիր/խրախճանքներ (jam), ցուցահանդէսներ եւ դասախօսութիւններ:
Վերջերս, Փարիզի քաղաքապետութիւնը որոշած էր վերատեսութեան ենթարկել շրջանի Վիլէթ աւազանի հաստատութիւնները եւ, դժբախտաբար, «Անաքօ» տափանաւուն ներկայացուցած թղթածրարը մերժուած է։ Վարչական կազմը, այս առթիւ լոյս ընծայած է ստորագրահաւաք մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, թէ՝ «Յուլիսի սկիզբը ստացանք նամակ մը, ուր մեզի կը մաղթէին «Բարի երթ Փարիզէն»։ 2018 Յունուարէն սկսեալ մեր տրամադրութեան տակ որեւէ տեղ չունենալով՝ մեր գործունէութիւնը դադրեցնելու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուինք։
Փարիզի քաղաքապետարանի այս որոշումը կը նշանակէ վախճանը ընկերակցութեան մը, որուն առաքելութիւնը եզակի է։
«Անաքօ»ն՝ «համաշխարհային մշակոյթներու տափանաւը» անխոնջ աշխատանք տարած է անհետացման սպառնալիքի ենթակայ մշակոյթներու նուիրուած ծրագիրներ կազմակերպելով եւ անոնց շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծելով։ Այսպէս, սկիզբէն ի վեր աւելի քան 75 երկիրներու մշակոյթներ ներկայացուած են այս տափանաւու ծրագիրներով, ինչ որ առիթ ընծայած է այլուր դժուար գտանելի բազմամշակութային սքանչելի փոխանցումներու, երաժշտական եւ գեղարուեստական իւրայատուկ փորձառութիւններու։
«Անաքօ»տափանաւը նաեւ ստեղծագործութեան բացառիկ վայր մըն է։ Իր jam orientaleները եւ jams bluegrassները (ամսական ձեռնարկներ) առիթներ հանդիսացան հանդիպումներու, յանկարծաբանութիւններու եւ երեւութապէս եզակի ստեղծագործութիւններու, jamը շատ ընդհանրացած ձեւ մը չըլլալով Ֆրանսայի մէջ։
Եւ, վերջապէս,«Անաքօ» տափանաւը այն վայրն է, ուր ֆրանսահայ համայնքը կրցաւ ի մի գալ, տարածել իր մշակոյթը եւ իր պատմութիւնը։
Այս ամբողջ աշխատանքը այսօր վտանգուած է։ Եւ այս կացութիւնը ա՛լ աւելի ափսոսալի է, եթէ նկատի ունենանք, որ Փարիզի քաղաքապետութիւնը «Անաքօ» տափանաւուն եւ այլ անկախ տափանաւերու փոխարէն՝ նախընտրած է այնպիսի կազմակերպութիւններու (ի շարս որոնց հանրախանութներու ցանցի հսկայի մը) թեկնածութիւնները, որոնք արդէն բազմաթիւ վայրերու տէր են Փարիզի մէջ։ Անոնց մշակութային եւ գեղարուեստական առաքելութիւնը (եթէ իսկապէս ունին) բացարձակապէս պայմանաւորուած չէ Վիլէթի աւազանին մէջ տեղ մը ձեռք ձգելու հրամայականով։Հետեւաբար, Փարիզի քաղա քապետութենէն կը պահանջենք վերատեսութեան ենթարկել իր որոշումը։ Անհրաժեշտ է, որ «Անաքօ» տափանաւը կարենայ շարունակել փոխանցման եւ ստեղծագործման իր առաքելութիւնը, ի տես այն գործօն եւ յօժար հասարակութեան, զոր ստեղծեց 2009էն ի վեր»։ «Անաքօ» տափանաւը փրկելու համար գործի լծուած են իրաւաբաններ եւ արդէն իսկ համացանցային ստորագրահաւաքի մը ազդանշանը տրուած է.- https://www.change.org/p/mairie-de-paris-sauvons-la-p%C3%A9niche-anako
Փարիզի «Անաքօ» տափանաւ
Փարիզի «Անաքօ» տափանաւի ապագան վտանգուած է