ՓԱՍՕՔ կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Նի­քոս Անտ­րու­լա­քիս իր պա­տո­ւի­րա­կու­թեամբ այ­ցե­լեց ­Սին­տաղ­մա հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղա­կա­յո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կրպա­կը։ Ան դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ու Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դամ­նե­րէն եւ ի­րա­զէկ դար­ձաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու Ար­ցա­խի վրայ սան­ձա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մին։ ­Նի­քոս Անտ­րու­լա­քիս իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց հայ ժո­ղո­վուր­դին, նշե­լով թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ գոր­ծած եր­կիր­նե­րու ան­պատ­ժե­լիու­թիւ­նը պատ­ճառ կը դառ­նայ մարդ­կու­թեան դէմ նոր ո­ճիր­նե­րու։ Ան իր ափ­սո­սան­քը յայտ­նեց, թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 109 տա­րի վերջ Ար­ցա­խի ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը ար­մա­տա­խիլ դար­ձաւ իր բնօր­րա­նէն, հոս եւս մատ­նան­շե­լով ­Թուր­քիոյ կե­ցո­ւած­քը՝ օ­րի­նակ ու­նե­նա­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը։