­Շա­բաթ, 11 ­Մարտ 2023-ի ե­րե­կո­յեան, ­Շար­ժա­պատ­կե­րի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի 25-րդ ­մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը հիւ­րըն­կա­լեց «­Նոր հայ­րե­նի­քը» փաս­տա-վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադրու­թիւ­նը, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ բեր­նէ բե­րան լե­ցուն հան­դի­սաս­րա­հին մէջ եւ ար­ժա­նա­ցաւ ջերմ գնա­հա­տան­քի։ ­Ժա­պա­ւէ­նը յու­նա­լէ­զու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի բա­ցա­ռիկ ու կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն է, որ նո­ւի­րո­ւած է ­Փոքր Ա­սիոյ Ա­ղէ­տի 100-ա­մեա­կին։ ­Վա­ւե­րագ­րա­կան այս ար­տադ­րու­թիւ­նը պատ­մա­գի­տա­կան չա­փա­նի­շե­րով ­Փոքր Ա­սիա­յէն ­Յու­նաս­տան ա­պաս­տա­նած գաղ­թա­կա­նու­թեան մա­սին նկա­րագ­րա­կան­նե­րու եւ վկա­յու­թիւն­նե­րու ար­ձա­նագ­րու­թիւն մըն է, պատ­րաս­տո­ւած՝ շար­ժան­կա­րա­յին ար­դի ար­հես­տա­գի­տա­կան ըմբռ­նում­նե­րով։ ­Ժա­պա­ւէ­նի պատ­մա­գի­տա­կան ար­ժէ­քը գնա­հա­տո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի փա­ռա­տօ­նի մաս­նա­գէտ­նե­րէն եւ ներ­կայ հան­դի­սա­տես­նե­րէն, ա­նոր մէջ տես­նե­լով յու­նա­հայ գա­ղու­թի ստեղծ­ման պատ­մա­կան ա­կունք­նե­րու ըն­դար­ձակ դաշ­տը։ ­Վա­ւե­րագ­րա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու նկա­րա­հա­նում­նե­րը ծրագ­րո­ւե­ցան եւ սկսան ի­րա­գոր­ծո­ւիլ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, սա­կայն հա­մա­վա­րա­կի տա­րա­ծու­մը լուրջ խո­չըն­դոտ ստեղ­ծեց ա­նոնց ամ­բող­ջաց­ման հա­մար։ Ն­կա­րա­հա­նում­նե­րու գլխա­ւոր շար­քը կա­տա­րուե­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի, ­Լաւ­րիո­յի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, Ք­սան­թիի, ­Գո­մո­թի­նիի, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ, ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի, Ի­րաք­լիո­յի, ­Սի­րո­սի եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ ­Մաս­նա­կի բա­ժին­նե­րով կը փոր­ձո­ւի վկա­յա­կո­չել հայ լե­զո­ւի, պատ­մու­թեան ու մշա­կոյ­թի ու­սուց­ման ջան­քե­րը դա­սա­րա­նի մը մէջ, իսկ կամր­ջու­մը 1922-ի պատ­մա­կան ող­բեր­գա­կան շրջա­նին եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ստեղծ­ման տա­րի­նե­րուն մի­ջեւ յա­ջո­ղո­ւե­ցաւ «Ան­ժէլ ­Գուր­թեա­նի տետ­րակ­նե­րը» թա­տե­րա­կանի նկա­րա­հա­նու­մով։ ­Սոյն եր­կի մե­նա­կա­տա­րու­հին, հա­յազ­գի տա­ղան­դա­ւոր դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան սի­րա­յօ­ժար ըն­դու­նեց ներ­կա­յաց­ման նկա­րա­հա­նու­մը Ա­թէն­քի «­Քա­րե­զի» ծա­նօթ թատ­րո­նի բե­մին վրայ եւ իր կա­րե­ւոր նպաս­տը բե­րաւ վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի ամ­բող­ջա­կան եւ հա­մա­պար­փակ պատ­րաս­տու­թեան մէջ։
­Փաս­տագ­րա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ վկա­յու­թիւն­նե­րու ա­ռանց­քը կը կազ­մեն հինգ գիտ­նա­կան­նե­րու հար­ցազ­րոյց­նե­րը՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­րիս­տո­տէ­լեան հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան ամ­պիո­նի դա­սա­խօս Իոան­նիս ­Խա­սիո­թի­սի, Թ­րա­կիոյ ­Տի­մոք­րի­թիօ հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան ու ազ­գագ­րու­թեան բա­ժի­նի դա­սա­խօս ­Քոնս­թան­տի­նոս ­Խա­ծո­փու­լո­սի, հնա­գէտ Է­լեւ­թե­րիոս ­Զոր­զո­սի, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-ինս­տի­տու­թի գի­տաշ­խա­տող ­Թեհ­մի­նէ ­Մար­տո­յեա­նի եւ ­Պեր­լի­նի մէջ գոր­ծող ­Յու­շա­մա­տեան կա­ռոյ­ցի տնօ­րէն, պատ­մա­բան ­Վա­հէ ­Թաշ­ճեա­նի։
Ա­նոնց կող­քին, յու­նա­հայ հա­մայն­քի յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց պե­տե­րու, ինչ­պէս նաեւ քսան այլ ան­ձե­րու հար­ցազ­րոյց­նե­րը, մէկ կող­մէն պատ­մա­գի­տա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յաց­ման, իսկ միւս կող­մէն գաղ­թա­կան­նե­րու երկ­րորդ սե­րուն­դին հա­սած վկա­յու­թիւն­նե­րու հա­րուստ շտե­մա­րան մը կը կազ­մեն, որ հան­դի­սա­տե­սին կը ներ­կա­յաց­նէ գաղ­թա­կան զան­գո­ւած­նե­րու ­Յու­նաս­տա­նի մէջ գտած ա­պաս­տանն ու նոր կեան­քի մը մեկ­նար­կը։ ­Ժա­պա­ւէ­նը հա­րուստ է ան­ցեա­լի պատ­մա­կան եւ վա­ւե­րագ­րա­կան նկա­րա­հա­նում­նե­րով, նկար­նե­րով եւ քար­տէս­նե­րով։ ­Կա­րե­լի է ը­սել, թէ փաս­տա-վա­ւե­րագ­րա­կան այս ար­տադրու­թիւ­նը կա­րո­ղա­ցած է հան­րու­թեան առ­ջեւ բա­նալ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մա­կան ան­ծա­նօթ՝ բայց միա­ժա­մա­նակ կա­րե­ւոր ծալ­քե­րը եւ ա­նոնք ար­ձա­նագ­րել ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ապ­րող հա­յե­րու հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ։
­Վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի բե­մադ­րիչն է ­Քոնս­տան­թի­նոս Եոր­ղո­փու­լոս, որ եր­կար տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգած է շար­ժա­պատ­կե­րի աշ­խար­հէն ներս, ստո­րագ­րե­լով մեծ թի­ւով ժա­պա­ւէն­նե­րու ար­տադ­րու­թիւ­նը։ Ան զա­նա­զան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով մաս­նակ­ցած է ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ու ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին ի­րա­գոր­ծո­ւած փա­ռա­տօն­նե­րուն եւ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցած է։ ­Նաեւ, յու­նա­կան մա­մու­լի ծա­նօթ «The HuffPost Greece» եւ «­Քա­թի­մե­րի­նի» թեր­թե­րու նկա­րա­հա­նում­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն է։
­Ժա­պա­ւէ­նի ե­րաժշ­տա­կան յօ­րի­նում­նե­րը կա­տա­րեց յու­նա­հայ տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշտ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան, որ իւ­րա­քան­չիւր բա­ժի­նը յար­դա­րե­լով իր իւ­րա­յա­տուկ ե­րաժշ­տու­թեամբ, սա­տա­րեց պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու հա­րա­զատ ու խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տի ստեղ­ծու­մին։
­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ներ­կա­յաց­ման բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նի տնօ­րէն Օ­րես­թիս Անտ­րէա­տա­քիս, որ յա­տուկ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց իր անձ­նա­կան հե­տաքրք­րու­թեան մա­սին նման ծրա­գիր­նե­րու հան­դէպ, ինչ­պէս նաեւ վկա­յա­կո­չեց իր հա­յազ­գի մեծ մօր յի­շո­ղու­թիւն­ներն ու վկա­յու­թիւն­նե­րը ա­ղէ­տի տա­րի­նե­րէն։ ­Խօսք ա­ռին նաեւ դե­րա­սա­նու­նի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան եւ բե­մադ­րիչ ­Քոնս­թան­տի­նոս Եոր­ղո­փու­լոս։