Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը որոշած է իր տարեկան ձեռնարկի ընթացքին հեղինակաւոր «Ազատութիւն» մրցանակը շնորհել Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի, որ անդամ է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան:
«Կարօ Փայլան իսկապէ՛ս ժամանակակից հայ հերոս մըն է, որ քաջաբար եւ անվախօրէն իրականութիւնը կը խօսի ու կը փորձէ արդարութեան հասնիլ՝ ուղղակի պայքարելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ։ Ան արժանի է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հեղինակաւոր «Ազատութիւն» մրցանակին, եւ մեզի համար պատիւ է, որ ան որոշած է նաեւ ելոյթ ունենալ Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպած խորհրդաժողովի ընթացքին»,- այս առթիւ կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Նշենք, որ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 6-7ին, Փասատինայի «Convention Center»ին մէջ, ի մի բերելով քաղաքականութեան, իրաւագիտութեան, արուեստներու եւ լրատուամիջոցներու մարզերէն մասնագէտներ, քննելու համար Հայ Դատի եւ պահանջատիրութեան առնչուող շարք մը հարցեր։
Յիշեցնենք, որ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած է 7 Յունիս 2015ին եւ հիմնադիր անդամներէն մէկն է երկրին մէջ փոքրամասնութեանց իրաւանց պաշտպան՝ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան: Մալաթիացի Փայլան նաեւ գործօն անդամ է Պոլսոյ հայ համայնքին, միաժամանակ՝ քիւրտերու, այլ փոքրամասնութեանց ու ընդհանրապէս մարդկային իրաւանց նուիրեալ պաշտպան մըն է, որ կը ջատագովէ երկրին մէջ երկլեզու ուսման կարեւորութիւնը։ Փայլան գործնական պայքար մղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու գծով Թուրքիոյ իշխանութեանց ջանքերուն դէմ՝ հարցը բարձրացնելով նոյնիսկ երկրի խորհրդարան եւ հոն ցուցադրելով Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ մտաւորականներու լուսանկարները։ Իր յանդուգն ելոյթներէն մէկուն ընթացքին, ան իշխանամէտ եւ ազգայնամոլ երեսփոխաններու ֆիզիքական յարձակումին ենթակայ դարձած էր, սակայն ան անսասան կը շարունակէ Հայ Դատին ի նպաստ պայքարը։
Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի ուղղութեամբ կատարուած վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Փայլան կ՚արժանանայ մրցանակի
Փայլան կ՚արժանանայ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի մրցանակին