«­Թէ­քէեան ­Կենտ­րոն»ին մէջ բա­ցո­ւե­ցաւ բա­ցա­ռիկ մոս­կո­ւաբնակ հայ նէյ­րո­վի­րա­բոյժ, ջրա­սու­զակ եւ լու­սան­կա­րիչ ­Սեր­գէյ ­Գաս­պա­րեա­նի հե­ղի­նա­կած «Ս­տորջ­րեայ աշ­խար­հի գաղտ­նիք­նե­րը» խո­րա­գի­րը կրող լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը՝ «­Թէ­քէեան ­Կենտ­րոն» հիմ­նադ­րա­մի եւ Photo.Podium.com ին­թեր­նե­թա­յին (հա­մա­ցան­ցա­յին) աղ­բիւ­րի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ: ­Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յա­ցո­ւած վաթ­սուն­վեց աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րենց պատ­կեր­նե­րով եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ա­նո­ւա­նում­նե­րով կը վկա­յեն հե­ղի­նա­կի բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման մա­սին:
­Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ներ­կայ էին Հ.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Ներ­սէս ­Տէր-­Վար­դա­նեան, Ե­րե­ւա­նի մէջ ­Ռու­սաս­տա­նի գի­տու­թեան եւ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի՝ մշա­կոյ­թի բաժ­նի վա­րիչ Ի­րի­նա ­Կա­սաց­կա­յան, ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, ա­րո­ւես­տա­սէր­ներ:
Ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը՝ «­Թէ­քէեան ­Կենտ­րոն» հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն Ար­մէն ­Ծու­լի­կեան մաս­նա­ւո­րա­պէս նշեց.- «­Սեր­գէյ ­Գաս­պա­րեան այն հե­ղի­նակ­նե­րից է, ում աշ­խա­տանք­նե­րը պա­տիւ կը բե­րեն աշ­խար­հի ցան­կա­ցած ցու­ցաս­րա­հի: Հ­պարտ եմ, որ այս լու­սան­կար­նե­րի հե­ղի­նա­կը մեր հայ­րե­նա­կիցն է եւ նաեւ հա­ւա­տա­ցած եմ, որ շու­տով նա ­Հա­յաս­տա­նում մաս­նա­կից կը դառ­նայ այլ հե­տաքր­քիր ծրագ­րե­րի»:
­Փոխ-նա­խա­րար ­Ներ­սէս ­Տէր-­Վար­դա­նեա­նի խօս­քով՝ նմա­նօ­րի­նակ ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պու­մը ու­շագ­րաւ է նաեւ այն ա­ռու­մով, որ Հ.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը մտա­դիր է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ զար­գաց­նե­լու ջու­րին առն­չո­ւող մշա­կոյ­թի ներ­կա­յաց­ման մե­թոդ­նե­րը եւ յա­ռա­ջի­կա­յին կը նա­խա­տե­սէ ­Սե­ւա­նայ լի­ճին մէջ ստորջ­րեայ թան­գա­րան բա­նալ, ո­րը պի­տի նպաս­տէ ներ­քին զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման:
«­Յոյ­սով եմ, որ ա­ռիթ կ’ու­նե­նանք այդ կա­պակ­ցու­թեամբ ­Սեր­գէյ ­Գաս­պա­րեա­նին ­Հա­յաս­տա­նում տես­նե­լու, եւ յա­ջորդ ցու­ցա­հան­դէս­ներն ար­դէն հարս­տա­ցած կը լի­նեն հա­յաս­տա­նեան պատ­կեր­նե­րով»: Ի­րի­նա ­Կա­սաց­կա­յան՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով հե­ղի­նա­կին եւ ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն, ցան­կու­թիւն յայտ­նեց, որ այս իւ­րօ­րի­նակ ու տպա­ւո­րիչ ցու­ցադ­րու­թիւ­նը ըլ­լայ շա­րու­նա­կա­կան եւ ներ­կա­յա­ցո­ւի այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ եւս, ո­րու հնա­րա­ւո­րինս կ­’օ­ժան­դա­կէ Ե­րե­ւա­նի մէջ ­Ռու­սաս­տա­նի գի­տու­թեան եւ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նը: ­Ցու­ցա­հան­դէ­սի հա­մադ­րող, Photo.Podium.com ին­թեր­նե­թա­յին աղ­բիւ­րի հա­յաս­տա­նեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, լու­սան­կա­րիչ Ար­մէն Են­գո­յեան, ներ­կա­յաց­նե­լով հե­ղի­նա­կին, ա­ւել­ցուց.- «­Նա սկսեց լու­սան­կա­րել իր կեան­քի դժո­ւար պա­հին եւ այ­լեւս չդա­դա­րեց. շատ է ճամ­բոր­դում, նկա­րում է ու ա­մէն նկա­րին լի­րի­կա­կան (քնա­րա­կան) մօ­տե­ցում է ցոյց տա­լիս: ­Յատ­կան­շա­կան են լու­սան­կար­նե­րի ա­նո­ւա­նում­նե­րը, ո­րոնք խօ­սում են նրա ե­րե­ւա­կա­յու­թեան, կա­տա­կա­սի­րու­թեան, աշ­խար­հի մարդ լի­նե­լու մա­սին»:
Յ.Գ.- ­Սեր­գէյ ­Գաս­պա­րեան ծնած է 1953թ. ­Մոս­կո­ւա, բժիշկ­նե­րու ըն­տա­նի­քի մէջ: Կր­թու­թեամբ եւ մաս­նա­գի­տու­թեամբ նէյ­րո­վի­րա­բոյժ է, բժշկա­կան գի­տու­թիւն­նե­րի տոք­թոր: 35 տա­րի է կ­’աշ­խա­տի ­Ռու­սաս­տա­նի ա­ռա­ջա­տար եւ հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող «ՌԲԳԱի Ն.Ն. ­Բուր­դեն­կո­յի ա­նո­ւան նէյ­րո­վի­րա­բու­ժու­թեան գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան ինս­տի­տուտ»ին մէջ՝ որ­պէս վի­րա­հա­տու­թեան պլո­քի (բաժ­նի) բաժ­նի պետ: Ամ­բողջ ա­զատ ժա­մա­նա­կը կը նո­ւի­րէ լու­սան­կար­չու­թեան. ըլ­լա­լով նաեւ փոր­ձա­ռու ջրա­սու­զակ, կը կա­րո­ղա­նայ պատ­կե­րել ծո­վե­րու եւ ով­կիա­նոս­նե­րու ստորջ­րեայ հրա­շա­լիք­նե­րը: ­Ռու­սաս­տա­նի ար­հես­տա­վարժ նկա­րիչ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան միու­թեան (լու­սան­կար­չու­թեան բա­ժին) ան­դամ է, մոս­կո­վեան ժա­մա­նա­կա­կից լու­սան­կար­չա­կան ո­լոր­տի աշ­խոյժ մաս­նա­կից: ­Մաս­նակ­ցած է շարք մը մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու Ե­րե­ւա­նի, ­Գիւմ­րիի, ­Թիֆ­լի­սի, ­Մոս­կո­ւա­յի, Ս.­Փե­թերս­պուր­կի, ­Մինս­քի մէջ. ար­ժա­նա­ցած է մրցա­նա­կա­յին տե­ղե­րու: