­Մա­յիս 5ին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Զար­գաց­ման ­Հիմ­նադ­րա­մին ա­ջակ­ցու­թեամբ, «Ե­րե­ւան Էքս­պօ» կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ո­լոր­տէն ներս սփիւռ­քա­հայ ներդ­րող­նե­րու ար­տադ­րան­քի ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քի բա­ցու­մը:
­Ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քի բաց­ման ներ­կայ ե­ղած է Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան:
­Նա­խա­րա­րը շրջած է տա­ղա­ւար­նե­րը, ծա­նօ­թա­ցած է ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ո­լոր­տին մէջ սփիւռ­քա­հայ ներդ­րող­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան, հե­տաքրք­րո­ւած է ար­տադ­րա­կան գոր­ծի ըն­թաց­քին նո­րա­րու­թիւն­նե­րով եւ խնդիր­նե­րով, դի­տած է «Աշ­խար­հի կեդ­րո­նէն տիե­զերք­նե­րէն մէ­կուն մաս­նի­կը» հայ­կա­կան ա­ռա­ջին 360 աս­տի­ճան ժա­պա­ւէ­նը, պա­տաս­խա­նած է լրագ­րող­նե­րու հար­ցում­նե­րուն:
Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան մաս­նա­ւո­րա­պէս նշած է.- «­Պատ­րաս­տո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նում» ապ­րան­քա­նի­շը կրող ար­տադ­րանք­նե­րը մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յում գնա­լով դառ­նում են ա­ւե­լի ըն­դու­նո­ւած, պա­հան­ջո­ւած եւ տա­րա­ծո­ւած: Ն­ման ցու­ցա­հան­դէս­նե­րով մենք պէտք է խրա­խու­սենք սփիւռ­քա­հայ ներդ­րող­նե­րին եւ աշ­խա­տենք օ­րի­նակ վերց­նել հայ­րե­նա­դարձ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րից, ով­քեր աշ­խա­տան­քի եւ ար­տանդ­րան­քի ո­րա­կի հան­դէպ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան իւ­րա­յա­տուկ մօ­տե­ցում ու­նեն: Այս ա­ռու­մով նրանց ար­տադ­րանք­նե­րը մրցու­նակ են եւ նո­րա­րա­րա­կան: ­Հայ­րե­նի­քում սփիւռ­քա­հայ ար­տադ­րող­նե­րի հա­մար պայ­ման­ներ են ստեղծ­ւում, նրանց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը դիւ­րաց­նե­լու նպա­տա­կով ո­րո­շա­կի քայ­լեր են ի­րա­կա­նաց­ւում: ­Վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նում, մաս­նա­ւո­րա­պէս տնտե­սա­կան ո­լոր­տում, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հար­կա­յին ար­տօ­նու­թիւն­ներ է սահ­մա­նում սփիւռ­քա­հայ ներդ­րող­նե­րի եւ ար­տադ­րող­նե­րի հա­մար: ­Մեր ու­շադ­րու­թեան կենտ­րո­նում շա­րու­նա­կում են մնալ փոքր եւ մի­ջին ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց­մով յատ­կա­պէս զբաղ­ւում են ­Հա­յաս­տա­նում հաս­տա­տո­ւած սի­րիա­հա­յե­րը»: ­Նա­խա­րա­րը նշեց, որ ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քին ներ­կայ սփիւռ­քա­հայ ներդ­րող­նե­րը եւ ար­տադ­րող­նե­րը հայ­րե­նիք վե­րա­դար­ձած են տար­բեր եր­կիր­նե­րէ` Ա.Մ.Ն., ­Ռու­սաս­տան, ­Սու­րիա, ­Լի­բա­նան եւ այլն: