Երեքշաբթի՝ 10 Հոկտեմբեր 2017ին, Պէյրութի «Ֆոր Սիզընս» պանդոկի մուտքին առջեւ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանաի Երիտասարդական Միութեան (Լ.Ե.Մ.) կազմակերպած խաղաղ ցոյցը, որու ընթացքին բաժնուեցան թռուցիկներ եւ արձակուեցան թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը դատապարտող կարգախօսքեր:
Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.ի ցոյցը ուղղուած էր ընդդէմ թրքական նորաձեւութեան ցուցահանդէսի մը: Նորաձեւութեան ցուցահանդէսի այս ձեռնարկին կը մասնակցէին 3 թուրք ձեւագէտներ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան, «Թըրքիշ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան եւ «թրքական մշակութային կեդրոն»ին կողմէ:
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան ցոյց
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան ցոյց`«Ֆոր Սիզընս» պանդոկին առջեւ